ՀՐԱՇՔՆԵՐ ՉԵՆ ՊԱԿՍԻՐ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդկային կեանքին մէջ միշտ անակնկալներ կրնան պատահիլ։ Այս անակնկալներուն տրուած իմաստին եւ անոնց պատճառներուն տրուած արժէքին համեմատ կարելի է ստուգել «հաւատք»ը՝ թէ ան իրական հաւատք է կամ ո՛չ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդկային կեանքին մէջ միշտ անակնկալներ կրնան պատահիլ։ Այս անակնկալներուն տրուած իմաստին եւ անոնց պատճառներուն տրուած արժէքին համեմատ կարելի է ստուգել «հաւատք»ը՝ թէ ան իրական հաւատք է կամ ո՛չ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Որեւէ մարզի մէջ կարգապահութիւնը (discipline) անհրաժե՛շտ է։ Կարգապահութիւնը, արդարեւ յաջողութեան հոգին է։ Կեանքի մէջ նպատակի մը հասնելու համար որքան պէտք է աշխատութիւն, գիտութիւն եւ փորձառութիւն, նո՛յնքան անհրաժեշտ է կարգապահութիւնը, քանի որ եթէ կարգապահութիւնը պակսի աշխատանքի մը մէջ, այդ աշխատութիւնը որեւէ արժէք չ՚ունենար, ապարդիւն կ՚ըլլայ ամէն ջանք։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Բաղձանքս
«Երազներս խունկ ու ծաղիկ
«Ինկան մութի քօղին մէջ.
«Մահը իջաւ հոգւոյս բաղձիկ
«Խըլել սէրն իմ լուսառէջ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Արարածներուն բազմազան կատարելութիւնները, ինչպէս՝ ճշմարտութիւնը, բարութիւնը, գեղեցկութիւնը, կը ցոլացնեն Արարիչին՝ Աստուծոյ անհուն կատարելութիւնը։ Այս իմաստով կատարելութիւնը արժէքներու բացարձակ, ամբողջական վիճակն է. գագաթնակէտը, վերջնագոյն կէտն է։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երբ «բարեկամ» բառը տառացիօրէն մեկնել փորձենք, չենք կրնար հասնիլ «բարեկամութեան» իսկական եւ բարձրագոյն իմաստին։ Արդարեւ, «բարեկամ», տառացիօրէն կը նշանակէ «մէկը որ բարի կը կամենայ, կամ բարիք ընել կ՚ուզէ, բարիք կ՚ընէ»։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Երկիւղ»ը կը լրացնէ եւ իր կատարելութեան կը հասցնէ առաքինութիւնները։ Ան, մարդը կը դարձնէ հլու՝ հնազանդելու համար փութկոտութեամբ ճշմարտութեան, այսինքն աստուածային ներշնչումներուն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կան ոմանք որ կ՚ըսեն.- Ես միայն տեսածիս կը հաւատամ։ Բայց միայն տեսնելով հասկնալ եւ հաւատալ կարելի՞ է սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Որեւէ իրականութիւն կամ գաղափար՝ որուն շրջագիծը կրնայ անհասկնալի կամ անմեկնելի ըլլալ մարդկային միտքին՝ պէ՛տք է որ մարմնանայ «խորհրդանիշ»ի մը մէջ։ Արդարեւ, կեանքը իր բոլոր երեւոյթներուն մէջ, առանց խորհրդանշաններու արտայայտութեան, աւելի բարդ եւ խրդին առեղծուած մը պիտի ըլլար, եթէ մարդոց սահմանաւոր հասկացողութիւնը խորհրդանշաններու պէտքը չունենար։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
ՈՊՆԻԱԶ. (ԵԶԵԿ. ԻԷ 15)։ Այս փայտը մեծապէս յարգի է իր գոյնին եւ կարծրութեան համար։ Արեւելքի եւ մանաւանդ Սէյլան կղզիին մէջ մեծ առատութեամբ բուսնող տեսակ մը արմաւենիի միջին կարծր մասն է այս։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
ՀԻՆԱ. (ԵՐԳ. Ա 14, Դ 13)։ Հոտաւէտ եւ ծիրանածաղկի (=լէյլակ) նման ծաղկալից փոքրահասակ թուփ մըն է։ (Հինա=գընայ). տերեւները արեւելքի եւ Եգիպտոսի մէջ փոշիի վերածուելով կը գործածուին իբրեւ ներկ եղունգի եւ յօնքի։