ԵՍԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՍԷՐ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ընկերային արդարութիւնը կարելի չէ ձեռք ձգել եթէ ոչ՝ մարդուն գերակայ արժանապատուութեան յարգանքով։ Մարդկային անձը, որպէս անհատ, կը ներկայացնէ վերջնագոյն նպատակը ընկերութեան, որ անոր համեմատ կարգաւորուած է։