ՄԱՐԴՈՒՍ ԶՕՐՈՒԹԻՒՆԸ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աստուած Իր զօրութիւնը տուած է մարդուն գործածելու համար զայն Ի՛ր կամքին համաձայն։ Բայց Աստուծոյ այդ պահանջքը բռնադատեալ պահանջք մը չէ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աստուած Իր զօրութիւնը տուած է մարդուն գործածելու համար զայն Ի՛ր կամքին համաձայն։ Բայց Աստուծոյ այդ պահանջքը բռնադատեալ պահանջք մը չէ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Եղանակներու նկարագիրը փոխուեր է կարծես. կը նայիս, օդը ամպամած է, կ՚ըսես թէ քիչ յետոյ հաւանաբար անձրեւ պիտի տեղայ։ Բայց կը շուարիս, երբ կը տեսնես, որ արեւ արեգակ օդ մը կը պարզուի քիչ յետոյ փոխանակ անձրեւ տեղալու։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Բանն մարմին եղաւ» (ՅՈՎՀ. Ա 14) աւետարանական ճշմարտութեան համաձայն՝ Աստուծոյ Որդին մարդկային բնութիւն առաւ, որպէսզի անով կատարէ մարդուն փրկութիւնը։ Քրիստոս ունայնացուց Ինքզինք ծառայի կերպարանք առնելով եւ մարդոց նման ըլլալով։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Անշուշտ հաճելի չէ խօսիլ մահուան վրայ, քանի որ ան ի վերջոյ կորուստ կը նշանակէ, եւ ոչ ոք կ՚ախորժի անոր ենթարկուելէ։ Բայց որքան տհաճ նո՛յնքան անխուսափելի իրականութիւն մըն է մահը, քանի որ կեանքի ամենէն յայտնի ճշմարտութիւնն է, այնքան ճշմարիտ, որ երբ ծնի որեւէ էակ, արդէն իր ծնունդով դատապարտուած կ՚ըլլայ մահուա՛ն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդիկ, շատ անգամ կը գործածեն բառեր՝ որոնք բոլորովին հականիշ են իրարու, բայց առանց անդրադառնալու որ անոնք հակառակ իմաստներ ունին, կ՚օգտագործեն զանոնք որպէս՝ մերձիմաստ կամ հոմանիշ ըլլային։ Այս տեսակ գործածութեան որպէս օրինակ կարելի է տալ՝ «ճշմարիտ» եւ «իրական» բառերը՝ «ճշմարտութիւն»ը (=verité) եւ «իրականութիւն»ը (=realité), որոնք տարբեր իմաստներ ունին ըստ էութեան։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հռոմայեցիներու նամակին Դ գլխուն մէջ Առաքեալը կը հաստատէ «հաւատքով արդարանալ»ու վարդապետութիւնը վկայութիւն բերելով Աստուծոյ վարմունքին Աբրահամի հետ, քանի որ Աբրահամ «արդա՛ր» համարուեցաւ իր հաւատքին եւ ո՛չ թէ իր գործերուն համար։
Գործի փոխարէն բան մը տալ պարտք վճարել է եւ ո՛չ թէ շնորհ ընել։ Առաքեալը մէջ կը բերէ նաեւ Դաւթի խօսքը՝ թէ. Երանի՜ այն մարդուն, զոր Տէրը կ՚արդարացնէ անոր մեղքերուն ձրի թողութիւն տալով։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դէմքեր կան, որոնք իրենց ուշագրաւ եւ առինքնող դիմագծով եւ տպաւորիչ արտայայտութեամբ կը քանդակուին մարդուս յիշողութեան վրայ եւ հոն կը մնան տարիներով։ Տիպարներ ալ կան՝ որոնք նկարագրի ցայտուն գրաւիչ գիծերով եւ կամ իրենց առանձնայատուկ դրոշմներով կը զանազանուին մարդոց բազմութենէն, եւ անոնց հետ պատահական հանդիպում մը կամ կարճատեւ ծանօթութիւն մը մարդուս յիշողութեանը անկորնչելի մէկ դրամագլուխը կը դառնայ, եւ որուն կ՚ուզէ մարդ անդրադառնալ ատեն ատեն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Կատարեալ մարդ» հասցնելու համար պէտք է զայն դաստիարակել եւ կրթել։ Արդարեւ «դաստիարակել» կը նշանակէ՝ ուսում տալ, կեանքը դիւրատար դարձնելու համար անհրաժեշտ տեղեկութիւններ տալ, կեանքը արդիւնաւոր դարձնելու ճամբաները ցոյց տալ, կեանքի վարժեցնել։ Իսկ «կրթութիւն» կը նշանակէ՝ կեանքը լաւ գործածելու, ուրիշներու հետ լաւ յարաբերութիւններ մշակելու արուեստը սորվեցնել, որ է՝ բարեկրթութիւն, քաղաքավարութիւն եւ կենցաղագիտութիւն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կեանքի մէջ միշտ «հարց» մը, աւելի ճիշդ է ըսել, «փափաք» մը կայ մեծ կամ առաջնակարգ ըլլալու։
Անշուշտ բնական է, որ մարդ միշտ աւելի լաւը, աւելի ընտիրը ըլլալ փափաքի, եւ այս ուղղութեամբ աշխատի։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Վ. Հիւկօ կ՚ըսէ, թէ՝ անմահութիւնը աւելի լա՛ւ կը տեսնէ եւ կը հասկնայ, երբ կը շրջի գերեզմանատան մէջ՝ առանձին։ Արդարեւ, ինքնին խորհո՛ւրդ մըն է գերեզմանատունը, վայր մը՝ ուր մարդ շատ յստակ կերպով կը խորհի կեանքի մասին, անոր նպատակին եւ իմաստին, որ շատ անգամ կ՚անտեսուին ամէնօրեայ կեանքի զբաղումներուն, աշխարհային հոգերուն եւ «վաղուան մտահոգութիւն»ներուն պատճառով։