ԱՆԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Լաւագոյն» բառը իմաստառատ բառ մըն է, իմաստալից, որ իր մէջ կը բովանդակէ օգտակարը, յարմարագոյնը, բարին եւ շատ մը առաքինութիւններ, որոնց կը կարօտի մարդ՝ իր կատարելութեան ճամբուն վրայ։
Կայ նաեւ «զօրաւորագոյն»ը, եւ զօրաւորագոյնը միշտ «լաւագոյն»ը չէ, ընդհակառակը, յաճախ «յոռեգո՛յն»ը։