Հոգե-մտաւոր

ՕՁՆԵՑԻՆ՝ ՄԵԾ ՊԱՀՔԻ ՄԱՍԻՆ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Մեծ պահ­քի Շա­բաթ եւ Կի­րա­կի օ­րե­րը տրտմու­թեան եւ ա­պաշ­խա­րու­թեան օ­րեր պէտք չէ՛ նկա­տուին», կ՚ը­սէ Օձ­նե­ցին, եւ կը հրա­մա­յէ. «Պա­տա­րագ մա­տու­ցա­նել» (Կա­նոն Զ.), նոյն այդ օ­րե­րու նշա­նա­կու­թիւ­նը պար­զե­լով մե­զի խորհր­դա­կան կամ վե­րա­ծա­կան մեկ­նու­թիւն­նե­րով։

ԴԱՏԱՒՈՐԻ ԿԻՐԱԿԻՆ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մեծ պահ­քի շրջա­նի հին­գե­րորդ Կի­րա­կին կը կո­չուի «Դա­տա­ւո­րի Կի­րա­կին»՝ ուր կը պատ­մուի այ­րի կնոջ մը համ­բե­րու­թեան եւ յա­րա­տե­ւու­թեան շնոր­հիւ ձեռք բե­րած բա­րո­յա­կան յա­ջո­ղու­թեան մա­սին։ Այս պատ­մու­թիւ­նը, ընդ­հան­րա­պէս կը պատ­շա­ճի ա­ղօթ­քի մէջ յա­րա­տե­ւու­թեան, ան­ձանձ­րոյթ եւ անվ­հատ ըլ­լա­լու եւ ա­ռանց յու­սալ­քուե­լու շա­րու­նա­կե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թեան։

ՕՐՄԱՆԵԱՆ ՍՐԲԱԶԱՆ ԵՒ ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԸ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մա­ղա­քիա Ար­քե­պիս­կո­պոս Օր­մա­նեան, 16 Յու­լիս 1913 թուա­կա­նի՝ «Քա­հա­նա­յից լսա­րան»ի իր դա­սա­խօ­սու­թեան ըն­թաց­քին, «Հայ Ե­կե­ղե­ցին ինք իր մէջ. Բա­րե­կար­գու­թիւ­նը ի՞նչ ուղ­ղու­թեամբ պէտք է ըլ­լայ» նիւ­թով, ի մէջ այ­լոց կ՚ը­սէ, թէ՝ ծէ­սե­րու եր­կա­րու­թեան եւ կա­նոն­նե­րու խստու­թեան առ­թիւ, պէտք է ըն­դու­նիլ որ Հայ Ե­կե­ղե­ցին քա­ղա­քա­կան պատ­ճա­ռով հար­կադ­րուեր է եր­բեմն տե­ղի տալ շատ մը պատ­շա­ճու­թիւն­նե­րու։

ՄԱՐԴՈՒՆ ՍԿԶԲՆԱԿԱՆ ԿՈՉՈՒՄԸ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մար­դուն սկզբնա­կան կո­չումն է՝ գոր­ծա­կից ըլ­լալ Աս­տու­ծոյ՝ երկ­րի վրայ հաս­տա­տե­լու հա­մար եր­կին­քի թա­գա­ւո­րու­թիւ­նը, ինչ­պէս կ՚ը­սէ Պօ­ղոս Ա­ռա­քեալ. «Քա­նի որ մենք պար­զա­պէս Աս­տու­ծոյ գոր­ծա­կից­ներն ենք. դուք Աս­տու­ծո՛յ ան­դաս­տանն էք եւ Աս­տու­ծոյ շի­նու­թիւ­նը, եւ ո՛չ թէ մե­րը» (Ա ԿՈՐՆԹ. Գ 9)։ Ուս­տի, մարդ, իր Ա­րա­րի­չին ան­հուն սի­րոյն եւ շնոր­հած բա­րիք­նե­րուն փո­խա­րէն պար­տա­ւոր է բո­լոր սրտով զԱյն սի­րել, պաշ­տել, փա­ռա­բա­նել, կամ­քը կա­տա­րել եւ գո­հու­թիւն տալ, գո­յու­թեա­նը պատ­ճառ՝ Աս­տու­ծոյ գո­հու­թիւն յայտ­նել։ Ա­ռա­ջին օ­րէն երբ Աս­տուած ս­­տեղ­ծեց մար­դը, սկսաւ խօ­սիլ ա­նոր հետ եւ յա­րա­բե­րուիլ։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԵՒ ՄԱՐԴՈՒՆ ԿԱՄՔԸ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Կամք»՝ իր լայն ա­ռու­մով կը նշա­նա­կէ կա­մե­ցո­ղու­թիւն, բաղ­ձանք, նաեւ՝ հո­գե­կան եւ ի­մա­ցա­կան զօ­րու­թիւն՝ ո­րոշ ուղ­ղու­թեամբ մը գոր­ծե­լու։ Կամ­քը կ՚են­թադ­րէ տրա­մադ­րու­թիւն, դի­տա­ւո­րու­թիւն եւ մտադ­րու­թիւն եւ այս ի­մաս­տով «կամք»ը հո­գե­կան եւ ի­մա­ցա­կան ո՛ւժ մըն է։

ԽՈԿՈՒՄԻ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Խո­կում», այ­սինքն «méditation» կը նշա­նա­կէ՝ մտա­ծու­թիւն, մտա­խո­հու­թիւն, նաեւ՝ ո­րոճք։ Այս ի­մաս­տով՝ ե­թէ ըն­թեր­ցա­նու­թիւ­նը մտքին սնունդն է, անհ­րա­ժեշտ՝ ա­նոր գո­յա­պահ­պան­ման ու գո­յա­տեւ­ման, խո­կումն ալ այդ սնուն­դին մար­սե­լու՝ սնուն­դը իւ­րաց­նե­լու եւ կար­դա­ցա­ծը ըմբռ­նե­լու մի­ջո՛­ցը։ Եւ ինչ­պէս որ սնուն­դը ա­ռանց մար­սե­լու ո­րե­ւէ օգ­տա­կա­րու­թիւն չ՚ա­պա­հո­վեր մարմ­նին, այն­պէս ալ ա­ռանց խո­կու­մի՝ ըն­թեր­ցա­նու­թիւ­նը ո­րե­ւէ օ­գուտ չ՚ըն­ծա­յեր մտքին։

ԻՆՉՔԸ ՄԵՐԺԵԼՈՒ ՎԵՀՈՒԹԻՒՆԸ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդ ա­րա­րա­ծը մարմ­նա­ւոր էակ մըն է եւ իր մարմ­նա­կան-նիւ­թա­կան էու­թիւ­նը գո­յա­պահ­պա­նե­լու եւ կա­րե­նալ գո­յա­տե­ւու­թիւ­նը ա­պա­հո­վե­լու հա­մար բնա­կան է, որ նիւ­թա­կան օգ­նու­թեան պա­հանջ­քը զգայ։ Նիւ­թա­կա­նը՝ նիւ­թե­ղէն, թանձ­րա­ցեալ օ­ժան­դակ­նե­րու մի­ջո­ցով է, որ կրնայ տե­ւա­կանց­նել իր մարմ­նա­կան բնու­թիւ­նը։

ՏՆՏԵՍԻ ԿԻՐԱԿԻՆ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մեծ պահ­քի կի­րա­կի­նե­րուն չոր­րոր­դը կը կո­չուի «Տնտե­սի Կի­րա­կի», իր պատ­մու­թեան ընդ­հա­նուր բո­վան­դա­կու­թեան պատ­ճա­ռով։ Այս պատ­մու­թեան մէջ կը պատ­մուի՝ մար­դու մը խո­րա­գի­տու­թիւ­նը կամ հնա­րամ­տու­թիւ­նը։

ՔՆՆԱԴԱՏՈՒԹԻՒՆ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Վիք­թոր Հիւ­կօ կ՚ը­սէ, թէ՝ «մա­մու­լը ըն­կե­րա­յին աշ­խար­հի լոյսն է, եւ ուր որ լոյս կայ, հոն կայ նաեւ Նա­խախ­նա­մու­թեան մա­տը»։ Ու­րեմն մա­մո՛ւլն ալ ու­նի իր ձայ­նը լսե­լի ը­նե­լու, հա­սա­րա­կաց կար­ծի­քին ար­ձա­գան­գը ըլ­լա­լու, հան­րու­թեան յար­գը եւ հա­մա­րու­մը գրա­ւե­լու եւ ա­նոր պա­հան­ջած օ­գուտ­նե­րը մա­տա­կա­րա­րե­լու թէու­թիւն­նե­րը։

ՍՈՒՏԸ ԵՒ ՍՏԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Սուտ»ը ճշմար­տու­թեան փո­խուած, այ­լա­սե­րած ձեւն է, իսկ «ստա­խօս»ը՝ ճշմա­րի­տը ծած­կող, խա­փա­նող, ճշմար­տու­թեան յայտ­նու­թեա­նը ար­գելք հան­դի­սա­ցող, խա­բէա­կան հնարք­նե­րով զայն տար­բեր կեր­պով ցոյց տա­լու աշ­խա­տող անձն է։

Էջեր