ԵՐԿՐԱՒՈՐ ԿԵԱՆՔԸ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երկրաւոր կեանքը մեզի շնորհուած «ժամանակամիջոց» մըն է միայն. այնպէս պէտք է օգտագործել զայն, որ Աստուծոյ ներկայանալ կարելի ըլլայ արժանիքներով, որոնց համար մարդ, անանց, անժամանակ յաւիտենական երջանկութեամբ պիտի վարձատրուի։ «Խաւար»ի տիրապետութենէն ետք, երբ լոյսի իշխանութիւնը երեւի եւ այդ լոյսի իշխանութեան հասնինք, անդին՝ Աստուած, մեր գերագոյն Բարիքը, պիտի ճանչնանք եւ պիտի տեսնենք ինչպէս որ է Ան։