«ԿԻՆ-ՄԱՐԴ» ԵՒ «ԱՅՐ-ՄԱՐԴ»
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Գարեգին Եպիսկոպոս Խաչատուրեան, ապա Գարեգին Ա. Տրապիզոնցի Խաչատուրեան (1951-1961), «Շողակաթումներ-1925» գիրքին մէջ հրատարակուած «Կինը եւ մայրը» քարոզ-յօդուածին մէջ կ՚ըսէ. «Փոքրիկ շեղում մը։ Ի՞նչ է կին-մարդը համեմատութեամբ այր-մարդուն», եւ կը շարունակէ. «թերեւս չիկայ աւելի ճշգրիտ ու խորհրդապաշտիկ ըմբռնում մը քան այն՝ զոր Աստուածաշունչը կը պատկերացնէ ստեղծագործութեան պատմութեան առաջին էջին մէջ իսկ։