ԱՅԼԱԲԱՆԱԿԱՆ ԻՄԱՍՏ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սուրբ Գիրքը խնամով եւ զգուշութեամբ կարդալու եւ հասկնալու կարեւորութիւնը աւելի յայտնի կը տեսնուի, եթէ դիտենք կրօնական եւ հոգեւոր ճշմարտութիւններու վերաբերեալ վերացեալ գաղափարները մարդոց եւ մարդկային լեզուով հաղորդելու դժուարութիւնը։
Հոգեւոր բաներու վրայ խօսելու ժամանակ մարդիկ ընդհանրապէս կը գործածեն «վերաբանութիւն» կամ «նմանութիւն»։