ԱՐԴԱՐ ՆԱԵՒ ԳԹԱՍԻՐՏ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ֆրանսացիներ գթասիրտ արդար անձը կը պատկերացնեն սա խօսքով. «Թաւիշ ձեռնոցի մէջ երկաթեայ ձեռք»։ Արդարեւ, մարդ արարածին համար, ընդհանրապէս դժուար կը թուի հաշտեցնել գութը եւ արդարութիւնը՝ կարծելով, որ իրար կը հակասեն այս արժէքները։