ԳԵՐԶԳԱՅՈՒՆ ԽԱՌՆՈՒԱԾՔԸ ԵՒ ՀԱՆԴՈՒՐԺՈՂՈՒԹԵԱՆ ՈԳԻՆ - Գ -
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մեր նախորդ երկու գրութիւններով ջանացինք ներկայացնել «գերզգայուն» կամ «գերյուզական խառնուածք» ունեցողներու ընդհանուր տեսարանը՝ օգտուելով ջղային եւ մտային հիւանդութիւններու մասնագէտ Տքթ. Գ. Ամատեանի ուսումնասիրութենէն։ Նաեւ տեսանք, թէ դիւրազգաց ու դիւրագրգիռ անձեր «վնասակար տարրեր» են ընկերային կեանքի մէջ, եւ թէ անոնք իրենց դիւրաբորբոք ու պատուախնդիր բնաւորութեամբ ո՜րքան կը դժուարացնեն թէ՛ անհատական, թէ՛ հասարակական կեանքը։ Եւ դարձեալ ըսինք, որ այս մասին նախանձախնդրութիւնը բնական է եւ հասկնալի, պայմանով որ ան մնայ իր չափին ու սահմանին մէջ։