ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԻՆ ԲՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒՄԸ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երբ կը տօնենք Յիսուս Քրիստոսի Պայծառակերպութեան հրաշալի դէպքը՝ Եկեղեցին, մանաւանդ կը շեշտէ Անոր ճառագող աստուածային փառքը ու փայլը։ Ինչպէս կը վկայէ Աւետարանը, Պայծառակերպութեան ընթացքին Յիսուսի ամբողջովին լոյսով ողողուիլը եւ Անկէ լոյսի ճառագումը կը հաստատէ Անոր աստուածային բնութիւնը։