Հոգե-մտաւոր

ՍՈՒՐԲ ԾՆՈՒՆԴԻ ՏՕՆԸ ԱՌԻԹ՝ ԳԻՏԱԿՑԵԼՈՒ ՄԵՐ ԱՍՏՈՒԱԾԱՍՏԵՂԾ ԷՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԳՈՅՈՒԹԵԱՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Տարի մը եւս անցաւ եւ դարձեալ կը գտնուինք Յիսուս Մանուկի Ծնունդը նշելու նախօրեային: Անցնող տարուան ընթացքին շա՜տ իրադարձութիւններ կատարուեցան, բազմաթիւ դէպքեր պատահեցան, բազմաթիւ փոփոխութիւններ կատարուեցան թէ՛ անհատական եւ թէ՛ ալ հաւաքական գետիններու վրայ, սակայն կարծէք մէկ բան չփոխուեցաւ՝ մեր ուտել խմելուն հետ ունեցածսէրը:

ԲՈԶԱՆՈՑԻ ՍՈՒՐԲԵՐԸ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Բոլորս ալ գէթ մէկ անգամ, կամայ թէ ակամայ, տեսած ենք այն անկեալները, որոնք փողոցի մը մութ անկիւնը կեցած, իրենց յատուկ ճօճանքով ու լպիրշ ընթացքով, սիրոյ շինծու խօսք մը իրենց շրթունքներուն վրայ իրենց հաւանական յաճախորդները կը փնտռեն:

ՆՈՐ ԷՋ, ՆՈՐ ՍԿԻԶԲ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ժամանակի ընթացքին հասանք այն եզրակացութեան, թէ այնպէս ինչպէս սէրերը հեքիաթներուն համար ստեղծուած են, նոյնպէս ալ Նոր տարին ստեղծուած է միայն մանուկներուն համար եւ կամաց-կամաց մեծահասակներուս համար իր գոյնը սկսած կորսնցնել:

ԲԱՑՈՒՈՂ ՆՈՐ ԷՋԸ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Իւրաքանչիւրս ալ ճամբեցինք հին տարին՝ որ մեզմէ իւրաքանչիւրին համար ունէր եւ ունի տարբեր իմաստ ու նշանակութիւն՝ ըլլայ այն լաւ թէ վատ։ Իր ուրախ թէ տխուր պահերով 2022 թուականը գնաց արձանագրուելու իւրաքանչիւրիս կեանքի պատմութեան գիրքին մէջ, ուրկէ ո՛չ մէկ պահ կարելի է ջնջել կամ փոխել։

ՆՈՐ՝ ՈՐ ՀԻՆԷՆ ՉԻ ՏԱՐԲԵՐԻՐ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ժամանակը մեզ հասցուց այն եզրակացութեան, թէ այնպէս ինչպէս սէրերը հէքիաթներուն համար ստեղծուած են, նոյնպէս ալ Նոր տարին ստեղծուած է միայն մանուկներուն համար եւ կամաց-կամաց մեծահասակներուս համար իր գոյնը սկսած կորսնցնել:

Էջեր