Լրահոս

«ՔԱՐՏԷՇ ԹԻՒՐՔԻՒԼԵՐ» ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԽՈՒՄԲԸ ԿԸ ՆՇԷ ԻՐ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 30-ԱՄԵԱԿԸ

Թուրքիոյ երաժշտական աշխարհէն ներս վերջին տասնամեակներուն ուրոյն տեղ մը կը զբաղեցնէ «Քարտէշ թիւրքիւլեր» խումբը, որ այնքան մեծ համակրանքի արժանացած է։

ՑԱՒԱԼԻ ԱՐԿԱԾ՝ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ-ՎՐԱՍՏԱՆ ՍԱՀՄԱՆԻՆ ՎՐԱՅ ԱՆԿՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ԹՐՔԱԿԱՆ ԲԵՌՆԱՏԱՐ ՌԱԶՄԱՕԴԱՆԱՒ ՄԸ

Թուրքիա երէկ ցնցուեցաւ ցաւալի արկածի մը լուրով։ Այսպէս, Ատրպէյճանէն դէպի Թուրքիա ճանապարհ դուրս եկած զինուորական բեռնատար օդանաւ մը անկում ունեցաւ՝ քսան հոգիէ բաղկացեալ անձնակազմով։ «C130» տիպի օդանաւը Վրաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ անկում ունեցաւ

ՀԱՔԱՆ ՖԻՏԱՆ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ԱՀՄԷՏ ՇԱՐԱՅԻ ՀԵՏ

Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Ուաշինկթըն, Սպիտակ տան մէջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութեան յառաջատար դէմքերուն հետ տեսակցելէ վերջ, վերադառնալէ առաջ հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Սուրիոյ նախագահ Ահմէն Շարայի հետ։

ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՄԷԿՏԵՂՈՒԵՑԱՒ ԵՒՐՈՊԱՑԻ ԴԻՒԱՆԱԳԷՏՆԵՐՈՒ ՀԵՏ

Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հիւրընկալեց Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած դեսպանները։ Հաւաքին ներկայ էր նաեւ Եւրոմիութեան Հայաստանի առաքելութեան ղեկավար Վասիլիս Մարակոս։

ՀԱՔԱՆ ՖԻՏԱՆ ՍՊԻՏԱԿ ՏԱՆ ՄԷՋ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ՄԱՐՔՕ ՌՈՒՊԻՈՅԻ ՀԵՏ

Երէկ, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան այցելեց Ուաշինկթըն, ուր Սպիտակ տան երդիքին տակ կարեւոր հանդիպումներ ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութենէն յառաջատար դէմքերու հետ։

ՏԱՆԸԼՏ ԹՐԱՄՓ ՍՊԻՏԱԿ ՏԱՆ ՄԷՋ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՀՄԷՏ ՇԱՐԱՆ

Երէկ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Սպիտակ տան մէջ հիւրընկալեց Սուրիոյ նախագահ Ահմէտ Շարան, որու կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը շփումներ ունեցաւ Ուաշինկթընի մէջ։

ՄԵԾՆ ԱԹԱԹԻՒՐՔԻ ՄԱՀՈՒԱՆ 87-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԸ

Այսօր բովանդակ Թուրքիան հերթական անգամ կ՚ոգեկոչէ Հանրապետութեան մեծանուն հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքը։ Իր մահուան 87-րդ տարելիցին առթիւ ամբողջ երկիրը կը խոնարհի անոր անանց յիշատակին առջեւ ու կը վերանորոգէ անսահման երախտագիտական զգացումները։ 

ԷՐՏՈՂԱՆ. «ԹՈՒՐՔԻԱ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԵՏ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԿԱՐԳԱՒՈՐՄԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԸ Կ՚ԻՐԱԿԱՆԱՑՆԷ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՀԵՏ ՀԱՄԱԺԱՄԱՆԱԿԵԱՅ ԵՂԱՆԱԿՈՎ»

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Թուրքիա կ՚ողջունէ Հայաստան-Ատրպէյճան հաշտութեան գործընթացի ծիրէն ներս առնուած քայլերը։

ԿԻՒՄՐԻԻ ՄԷՋ ԿԱՐԵՒՈՐ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆ

Զուիցերահայկական հիւրընկալման ակադեմիան (SAAH) վերջերս Հայաստանի երկրորդ մեծ քաղաքին՝ Կիւմրիի մէջ կարեւոր ծրագիր մը կեանքի կոչեց։ SAAH-ի գլուխը կը գտնուի սփիւռքահայ յայտնի բարերար ու գործարար Վահէ Կապրաշ, որ, միեւնոյն ժամանակ, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան անդամներէն է։

Էջեր