Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ս. Յովհաննէս Ա. Մանդակունի Կաթողիկոսի (478-490) յաջորդեց անոր աշակերտ Բաբգէնը՝ որու հայրապետութեան ժամանակ Կաւատ Ա. արքան կրկին հալածանք հանեց քրիստոնէութեան դէմ եւ Վահան ստիպուեցաւ ընդդիմութիւն ցոյց տալ։ Հալածանքը դադրեցաւ 499 թուականին եւ այս միջոցին Վահանն ալ վախճանեցաւ։
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Հիմնականապէս ու մշտաբար ազգերու-ժողովուրդներու կազմութիւնները սերտ կապակցուած են կամ նոյնիսկ պայմանականացած՝ նոյն ազգերու-ժողովուրդներու ղեկավարութիւններէն: Դժուար է ըսել ընկերաբանութեամբ ու քաղաքագիտութեամբ, թէ ի՞նչ բան աւելի որոշիչ է պետութեան մը կազմութեան կամ զարգացման համար եւ ո՞վ կը յառաջացնէ միւսը.
Վատիկանի մէջ, նախընթաց օր տեղի ունեցաւ Կաթոլիկ եւ Արեւելան Ուղղափառ եկեղեցիներու աստուածաբանական երկխօսութեան միացեալ միջազգային յանձնաժողովի գործադիր յանձնախումբի նիստը: Քրիստոնէից միութեան քահանայապետական խորհուրդի գրասենեակէն ներս տեղի ունեցաւ հաւաքը:
Երէկ, Համբարձման տօնին առթիւ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայորդեաց տուներու սաները: Ինչպէս ծանօթ է, Հայորդեաց տուները կը գործեն՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան եւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) հովանաւորութեան ներքեւ:
Երէկ, Եւրոմիութեան Թուրքիոյ առաքելութեան նախաձեռնութեամբ քաղաքիս մէջ սարքուեցաւ պաշտօնական ընդունելութիւն մը, որ տեղի ունեցաւ Օրթագիւղի «Ֆերիէ» ճաշարանի համալիրէն ներս:
Երէկ, Էսաեան վարժարանէն ներս տեղի ունեցաւ միջլիսէական «Scrabble»ի մրցոյթը, որ 15-րդն էր իր նմաններու շարքին: Էսաեանի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած մրցոյթին մասնակցութիւն բերին համայնքային լիսէներու ներկայացուցիչ խումբերը:
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց Հայաստանէն «Օրթաքեան» պարախումբը, որ այս շաբաթավերջին կը գտնուի քաղաքիս մէջ: «Օրթաքեան» պարախումբը եկած է Էջմիածին քաղաքէն:
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի փոխ-ատենապետ Խաչիկ Ճանէլն ու գործակից ընկերները: Ներկայ էին նաեւ Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան եւ Տ. Գէորգ աւ. քհնյ. Չնարեան:
Համբարձման տօնն ու Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հիմնադրութեան 194-րդ տարեդարձին առթիւ արարողութիւններ:
Պետրոս Շիրինօղլու մանրամասն բացատրութիւններ տուաւ՝ հսկայական ներդրումներով ստեղծուած եւ արդի սարքաւորումներով օժտուած նոր բաժանմունքներուն մասին: Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը շեշտը դրաւ ժառանգութեան գիտակցութեան վրայ՝ դրուատելով հոգաբարձութեան կողմէ որդեգրուած առաջնահերթութիւնները՝ նաւուն ընկղմիլը կանխելու անհրաժարելի կէտ նպատակով:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Օր մը պիտի մեռնիմ… Այս մտածումը որքան ալ հեռու թուի մեր առօրեայ զբաղումէն, իրականութեան մէջ միշտ մեզի հետ է՝ լուռ, աներեւոյթ, բայց հաստատ։ Մահը չի ճչար, չի զգուշացներ. ան կը գալէ մեր ստուերի նման, մեր շունչին չափ մօտ, բայց, միեւնոյն ժամանակ, մեր գիտակցութենէն անդին։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Յիսուս երբ տեսաւ իր մայրը եւ իր սիրած աշակերտը, որ մօրը քով կեցած էր, ըսաւ մօրը.- Մա՛յր, ահաւասիկ զաւակդ։ Յետոյ ըսաւ իր աշակերտին.- Ահաւասիկ մայրդ։ Եւ այդ օրուընէ աշակերտը զայն իր մօտ առաւ». (ՅՈՎՀ. ԺԹ 26-27)։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեր թուականէն մի քանի տարիներ առաջ եկեղեցական մը սփիւռքահայ մամուլի մէջ կը ստորագրէր յօդուած մը, որուն մէջ կը քննադատէր եկեղեցին քննադատողները՝ ըսելով, թէ այդ քննադատողները եկեղեցւոյ համար ի՞նչ ըրած են։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Այսօր Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին հանդիսաւորութեամբ կը նշէ Քրիստոսի Համբարձման տօնը։ Քրիստոնէական աշխարհի համար եւս մէկ կարեւոր տօն է Համբարձումը, որուն խորհուրդը կը յիշեցնէ Տիրոջ երկրային առաքելութեան աւարտը եւ Իր երկինք համբառնալը՝ փառքով եւ յաւիտենական իշխանութեամբ։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վերջերս անակնկալ կերպով եւ մեծ ուրախութեամբ ստացայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երիտասարդ եւ խոստմնալից միաբաններէն՝ Տ. Զարեհ ծայրագոյն վարդապետ Սարգիսեանին գիրքը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մի քանի օրեր առաջ երիտասարդական հաւաքի մը ժամանակ մի քանի անհատներ հետեւեալ միտքը բարձրացուցին. սփիւռքի մէջ հայ ժողովուրդը չկրցաւ իր ուրոյն գրականութիւնը ստեղծել. չկրցաւ ստեղծել հարթակ մը, որ դառնայ սփիւռքահայութեան ձայնը եւ սփիւռքահայութիւնը առաջնորդէ:
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ այսօր կ՚ընթանան աւանդական տօնակատարութիւններ՝ Համբարձման տօնին առթիւ։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան կը նախագահէ կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն։
Երէկ, Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով ունեցան հեռախօսազրոյց մը, որու ընթացքին քննարկեցին տարածաշրջանային եւ երկկողմանի օրակարգի վերաբերեալ զանազան հարցեր։
Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, որ կ՚այցելէ Նիւ Տելհի, հիւրընկալուեցաւ Հնդկաստանի արտաքին գործոց նախարար Սուպրահմանեամ Ճայշանքարի կողմէ։ Լաւրով կը մասնակցի BRICS-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու լիագումար նիստին, որ տեղի կ՚ունենայ Նիւ Տելհիի մէջ։
Տանըլտ Թրամփ-Շի Ծինփինկ հանդիպում. Ուաշինկթըն եւ Փեքին միասին պիտի պատասխանեն նոր ժամանակներու հարցումներուն:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ Չինաստան երկխօսութիւն կը ծաւալեն՝ համաշխարհային առումով արդի ու պատմական խաչմերուկի մը վրայ:
Երէկ երեկոյեան, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան մեկնեցաւ Աստանա, ուր կը հիւրընկալուի Ղազախիստանի նախագահ Քասըմ Ճէօմերթ Թոքաեւի կողմէ։ Այս այցելութիւնը առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի՝ Թուրքիոյ եւ Ղազախիստանի միջեւ ռազմավարական գործընկերութեան խորացման տեսակէտէ։