Արխիւ
Յայտնի երաժիշտ Արա Գէորգեանի գլխաւորութեամբ, այս շրջանին Հայաստանի մէջ յառաջ կը տարուի «1000 դհոլ» ծրագիրը: Երիտասարդներու ներգրաւմամբ շատ խանդավառ նախագիծ մըն է այս մէկը, որու տեսահոլովակի համար նկարահանումներ տեղի ունեցան Արարատեան դաշտավայրին մէջ:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց. «Ներառական, ազատական եւ քաղաքային սահմանադրութեան մը մշակումը մեր առջեւ կանգնած է՝ մեր ժողովրդավարութիւնը ներքեւէն դէպի վեր վերակառուցելու հնարաւորութիւնը ընձեռելու հեռանկարով»։
«Քրիստոնեայի համար յոյսը երեւակայութիւն չէ, այլ Քրիստոսի կենդանի վկայութենէն բխած վստահութիւնն է»:
Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի յաջորդ տարուան պատգամաւորական ժողովը պիտի գումարուի Փրովիտընսի մէջ:
Երէկ, Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Ս. Պատարագ՝ ձեռամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեանի: Ինչպէս ծանօթ է, շաբաթավերջին վերաօծուած ու պաշտամունքի վերաբացուած էր այս եկեղեցին, ուր երէկուան կիրակնօրեայ արարողութիւնները տեղի ունեցան հանդիսաւոր մթնոլորտի մէջ:
Շաբաթավերջին, Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Ս. Աթոռի մօտ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ արք. Պարսամեանի հանդիսապետութեամբ Հռոմի մէջ տեղի ունեցաւ յատկանշական արարողութիւն մը։
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը այցելութիւն մը տուաւ՝ ազգային բարերար Սամուէլ Կարապետեանին, որ ապօրինաբար տնային կալանքի տակ կը գտնուի: Վեհափառ Հայրապետը մեծանուն հայորդիին փոխանցեց Սուրբ Էջմիածնի օրհնութիւնը եւ բարեմաղթանքներ յղեց, որպէսզի տոկունութեամբ ու հաւատքով դիմագրաւէ առկայ դժուարութիւններն ու փորձութիւնները:
Երէկ, Սամաթիոյ ընտանիքը խանդավառ օր մը ապրեցաւ՝ թաղի Սահակեան-Նունեան վարժարանի շրջանաւարտից տարեկան հաւաքին առթիւ: Դպրոցի շրջանաւարտից օրը, աւանդաբար, Սամաթիոյ ընտանիքին կողմէ խրախճանքի մը համազօր պայմաններու ներքեւ կ՚ընթանայ: Այս տարի ալ եղաւ նոյնը:
Լուսաւորիչ երգչախումբի մանկապատանեկան կազմը շաբաթավերջին հանդէս եկաւ փայլուն համերգով մը՝ «Խաղաղութեան ձայներ»ը անուանումին ներքեւ: Շիշլիի քաղաքապետութեան «Քենթ» մշակոյթի կեդրոնի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը՝ որու պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան:
Թուրքիա-Պելժիա յարաբերութիւնները յառաջ կը տարուին համագործակցութեան նոր հորիզոններով:
Առաջին տիկին Էմինէ Էրտողան Տոլմապահչէի պալատի համալիրէն ներս ջերմօրէն հիւրընկալեց Մաթիլտ թագուհին:
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
«Յաղթարշաւ» կոչեց մեր վարչապետը նախընտրական այս շրջանը, որուն ընթացքին, ինչպէս միշտ, որոշ նորութիւններ կը պարզուին, արդէն անքննելի իրողութիւններ ու ինքնութիւններ կրկին կը հաստատուին:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Այս տարի կը լրանայ հայ երգուարուեստի նուիրեալներէն մէկուն՝ սփիւռքահայ երաժիշտ, խմբավար, երգահան, Փարիզի «Սիփան-Կոմիտաս» երգչախումբի երկարամեայ խմբավար Կարպիս Ափրիկեանի ծննդեան 100-ամեակը։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ժողովրդավարութիւն եւ ամբոխավարութիւն. այս երկու հասկացութիւնները մարդկային քաղաքական պատմութեան մէջ միշտ ապրած են իրարու կողքին՝ երբեմն հակադրուած, երբեմն ալ վտանգաւոր կերպով խառնուած։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հնարամտութիւնը ձիրք մը, բարեմասնութիւն մըն է՝ որուն տառացի նշանակութիւնն է. իմաստութեամբ գործել, ուշիմութիւն եւ սրամտութիւն։ Արդարեւ, այս բարեմասնութիւնը, առհասարակ կ՚ենթադրէ «ճարպիկ ըլլալ», այսինքն շիտակ եւ արագ կերպով հարց մը լուծելու կարողութիւն ունենալ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ժամանակակից հասարակութեան մէջ արմատաւորուած է ինքզինք սեփական դիրքէն ու արժանիքէն աւելի վեր ցոյց տալու անսանձ հոգեկան ձգտումը. հիւանդութիւն՝ ձեւանալու այն՝ ինչ որ չեն ու գուցէ երբեք չկարենան ըլլալ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կարելի՞ է երեւակայել յաւիտենականութեան նշանակութիւնը։ Ընդհանրապէս մարդիկ կ՚ուզեն երիտասարդ մնալ եւ կեանքը անգամ մը եւս ապրիլ։ Բայց յաւիտենական կեանքը միա՛յն դրախտի մէջ կայ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Կը կարծենք, որ հայ գրականութեան մէջ դժուար է գտնել դէմք մը, որ այնքան բանավէճի ու քննադատութեան առիթ տուած է՝ քան Շահան Շահնուրը, որ թէ՛ անցեալին եւ թէ թերեւս նաեւ այսօր ունեցած է իր կողմնակիցներն ու հակառակորդները։
Երէկ, Իտալիոյ վարչապետ Ճիորճիա Մելոնի հիւրընկալեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիոն, որ երկօրեայ այցելութիւն մը տուաւ Հռոմ։ Օրուան տեւողութեան Ռուպիօ ընդունուեցաւ նաեւ Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար Անթոնիօ Թայանիի կողմէ։
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի հետ։
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցան երկու հանդէսներ՝ Մայրերու օրուան առթիւ, որ կը նշուի այս շաբաթավերջին։ Դպրոցէն ներս մանկապարտէզի փոքրիկները առանձին հանդէս մը իրականացուցին, իսկ միջնակարգի աշակերտները՝ տարբեր ձեռնարկ մը։
