Արխիւ

Հինգշաբթի, Օգոստոս 13, 2026

​Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ուքրայնայի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի հետ: Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ Զելենսքի Փաշինեանը շնորհաւորեց՝ վարչապետի պաշտօնին մէջ վերանշանակուելու կապակցութեամբ: 

Հինգշաբթի, Օգոստոս 13, 2026

Երեւանի պետական համալսարանէն (ԵՊՀ) ներս տեղի պիտի ունենայ գիտաժողով մը՝ ձօնուած Հարաւային Կովկասի՝ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի պատմութեան, քաղաքականութեան, մշակոյթի եւ հասարակութեան բազմակողմանի ուսումնասիրութեան: 

Հինգշաբթի, Օգոստոս 13, 2026

Թուրքիա միշտ կը խրախուսէ Պաղեստինի դատը՝ երկու պետութեան հիմունքով լուծման ուղղութեամբ:
Նախագահ Էրտողան Պեշթեփէի մէջ հիւրընկալեց Ապպասը, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Անգարա:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 13, 2026

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայ ժողովուրդի պատմութեան ամենաօրհասական պահերուն Սուրբ Էջմիածնը դադրած է զուտ հոգեւոր կեդրոն ըլլալէ եւ դարձած է ազգային դիմադրութեան, հեռատեսութեան եւ հաւաքական յիշողութեան պահպանման առանցքը։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 13, 2026

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վերջերս ընտանիքով Երեւան գացած էինք: Նպատակը՝ մեր զաւակներուն հետ քիչ մը պտտիլ, յետոյ Երեւանի հրապարակին վրայ «վայելել» շատրուանները…: Եօթ-ութ տարիներէ ի վեր այս պտոյտները արդէն սովորութեան վերածուած են:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 13, 2026

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ազատութիւնը սքանչելի՜ բան մըն է, բայց զայն վայելողը կրնայ զայն փճացնել։ Ուստի, բարոյական դաստիարակութիւնը ազատութեան կազմաւորում մըն է, ի դիմաց դրդապատճառներու, առաջարկներու, անոր գործնական կիրարկումին, անոր գործադրումին, դրդումին, վարձատրութիւններուն, գնահատումներուն, նմոյշներուն, օրինակներուն, խորհրդանիշներուն, խորհրդածութիւններուն, յորդորներուն, վարուելակերպին եւ երկխօսութիւններուն՝ որոնք մարդոց կ՚օգնեն զարգացնելու այն ներքին եւ կայուն սկզբունքները՝ որոնք կ՚առաջնորդեն ինքնաբուխ կերպով բարիք գործելու։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 13, 2026

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հայ գրականութեան մէջ տեսած ենք բազմաթի՜ւ գրողներ, որոնք գրող դարձած են բարձրաձայնելու համար իրենց գաղափարներն ու համոզումները, սակայն, անոնց մէջ կայ մէկը, որ այս առաջիններուն հակառակ՝ իր սկզբունքներուն եւ գաղափարներուն տէր դառնալու նպատակով մէկդի ձգած է իր գրելու շնորհքը եւ որոշած է չգրել.

Հինգշաբթի, Օգոստոս 13, 2026

Սփիւռքէն բազմատասնեակ երիտասարդներ վերապատրաստութենէ կ՚անցնին Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ:
Հայագիտութեան եւ կրօնագիտութեան նիւթերու դասընթացները կ՚ընթանան «Գարեգին Ա.» կեդրոնէն ներս:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 13, 2026

Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիէն ներս ամբողջ թափով կը շարունակուին՝ շաբաթավերջին Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տաղաւարի պատրաստութիւնները: Ըստ վերջին տարիներուն ձեւաւորուած նախընթացին՝ արդէն ընթացքի մէջ է ուխտի շաբաթը, որու շրջանակներէն ներս, երէկ երեկոյեան, շատ յատկանշական հաւաքոյթ մը տեղի ունեցաւ կղզիի բարձունքին:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 13, 2026

Վաղը, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան պիտի մեկնի դէպի Վաքըֆլըգիւղ: Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տօնին առթիւ համայնքէն ներս, Պատրիարքական Աթոռի բարձր հովանաւորութեան ներքեւ կազմակերպուած է ուխտագնացութիւն մը՝ դէպի Վաքըֆլըգիւղ:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 13, 2026

Երեւանի կեդրոնին ամրան շրջանին իրարու կը յաջորդեն բացօթեայ ժողովրդական ձեռնարկները:
Հայկական աւանդական գորգերու լուացման փառատօնը վերածուեցաւ մեծ ու ոգեւոր համախմբման մը բեմահարթակին:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 12, 2026

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս». (ՄԱՏԹ. ԻԲ 39). (ՅՈՎՀ. ԺԳ 34), եւ ասիկա՝ սկզբունքի մը համեմատ եւ համակարգի մը փորձառութեամբ սովորաբար կը գործադրեն. «Չկա՛յ աւելի մեծ սէր քան թէ իր կեանքը տալ բարեկամներուն համար». (ՅՈՎՀ. ԺԳ 13)։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 12, 2026

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Այս յօդուածը, մեծ հաւանականութեամբ, մի քանի օրեր ետք լոյս տեսնէ, սակայն, այսօր՝ մի քանի ժամեր ետք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը որպէս մեղադրեալ պիտի ներկայանայ դատարան։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 12, 2026

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

​Մարդու կեանքին մէջ վիշտը հիւր մըն է, որ դուռը թակելէ առաջ երբեք չի հարցներ՝ պատրաստ ե՞ս զինք ընդունելու։

 

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 12, 2026

ՄՈՒՀԱՄՄԱՏ ԱԼ-ՄԱՂՈՒԹ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

​Քանի մը գիշեր, զորս անցուցի արթնամնութեամբ, զուարճութեամբ ու երազներով՝ Լոնտոնի ամենագեղեցիկ եւ ամենանշանաւոր գիշերային ակումբներուն, պանդոկներուն ու փողոցներուն մէջ, Թայմզի ափին բնակող բարեկամս, մինչ իր շքեղ ինքնաշարժով մեզ կը տանէր կեանքիս տեսած ամենագեղեցիկ անգլիական անձրեւին տակէն, հարցուց ինծի.  

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 12, 2026

Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, շաբաթավերջին Ս. Աստուածածնի վերափոխման տաղաւարին ընդառաջ, ամբողջ թափով կը շարունակուի ուխտի շաբթուան ծրագիրը:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 12, 2026

Երէկ երեկոյեան, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիէն ներս տեղի ունեցաւ՝ Հայաստանէն ժողովրդական մեներգչուհի Աննա Սառա Պօղոսեանի համերգը, որ բացառիկ խանդավառութեան առիթ դարձաւ:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 12, 2026

Գնալը կղզիի յունաց պատմական վանքը այս տարի եւս ամրան շրջանին կը հիւրընկալէ թրքահայ մանուկներ եւ պատանիներ: 

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 12, 2026

​Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ որդեգրուած եկեղեցահալած քաղաքականութեան շրջանակներէն ներս, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթո-ղիկոսի եւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) անդամ վեց սրբազաններու դէմ ձեռնարկուած քրէական վարոյթը կը շարունակէ անմիջականօրէն զբաղեցնել հանրային կարծիքը:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 12, 2026

Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունեց՝ Երեւանի մօտ հաւատարամագրուած արաբական պետութիւններու դեսպանները:

Էջեր