Արխիւ
Սպիտակ տան գագաթաժողովի առաջին տարեդարձին առթիւ, Երեւան-Ուաշինկթըն-Պաքու առանցքին վրայ նոր շփում: Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց փոխ-նախարարները հիւրընկալուեցան՝ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարի տեղակալին կողմէ:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Ուսումնական վերամուտի առաջին շաբաթավերջն էր, երբ տասը տարեկան թոռնուհիս՝ Վանան, հօրը հետ մեր տուն մտաւ, վազելով եւ մեծ ուրախութեամբ:
Երէկ, ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրական երդիքին տակ տօնական մթնոլորտ ստեղծուեցաւ՝ թերթիս ընտանիքին տեսակէտէ այնքան հարազատ երկու անձնաւորութիւններու հիւրընկալմամբ: Այսպէս, ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատունը մէկտեղեց՝ Հարաւային Գալիֆորնիոյ համալսարանէն Հրակ Փափազեանը, որ «Թրփանճեան» հայոց արդի պատմութեան ուսումնասիրութիւններու ամպիոնի վարիչն է եւ մեր Հայաստանի սիւնակագիրներէն Յակոբ (Վարանդ) Քորթմոսեանը:
Սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական տքթ. Հրայր Ճէպէճեան, որ Աստուածաշունչի ընկերութեան Արաբական ծոցի երկիրներու մասնաճիւղի ընդհանուր քարտուղարն է, վերջերս դասախօսութիւնով մը հանդէս եկաւ Ուրուկուայի մայրաքաղաքին մէջ:
Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռն ալ ի վերջոյ հաստատեց իր աջակցութիւնը՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան ի նպաստ։ Անխոցելի պահել հայ եկեղեցին։ Վեհափառ Հայրապետի եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի բարձրացուցած ձայնին մէջ յանցագործութիւն որոնելը անտեղի կը նկատուի։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աստուածաշունչը Մատեանը ցոյց կու տայ մեզի, մարդուն՝ անասունէն բացարձակապէս գերիվեր եւ անգին ըլլալը։ Ծննդոց Գիրքէն մինչեւ Յայտնութիւն, Սուրբ Գիրքը ամբողջութեամբ կը զբաղի մարդ էակով։ Այս իմաստով մարդ արժէ՛ք մըն է։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեծանուն գրող Ուիլիըմ Սարոյեան մեր թուականէն 54 տարիներ առաջ՝ 1972 թուականին, Հայկազեան քոլէճի տնօրէն պրն. Ճան Մարգարեանի հրաւէրով կ՚այցելէ Լիբանան եւ ի տես այդտեղ ապրող հայ ժողովուրդին, գործող հայկական կազմակերպութիւններուն ու միութիւններուն՝ կ՚ըսէ.
Երկասիրեց՝ ԿԻՒՐԻՒՆՑԻ Տ. ԽՈՐԷՆ
ՔԱՀԱՆԱՅ ՔԻԶԻՐԵԱՆ
Արդի աշխարհաբարի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
15. Արժանաւոր ժողովուրդը քահանաներուն ճաշակածէն հաղորդուելու իրաւունք ունի՞: 16. Որո՞նք են Հաղորդութեան մատակարարները:
Երէկ երեկոյեան, Գնալը կղզիի լողաւազանի համալիրէն ներս, Իսթանպուլի կուսակալ Տաւուտ Կիւլի մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ ընթրիք մը, որ անցաւ բարձր տրամադրութեան պայմաններու ներքեւ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայ գրատպութեան պատմութիւնը դարերու երկար ճանապարհ անցած է՝ առաջին հայ տպագիր գիրքերէն մինչեւ ժամանակակից հրատարակչութիւն եւ տպագրական նորարարութիւններ։
Ս. Աստուածածնի վերափոխման տաղաւարին ընդառաջ, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիէն ներս արդէն ընթացքի մէջ է ուխտի շաբաթը, որու նախընթացը ձեւաւորուած է վերջին տարիներուն:
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտարարեց, որ Մեքքէի համատեղ պաշտպանութեան համաձայնագիրը թեքնիքապէս կը համապատասխանէ ՆԱԹՕ-ի պայմանագրի հինգերորդ յօդուածին:
Երէկ, Հայաստան, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ Ատրպէյճան համատեղ յայտարարութեամբ մը հանդէս եկան՝ 8 օգոստոս 2025 թուականին, Սպիտակ տան մէջ կազմակերպուած խաղաղութեան գագաթաժողովի առաջին տարեդարձին առթիւ:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին դատ բացաւ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Պետական եկամուտներու կոմիտէին դէմ:
Երէկ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան հիւրընկալեց Աւստրիոյ վարչապետ Քրիստիան Սթոքէրը:
Հայաստանի 9-րդ գումարման ազգային ժողովի դիւանը ձեւաւորուեցաւ վերջնականօրէն։
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտարարեց, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան կ՚ընթանան դէպի մշտական խաղաղութեան համաձայնագիր:
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի նախաստորագրումը շաբաթավերջին առիթ դարձաւ բարձր մակարդակի վրայ արձագանգի:
Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ որդեգրուած հակաեկեղեցական արշաւը՝ մանաւանդ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ակնյայտ թիրախաւորումը հետզհետէ լայն արձագանգ կը գտնէ նաեւ միջազգային հարթութեան վրայ:
Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը (ԵՀԽ) խոր մտահոգութիւն յայտնեց՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ շուրջ ստեղծուած իրավիճակին կապակցութեամբ: