Արխիւ
Երէկ, Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ յատկանշական օր մը ապրուեցաւ։ Այսպէս, մեր այս պատմական սրբավայրը ընդգրկուած էր՝ Եւրոպայի ժամանգութեան օրերու ծրագրին մէջ։
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը վերջին օրերուն կարեւոր յայտարարութեամբ մը հանդէս եկաւ՝ Արցախի հայկական հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանման առկայ հարցերուն շուրջ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Ս. Աթոռի յայտարարութիւնը։
Նախագահ Մաքրոն Էլիզէի պալատին մէջ ընդունեց Ապտուլլահ Բ. թագաւորն ու նախագահ Աունը: Ֆրանսա կը ձգտի Մերձաւոր Արեւելքի դերակատարներուն հետ համագործակցութիւնը նոր հարթութեան վրայ դնել:
Այսօր, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Գերմանիա։ Այսպէս, Վիսպատէնի մէջ, Հեսսէնի տեղական խորհրդարանէն ներս հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին Նիկոլ Փաշինեանին կը շնորհուի Հեսսէի խաղաղութեան մրցանակը՝ Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութեան հաստատման ուղղեալ ջանքերուն համար։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աստուած ինքզինք կը յայտնէ որպէս Սէ՛ր։ Աստուած, «Որ Էն», ինքզինք յայտնեց իբրեւ Ան՝ որ «հարուստ է շնորհքով եւ հաւատարմութեամբ». (ԵԼՔ. ԼԴ 6)։ Ուստի, Աստուած, իր բոլոր գործերուն մէջ, ցոյց կու տայ իր բարեհաճութիւնը, իր բարութիւնը, իր շնորհքը, իր իմաստութիւնը, իր ՍԷՐը, բայց, նաեւ իր հաստատամտութիւնը, իր ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Այսօր առաջին անգամ ըլլալով կը մեկնիս օտարութեան եւ որոշ ժամանակ ամէն բան պիտի ըլլայ նոր ու անծանօթ. դէմքերը նո՛ր, բարեւը նո՛ր, հացին ու ջուրին համը անգամ նոր։ Ժամանակ մը ետք պիտի դադրին օտար ըլլալէ.
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ամրան, շուրջ երկու ամիս, Հայաստանի Պատմութեան թանգարանէն ներս կազմակերպուած էր «Հայաստան. բաց դուռ» խորագիրով ցուցահանդէսը՝ նուիրուած Մեծ Հայրենադարձութեան 80-ամեակին (1946-1949)։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայկական ոսկերչութեան պատմութիւնը՝ պատմութիւն է սերունդներու կողմէ պահպանուած վարպետութեան, մանրամասնութեան հանդէպ անզիջում վերաբերմունքի եւ ստեղծագործական այն ոգիին, որ հայ վարպետները իրենց հետ տարած են աշխարհի տարբեր ծայրերը։
«Նազովրեցի» միջազգային բարեգործական հիմնադրամի պատուիրակութեան այցը՝ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին: Հիւրերը Վեհափառ Հայրապետին հետ հանդիպման ընթացքին զօրակցութիւն յայտնեցին Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ:
Երեւանի մէջ գեղարուեստական կեանքը կը շարունակէ մնալ աշխոյժ։ Վերջին օրերուն թատերասէրներուն տեսակէտէ մեծ վայելք մը դարձաւ՝ «Ռոմէօ եւ Ժիւլիէթ. Տեժավիւ» խաղին հետեւիլը։
Երէկ, Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Վան Ին եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի հանդիպում մը ունեցան Փեքինի մէջ։ Միջազգային լրահոսին մէջ լայն ուշադրութեան արժանացաւ այս հանդիպումը, որու ընթացքին քննարկումներ ծաւալուեցան Փեքին-Թեհրան օրակարգի զանազան հարցերուն շուրջ։
Վարչապետ. «Կիւմրիի ռուսական ռազմախարիսխը կենսական նշանակութիւն չունի Հայաստանի համար»: Փաշինեան-Փութին հաւանական հանդիպման ընդառաջ, Երեւան-Մոսկուա առանցքին վրայ միշտ լարուածութիւն:
Նախագահ Տանըլտ Թրամփ մէկտեղուեցաւ դեսպան Նարեկ Մկրտչեանի եւ հայ հոգեւորականներու հետ: Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի թեմակալ առաջնորդները հիւրընկալուեցան Սպիտակ տան երդիքին տակ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոգեւոր կեանքը հիասքանչ հոգեւոր փորձառութիւն մըն է։ Ան «կրօնք» մը չէ, կրօնական արարողութիւն մը չէ, որ մարդը կը հոգեւորացնէ։ Բայց ի՞նչ է «կրօնք»ը…
ՂԱՍԱՆ ՔԱՆԱՖԱՆԻ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Խեղդուածութիւնը երթալով կը մեծնար եւ այդ մէկը իրեն աննկարագրելի ուրախութիւն մը կը պարգեւէր… եւ յանկարծ, կատու մը տեսաւ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Կը հաւատանք, որ հայ ժողովուրդին դժբախտութիւններէն մէկը «ծայրայեղութեան» բացասական երեւոյթ ըլլալը սորվեցնելը եղած է, որովհետեւ ամէն ժամանակէ աւելի այսօր կարիքն ունինք ծայրայեղ ու տեղ մը խենթ հայրենասէրներու, որովհետեւ ծայրայեղութիւնն է, որ մարդը կապուած կը պահէ իր արժէքներուն։
Մխիթարեան վարժարանին մէջ 2026-2027 կրթական շրջանի առաջին զանգը հնչեց՝ բացառիկ ոգեւորութեան պայմաններու ներքեւ։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ 2026-2027 կրթական շրջանին առթիւ առաջին զանգը հնչեց խանդավառ պայմաններու ներքեւ։
Երէկ, Պատրիարքական Աթոռը պաշտօնապէս Թուրքիոյ հրեայ համայնքին շնորհաւորութիւններ փոխանցեց՝ ամանորի՝ «Ռոշ հաշանայ»ի տօնին կապակցութեամբ։
Թրքահայ վագըֆներու միութեան (ԹՎՄ-ERVAB) կրթական յանձնախումբը վերջին օրերուն գումարեց իր հերթական ժողովը: