Արխիւ

Երկուշաբթի, Օգոստոս 10, 2026

Երէկ առաւօտ, Գնալը կղզիի «Ճաշ» զբօսարանին մէջ տեղի ունեցաւ նախաճաշ մը, որ կազմակերպուած էր Կեդրոնական սանուց միութեան նախաձեռնութեամբ: Շուրջ 130 հոգի համախմբուեցաւ նախաճաշի սեղաններուն շուրջ՝ բարձր տրամադրութեան պայմաններու ներքեւ:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 10, 2026

Շաբաթավերջին, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց թրքահայ այն երիտասարդները, որոնք այս տարուայ համալսարանի մտից քննութիւններուն արձանագրած են բացառիկ յաջողութիւն: Այսպէս, թիւով 12 յաջող երիտասարդները Գումգաբու փութացին՝ Նորին Ամենապատուութեան օրհնութիւնը ստանալու համար, արժանացան նաեւ անոր բարձր գնահատանքին:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 10, 2026

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան պատարագեց Պէյքոզի Ս. Նիկողայոսեկեղեցւոյ մէջ, ուր տուաւ նաեւ օրուան պատգամը: Գոհաբանական Ս. Պատարագը մատուցուեցաւ՝ ՎոսփորիԱսիական ափի այս գողտրիկ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 250-ամեակին առթիւ: 

Երկուշաբթի, Օգոստոս 10, 2026

​Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց դասու անդամները կոչ ուղղեցին Հայաստանի իշխանութիւններուն՝ առաջնորդուիլ բացառապէս օրինականութեան սկզբունքներով:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 10, 2026

Հայաստանի 9-րդ գումարման ազգային ժողովի դիւանը ձեւաւորուեցաւ վերջնականօրէն։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 10, 2026

Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտարարեց, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան կ՚ընթանան դէպի մշտական խաղաղութեան համաձայնագիր:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 10, 2026

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի նախաստորագրումը շաբաթավերջին առիթ դարձաւ բարձր մակարդակի վրայ արձագանգի:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 10, 2026

Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ որդեգրուած հակաեկեղեցական արշաւը՝ մանաւանդ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ակնյայտ թիրախաւորումը հետզհետէ լայն արձագանգ կը գտնէ նաեւ միջազգային հարթութեան վրայ:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 10, 2026

Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը (ԵՀԽ) խոր մտահոգութիւն յայտնեց՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ շուրջ ստեղծուած իրավիճակին կապակցութեամբ:

Շաբաթ, Օգոստոս 8, 2026

Երէկ, Անգարա-Ռիատ-Իսլամապատ առանցքին վրայ առնուեցաւ կարեւոր քայլ մը: Թուրքիա, Սէուտական Արաբիա եւ Փաքիստան պաշտօնապէս ռազմական դաշինք մը ստեղծեցին:

Շաբաթ, Օգոստոս 8, 2026

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ երէկուան միասնական աղօթքի ընթացքին հանդէս եկաւ պատգամով մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ: 

Շաբաթ, Օգոստոս 8, 2026

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ աշխարհացրիւ հօտի նուիրականութիւններուն, խղճի ու կրօնի ազատութիւններուն դէմ բիրտ ոտնձգութիւն, որ ծնունդ կու տայ համատարած մտահոգութեան եւ արդար ընդվզումի. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը շինծու մեղադրանքով դատարանի առջեւ։ Քաղաքական տխուր պատուէր։ Դատաւոր Յակոբ Մանուկեան ինքնաբացարկ ներկայացնելով հրաժարեցաւ գործը քննելէ, սակայն, քրէական ապօրինի վարոյթը պիտի շարունակուի։ Վաղարշապատի փողոցներուն մէջ, ի զօրակցութիւն վեհափառ հայրապետին՝  յաղթական հնչեցին «էջ միածինն ի հօրէ» շարականն ու կոմիտասի անժամանցելի հայրապետական մաղթանքը։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. «Մեր օրերուն իշխանութիւններու եւ իշխանական կառոյցներու կողմէ քայլեր կը ձեռնարկուին եկեղեցւոյ հեղինակութիւնը վնասելու, ինքնավարութիւնը սահմանափակելու եւ եկեղեցին իրենց կամքին հպատակեցնելու համար։ Ցաւով կ՚անդրադառնանք, որ մեր Սուրբ Եկեղեցին ու հոգեւորականները իշխանութիւններու կողմէ կ՚ենթարկուին հետապնդումներու: Ապօրինի եւ շինծու քրէական գործերով կալանք եւ ազատութեան սահմանափակումներ կիրառուած են շարք մը եկեղեցականներու, ազգային բարերարի եւ ազգանուէր ու եկեղեցասէր այլ անձերու դէմ»։

Շաբաթ, Օգոստոս 8, 2026

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

​Անոնք,  որոնք կոչուած են Աստուծոյ ծառայութեան՝ սուրբ ծառայութեան, այսինքն քահանայութեան, պէտք է զԱստուած ներկայացնեն իրենց սուրբ ծառայութեամբը, հետաքրքրական է տեսնել, թէ ի՛նչ կ՚ընեն անոնք Աստուծոյ համար։

Շաբաթ, Օգոստոս 8, 2026

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Ներկայ աշխարհին մէջ մեծ զարգացում ապրեցաւ զբօսաշրջութիւնը եւ բազմաթիւ երկիրներ սկսան մեծ եկամուտներ ապահովել այդ ոլորտէն:

Շաբաթ, Օգոստոս 8, 2026

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Ազգերու պատմութեան ընթացքին բազմաթիւ են այն պարագաները, դէպքերն ու իրադարձութիւնները, երբ արտաքին թշնամիները պատճառ դարձած են ծանր կորուստներու, սակայն, աւելի վտանգաւոր եղած են եւ են ա՛յն ախտերը, զորս ներսէն կը քայքայեն ժողովուրդը։

Շաբաթ, Օգոստոս 8, 2026

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

​Խորհրդային Միութեան տարիներուն Հայաստանի մէջ, 1964 թուականին, կը ստեղծուի «Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէութիւն» մը, որուն նախագահութեան մաս կը կազմէին Սիլվա Կապուտիկեան, Վիկտոր Համբարձումեան, Վարդգէս Համազասպեան եւ այլ մտաւորականներ։

Շաբաթ, Օգոստոս 8, 2026

ՅԱԿՈԲ ՏԻՒՆԵԱՅԵԱՆ

​8 օգոստոսին ծնած գրական երկու դէմքեր - Ստեփան Շահպազ (Ատանա, Օսմանեան կայսրութիւն, 8 օգոստոս 1900 - Եգիպտոս, Աղեքսանդրիա, 21 յուլիս 1994)՝ իր ծննդեան 126-ամեակով, եւ Վախթանգ Անանեան (Պօղոսքիլիսա, Շամախեան գիւղ, Ռուսական կայսրութիւն, այժմ՝ Դիլիջան, 8 օգոստոս 1905 - Երեւան, 4 մարտ 1980)՝ իր ծննդեան 121-ամեակով, իրարմէ հինգ տարի տարբերութեամբ, սերնդակից գրողներ են:

Շաբաթ, Օգոստոս 8, 2026

​Այս շաբաթավերջին համայնքային շրջանակներուն ուշադրութիւնը կեդրոնացած է Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ վրայ, որու հիմնադրութեան 250-ամեայ յոբելեանը կը նշուի: Յոբելենական այս շրջանին, Վոսփորի Ասիական ափի այս գողտրիկ սրբավայրը ի հիմանէ վերանորոգուած, ամբողջութեամբ բարեզարդուած է՝ տեղւոյն թաղային խորհուրդի ջանքերով:

Շաբաթ, Օգոստոս 8, 2026

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Երեւանի մէջ երէկ ուշ գիշերուայ ժամերուն իր մահկանացուն կնքած է Վանուհի Մարգարի Սեդրակեան՝ անողոք հիւանդութեան հետեւանքով: Հանգուցեալը երէց սերունդի վառ ներկայացուցիչներէն մին էր եւ մանագիտութեամբ բժշկուհի:

Ուրբաթ, Օգոստոս 7, 2026

​Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Ս. Աթոռին մօտ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ արք. Պարսամեան ընկերային ցանցերու վրայ հետեւեալ հրապարակմամբ հանդէս եկած է՝ այս օրուան դատավարութեան կապակցութեամբ։

Էջեր