Արխիւ

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 8, 2026

2026-2027 կրթական շրջանէն սկսեալ, մեր համայնքի համալսարանականներու համար յատկացուած կրթաթոշակներու պարագային կատարուած է նոր կարգադրութիւն մը եւ մանաւանդ՝ դիմումներուն համար ստեղծուած միասնական համակարգ մը։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 8, 2026

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Ամենանշանաւոր համակարգչային ձեռնարկատէրերէն մէկը՝ «Մայքրոսոֆթ»ի համահիմնադիր Պիլ Կէյթսը, որ իր կեանքի մեծ մասը նուիրած է համակարգչային արհեստագիտութեան զարգացման, այսօր կը մտահոգուի այն արագութեամբ, որով արհեստական բանականութիւնը (իմացականութիւնը) կը փոխէ աշխարհը։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 8, 2026

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Արտաքին տեսքով տարուողներու թիւը մեծամասնութիւն է անշուշտ: Մարդիկ միլիոններ կը ծախսեն ձեւական բաներու վրայ՝ անգիտանալով, որ վայելչութիւնը նախ եւ առաջ ներաշխարհին արտացոլացումն է, մնացեալը՝ պարզապէս զարդարանք:

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 8, 2026

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Երեկոյեան, Յակոբ տուն վերադարձաւ՝ մտահոգ ու մտազբաղ։
Տան անդամներէն իւրաքանչիւրը իր գործով զբաղած էր, ուստի, ո՛չ ոք նկատեց անոր անհանգիստ վիճակը։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 8, 2026

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ներելը՝ մարդկային յարաբերութիւններու մէջ շինիչ եւ վերանորոգիչ դեր կատարող, բարոյական բարեմասնութիւններու արդիւնք օրինակելի եւ դաստիարակիչ արարք մըն է։ Ներելով կը վերհաստատուին բարեկամութիւններ։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 8, 2026

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Գրականութեան մէջ միշտ ալ եղած են երկու տարբեր համոզումներու տէր մարդիկ. ոմանք համոզուած են, թէ գրականութեան մէջ կարեւոր է, թէ մարդ ինչպէ՛ս կը գրէ, իսկ ուրիշներ կարեւորած են, թէ ի՛նչ կը գրեն եւ, իրականութեան մէջ, այս ինչին եւ ինչպէսին միջեւ կայ մեծ տարբերութիւն.

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2026

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

«Քու վարդդ միւս վարդերէն աւելի կարեւոր դարձնողը անոր յատկացուցած ժամանակն է», կ՚ըսէ Փոքրիկ Իշխանը։ Այս պարզ նախադասութեան մէջ թաքնուած է մարդկային յարաբերութիւններու ամենախոր ճշմարտութիւններէն մէկը։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2026

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Կ՚ըսուի, թէ եթէ մարդիկ իրենց բացակայութեան ուրիշներու կողմէ իրենց մասին խօսուածները եւ ըսուածները գիտնային, աշխարհի վրայ մէկ բարեկամ իսկ չէր մնար։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2026

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հայաստանի մէջ, երբ տակաւին իշխանութիւն-եկեղեցի հարցը կը շարունակուի ծեծուիլ, կը շարունակենք կարդալ հրապարակախօս Սիմոն Սիմոնեանի «Հայոց եկեղեցիի իսկական վերակենդանացման համար» խորագրեալ շարունակական երկու-երեք գրութիւնները, ուր մտաւորականը կը խօսի եկեղեցւոյ բարեկարգութեան մասին իր ունեցած համոզումներուն ու ակնկալութիւններուն մասին: 

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2026

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան յայտարարեց, որ երկիրը պէտք է հարեւաններուն հետ իրականացնէ տարածաշրջանային ծրագրեր։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2026

Ուիթքոֆ եւ Քուշնէր նոր յառաջընթաց արձանագրեցին Ռուսաստան-Ուքրայնա խաղաղութեան ուղղութեամբ:
Ամերիկացի բանագնացներու այցելութեան առթիւ Մոսկուա եւ Քիեւ երեք օրով դադրեցուցին փոխադարձ հարուածները:

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2026

Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեամբ դէպի Վան կազմակերպուած աւանդական ուխտագնացութիւնը այս տարի պսակուեցաւ բացառիկ յաջողութեամբ։ Ուխտագնացութիւնը թէեւ հերթական էր, սակայն, առանձնացաւ իր մթնոլորտով եւ այդ առումով դարձաւ իսկապէս բացառիկ։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2026

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) անդամ վեց սրբազաններու դէմ քրէական վարոյթը դատարան ուղարկելով՝ դատ բացուելուն առիթ դարձած դատախազը հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2026

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

Իր յատուկ պատկերն ու գծագրութիւնը ունի իւրաքանչիւր ամիս մանուկներու դասագիրքերուն, առաւել եւս՝ հայերէն դասագիրքերուն մէջ… հայոց այբուբենն ու Մաշտոցն է, օրինակ, հոկտեմբերը, նոյեմբերը՝ անձրեւ, դեկտեմբերը՝ Կաղանդ պապա, ձիւնեմարդ է յունուարը, վզկապ, ձեռնոց ու փոթորիկ է մարտը, ապրիլը՝ եղեռնի յուշարձան մը (այսուհետեւ հաւանաբար փոխուի), մայիսը վարդ ու ծաղիկ է, ամրան երեք ամիսները՝ ծովափ ու հովանոց:

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2026

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Քաղաքները երբեմն իրենց աշխարհագրական սահմաններէն շատ աւելի ընդարձակ նշանակութիւն մը կը ստանան։ Անոնք ժամանակի ընթացքին կը վերածուին յիշողութեան վայրերու, մշակութային հանգոյցներու եւ ինքնութեան դարբնոցներու։ 

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 5, 2026

​ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ինչպէս բանաստեղծը կ՚ըսէ, շատ անգամ դէպի առաջ կը քալենք, բայց երբեք չե՛նք յառաջանար։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 5, 2026

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Վերապրեցնելով-գերխտացնելով ամենաժամանակը, որպէսզի անվերջ ծնունդ մը դառնան բոլոր ապրուած ու ենթադրեալ ապրումները։ Յիշատակերտումը, ինքնին յիշատակները  եւ յաւերժ փնտռուած՝ պայծառ ապրումները մարդկային ըլլալու հիմքն են:

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 5, 2026

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Կրթական մշակ, մտաւորական, հասարակական գործիչ, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) երկարամեայ տնօրէն Գրիգոր Կիրակոսեան ծնած է Սեբաստիոյ Կամիս գիւղը, 1888 թուականի յուլիսի 15-ին: 

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 5, 2026

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Քասունիին գրութեան մինչեւ այս մասը, կրնայ ըլլալ շատերու համար «ենթադրութիւն» կամ անձնական վերլուծութիւն նկատուի։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 5, 2026

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Նիկոլ Փաշինեանի եւ Վլատիմիր Փութինի հանդիպումով վերջնականօրէն ջուրի երես ելած տարակարծութիւնները օրակարգի վրայ կը բերեն բազում վարկածներ եւ արմատական հաւանականութիւններ, որոնք աշխարհաքաղաքական այժմու պայմաններուն ներքեւ կողմերը կրնան ստիպել վերադիրքաւորուիլ իրարու նկատմամբ։
Նոր էջի նախաբան կամ վերջնական հեռացում։
Մոսկուայի հետ յարաբերութեան հասկացութիւնը ի՞նչ պիտի նշանակէ վաղուան երեւանի համար։
Տարիներու ընթացքին կուտակուած անվստահութիւնն ու փոխադարձ ակնկալութիւնները պիտի խորացնե՞ն Հայաստան-Ռուսաստան առկայ ճեղքը, երբ անհնար է շարունակել հին ձեւաչափով։

Էջեր