Արխիւ
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Ժան Վալժանին ծանօ՞թ էք։
Այո՛, Վիքթոր Հիւկոյի «Թշուառներ»ու հերոսին մասին է խօսքը։
Դեռեւս նախակրթարանի տարիներէս մէկուն ընթացքին էր, երբ առաջին անգամ ծանօթացայ եւ խորապէս ազդուեցայ հիասքանչօրէն հիւսուած մարդկային այս կերպարով:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւանէն ոչ-հեռու, Դուին գիւղին մէջ՝ պատմական Դուին մայրաքաղաքի տեղին շատ մօտ, իրանահայ Ժորժ Աբրահամեանի հիւրընկալ տունը կարծես ժամանակի եւ սահմաններու վրայ կանգնած փոքրիկ աշխարհ մը ըլլայ՝ մշակոյթի, յիշողութեան ու մարդկային ջերմութեան միահիւսուած անկիւն մը։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Այսօր մարդը կրնայ ամբողջ օրը ապրիլ աշխարհի մը մէջ, ուր գրեթէ ամէն ինչ տեսանելի է, բայց ինք՝ անտեսանելի։ Ընկերային ցանցերը մեզի խոստացան մօտիկութիւն, կապ, ներկայութիւն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ընկերութիւնը անհրաժե՛շտ է մարդկային կոչումին իրականացումին համար։ Այս նպատակին հասնելու համար հարկ է, որ յարգուի արդար դասակարգումը «արժէք»ներուն՝ որոնք ֆիզիքական եւ բնազդային տարածքը կ՚ենթարկեն եւ կ՚ենթակարգեն ներքին եւ հոգեւոր տարածքին։ Կեանքը ընկերութեան մէջ նկատի առնուելու է ամէն բանէ առաջ իբրեւ հոգեւոր կարգի իրականութիւն մը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
«Եւ դուն, երէկի սերունդ, ջարդուած սերունդ, կ՚ուրանամ քեզ ալ… Դուք պէտք է որ ջարդուէիք, քանի որ ամէն բան ըրիք ատոր համար։ Կարելի է եւ պէտք է ձեզի գթալ, բայց չեմ կրնար սիրել ձեզ»:
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, երեսփոխան Սեւան Սվաճըօղլու եւ ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու մէկտեղուեցան կրթական մշակներու հետ։
Հայաստանէ ներս իշխանութիւն-եկեղեցի հակադրութիւնը կը խորացնէ աչալուրջ շրջանակներու համատարած անհանգստութիւնը՝ մինչ քրէական վարոյթի գծով Վեհափառ Հայրապետը շաբաթավերջին դարձեալ դատարանի առջեւ պիտի կանգնի, Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամ վեց սրբազաններու հետ:
«Եկեղեցին՝ հոգեւոր տուն, պետութիւնը՝ ինքնիշխան հայրենիք»:
«Զօրեան» կաճառի համահիմնադիր Կրէկ Սարգիսեանի յօդուածը. «Պէտք է տարանջատել անհատը հաստատութենէն, հասուն հասարակութիւնը պէտք է կարողանայ կատարել տարբերակումները։ Այժմու դիմակայութիւնը պէտք չէ վերածուի պայքարի մը, թէ ո՞վ որո՞ւ պիտի յաղթէ։ Լաւագոյն ելքը կ՚ըլլայ, եթէ գործող ղեկավարութիւնը կարողանայ հասնիլ նման փոխըմբռնման մը»:
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ս. արքեպիսկոպոս Մաշալեան կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի նախագահեց Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, ուր տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։
Թրքահայ վաքըֆներու միութիւնը (ԹՎՄ-ERVAB) այսօր ժողով մը կը գումարէ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի «Կոմիտաս» սրահին մէջ։ Նիստը նախատեսուած է յետմիջօրէի ժամերուն՝ գլխաւորութեամբ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի, որ ի պաշտօնէ ղեկավարն է նաեւ ERVAB-ի։
Ցաւով կը տեղեկանանք, որ ի Տէր հանգած է Կաթոլիկ եկեղեցւոյ երիցագոյն եւ բազմամեայ սպասաւորներէն Մոնս. Լուի Փելաթր եպիսկոպոսը: Երկար տարիներ ան պաշտօնավարած էր Թուրքիոյ մէջ, մանաւանդ, որ այդ ժամանակաշրջանի կարեւոր մէկ հատուածին եղած էր Իսթանպուլի մօտ պապական փոխանորդ:
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ծննդեան 75-ամեակի յոբելեանը նշուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, ուր համախմբուած էին թեմակալ առաջնորդներ, մայրավանքէ ներս պաշտօնավարող եպիսկոպոսներ, միաբաններ եւ քահանաներ, ինչպէս նաեւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան պաշտօնէութիւնը։
Հայաստանի Ազգային ժողովը յառաջիկայ շաբթուայ սկիզբին պիտի ձեռնարկէ կառավարութեան 2026-2031 թուականներու գործունէութեան ծրագիրը:
ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
«Իմ ծնողներս Մարաշէն եկած են»:
«Իմ մեծ ծնողներս՝ Ատանայէն, Այնթապէն, Հաճընէն…»:
Առաջին անգամն է, որ կ՚այցելէի հայկական գաղութներ, ուր հայեր յաճախակիօրէն կը յիշէին իրենց պապենական արմատները՝ առնչելով իրենց ինքնութիւնը պատմական Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ հետ:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Երբ կը հիւսուի անձնաւորութիւնդ պատահարներու, ճակատագրականութեան կամ անճակատագրութեան մը մէջ ու կ՚ըլլաս ես մը՝ ամենայնութիւն մը խաղացող, խզող ու պայթեցնել փափաքող՝ այն ժամանակ տիեզերքը կը յայտնուի ակամայ խիտ կամ թեթեւ տեսքերով-չափերով, պարզ կամ խճճուն:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Թուրքիոյ, Իրանի, Իսրայէլի եւ Արեւմուտքի շահերու խաչաձեւման կէտին վրայ՝ Սուրիա այս շրջանին յարաբերութիւններ կը վերակառուցէ նաեւ Ռուսաստանի հետ:
Լայն հաշուարկով պահել նուազագոյնը:
Էսատի անկման յաջորդած իրավիճակի մէջ, արտօնեալի դիրքէն հեռացած Մոսկուա Դամասկոսի հետ նոր քայլեր կ՚առնէ վերջնականօրէն դուրս չմնալու համար Մերձաւոր Արեւելքի եւ Միջերկրականի խաղերէն, որոնց կապակցութեամբ իր ապագայ նախաձեռնութիւնները կը մեկնաբանուին Ուքրայնայի պատերազմի ընթացքին հաւանական չափումներու եւ վարկածներու պարունակին մէջ:
Պատրաստեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Բանաստեղծ, արձակագիր Կարապետ Ոսկեան, ծնած է Բերա, Պոլիս, 1869 թուականի ապրիլի 14-ին:
Զաւակն է բնիկ կուտինացի Արիստակէս Ոսկեանի, որ տասը տարեկանին Պոլիս գաղթած է:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հայ իմաստասիրական միտքը իր առաջին ծիլերը տուաւ հեթանոսութեան շրջանին՝ էպիկուրեան, սոկրատեան, պղատոնեան, արիստոտելեան, ստոյիկեան կիկերոնական -Տիրան Հայկազն- դպրոցներ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ճիշդ է, որ յաճախ գրականութեան մէջ գրողներ ընթերցողին ուշադրութիւնը գրաւելու եւ զինք «կլանելու» համար զգայացունց տողերու կը դիմեն եւ այդ մէկը կ՚օգնէ շատ անգամ ոչ-հետաքրքրաշարժ յօդուած մը, արձակ մը աւելի գրաւիչ դարձնելու. այս մէկը գրողներու յատուկ հնարք մըն է:
Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս այս շրջանին հրատապ օրակարգ դարձած է՝ իշխանութիւններուն կողմէ փոքրամասնական համայնքային վարժարաններէ ներս հիւր աշակերտներու պարագային սահմանուած արգելքը։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Մարդ երբ կը մեծնայ, միայն հասակ չ՚առներ։ Անոր հետ կը մեծնայ նաեւ աշխարհի մասին իր պատկերացումը։ Մանկութեան տարիներուն մեզի կը սորվեցնեն, թէ ի՛նչ է ճիշդը եւ ի՛նչը՝ սխալ, ի՛նչ է ազնուութիւնը, ի՛նչ կը նշանակէ յարգանքը, ինչո՞ւ պէտք է մեծերու հանդէպ պատկառանք ունենալ, ընկերոջ կողքին կանգնիլ, խոստումը պահել եւ մարդ մնալ նոյնիսկ այն պահերուն, երբ ո՛չ ոք մեզ կը դիտէ…