Արխիւ
ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը այսօր կը թեւակոխէ իր հրատարակութեան 118-րդ տարին։ Հայ մամլոյ նահապետը կը շարունակէ ալեկոծեալ ովկիանոսի մէջ թիավարել՝ սաստիկ փոթորիկի պայմաններու ներքեւ։ Հայաշխարհի անընդհատ հրատարակուող երիցագոյն օրաթերթն ու Թուրքիոյ՝ նոյնպէս անընդհատ հրատարակուող հնագոյն օրաթերթը նոր տարի մը կը դիմաւորէ՝ մտահոգիչ պայմաններով։
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի վերջին օրերուն հիւրընկալեց Ատրպէյճանի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններով ներկայացուցիչ Խալաֆ Խալաֆովը, որ այցելեց Թեհրան։
Հայաստանի ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) տնօրէն Անդրանիկ Սիմոնեան Թիֆլիզի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Վրաստանի պետական անվտանգութեան ծառայութեան ղեկավար Մամուքա Մտինարածէի հետ։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց դասու փորձառու, համակրելի ու նուիրեալ անդամներէն մին վախճանած է. հանգիստ Տ. Գիսակ Արք. Մուրատեանի։ Տասնամեակներ շարունակ ան պաշտօնավարած էր՝ որպէս Արժանթինի թեմի առաջնորդ։
Երէկ, Գիւտ Խաչի տօնին Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ եւ հանդիսապետութեամբ, Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ քահանայական ձեռնադրութիւն։
Այս առաւօտ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէրը, որուն կ՚ընկերանային խորհուրդի սիւներէն Ազնիւ Մեծատուրեանը, Գարէն Թէրզեանը, Նուրհան Փալաքօղլուն եւ Քորայ Աշճըն։
Հայաստանէ ներս իշխանութեան կողմէ Եկեղեցւոյ թիրախաւորումը երէկ հերթական դրսեւորումը ունեցաւ՝ գայթակղութեան համազօր նոր իրադարձութեամբ։ Այսպէս, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Յովհաննավանքի մէջ մասնակցեցաւ՝ կարգալոյծ քահանայի մը կողմէ մատուցուած ապօրինի Ս. Պատարագի։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ինչպէ՞ս կարելի է, որ պատմութեան եւ արուեստի սրբարանը դառնայ ժամանակակից բարբարոսութեան բեմը։ Այս հարցումը հոկտեմբերի 19-էն ի վեր չ՚իջներ ֆրանսական եւ առհասարակ միջազգային մամուլի էջերէն։
Երէկ երեկոյեան, Սկիւտարի մէջ ցուցադրուեցաւ «Ինքնութեան արահետ. Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը ժամանակներու մէջ» փաստավաւերագրական ֆիլմը։ Սա ժողովուրդին ու հետաքրքիրներուն բաց ցուցադրութիւններու շարքին վեցերորդն էր:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այս օրերուն կ՚այցելէ Հռոմ։ Ան շաբաթավերջին մեկնեցաւ Իտալիա՝ որպէս գաւազանակիր ընկերակից ունենալով Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեանը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կը պատմուի, թէ գիւղի մը մէջ կար երիտասարդ մը՝ որուն ամբողջ մանկութիւնը անցած էր ծննդավայր գիւղը։ Յետոյ հեռացաւ իր ծննդավայրէն՝ բժշկութիւն ուսանելու համար։ Յաջողութեամբ աւարտեց իր ուսումը եւ համբաւաւոր, ճարտար բժիշկ մը հանդիսացաւ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Այսօր երբ կը խօսուի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ կուսակրօն ըլլալ-չըլլալու հարցը, կը յիշեմ մեր թուականէն աւելի քան դար մը առաջ «Պայքար»ի մէջ հրատարակուած այն պատմութիւնը՝ որ այլ թերթեր, ինչպէս օրինակ՝ «Արեւ», «Ազդակ», «Հ. Կոչնակ» եւ այլ թերթեր արտատպած են. գրութեան հեղինակը Պ. Ա. Նազարն է. ըստ պատմութեան՝ Էջմիածնի Հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ Կարապետ Եպիսկոպոս իր աւարտական աշակերտները կը համոզէ, որպէսզի նուիրուին կուսակրօնութեան եւ ձեռնադրութենէն օրեր առաջ զանոնք կը տանի վեհարան՝ կաթողիկոսին օրհնութիւնը ստանալու համար:
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
«Հին ժամանակներուն, առասպել մը բերանացի փոխանցող իւրաքանչիւր պատմող անպայման բան մը կ՚աւելցնէր անոր վրայ եւ այդ պատճառով ալ չափազանցուած կ՚ըլլան բոլոր առասպելները», Հայոց պատմութեան դասը սորված պահուն բարձրաձայն կարդաց տղաս։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Մարդու հոգեբանական զարգացումը արմատներ ունի մանկութեան տարիներուն մէջ։ Մանկութիւնը այն շրջանն է, ուր անհատը կը ձեւաւորուի իբրեւ զգացական, մտաւոր եւ ընկերային էակ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սուրբ Գրիգոր Նազիանզանցի՝ Գրիգոր Աստուածաբան. (329/330-389/390 թթ.), կ՚ըսէ.
«Ուրիշները մաքրասրբելու համար՝ հա՛րկ է որ մարդ նախ ինքզինք մաքրասրբէ, ուրիշները ուսուցանելու համար հա՛րկ է նախ ինք ըլլայ ուսեալ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեր թուականէն աւելի քան դար մը առաջ ապրած Ֆրանց Քաֆքա իր յետ մահու հրատարակուած «Դատավարութիւնը» (The Trial) գիրքին մէջ հետեւեալ միտքը կ՚արտայայտէ. «Դատարանը՝ որուն կը հաւատաք, ձեր դէմ է»։
Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի երեք թեմերու առաջնորդներուն հանդիպումը:
Կը ծրագրուին միջթեմական կղերականներու համագումար մը եւ թեմական խորհուրդներու միասնական ժողովներ:
ԳՀԽ երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ մը՝ ապօրինութիւններու կանխման յստակ սպասումով:
Դատապարտելի է վարչապետի աջակցութեամբ Ս. Պատարագի անուան ներքեւ միջոցառման հոգեկործան նախաձեռնութիւնը:
Երեւանի Նորաձեւութեան շաբաթը արդէն ընթացքի մէջ է՝ եզակի ծրագրով մը։ «Կերպի ձեւը. երկխօսութիւն արուեստի եւ նորաձեւութեան միջեւ» իւրայատուկ ցուցահանդէսով սկսաւ Երեւանի Նորաձեւութեան շաբաթը, Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի երդիքին տակ։
Յայտնի ու երախտաշատ երեք մտաւորականի կոչում շնորհուեցաւ մայրաքաղաքի աւագանիի որոշմամբ:
Երեւանի քաղաքապետ Տիգրան Աւինեան պարգեւատրեց Մարք Գրիգորեանը, Աւիք Իսահակեանն ու Տարօն Մուրատեանը: