Արխիւ

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2021

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, երէկ, Պատրիարքարանի դահլիճի երդիքին տակ ընդունեց Պոլսոյ մէջ համայնքի ծիրէն ներս գործող աշխատանքային խումբերու ներկայացուցիչները։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2021

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Վերջերս «ՀայՓոստ»ը թողարկած եւ շրջանառութեան մէջ դրած է դրոշմաթուղթ մը՝ նուիրուած Գուսան Հաւասիի ծննդեան 125-ամեակին: Դրոշմաթուղթին վրայ պատկերուած է հայ գուսանական արուեստին մէջ մեծ ներդրում ունեցած Գուսան Հաւասին՝ գուսաններու սիրելի նուագարանը՝ սազը ձեռքին:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2021

ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1902)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Չորս յաջորդական գրութիւններով մեր սիրելի ընթերցողներուն ուշադրութեան յանձնեցինք բժիշկ Վահան Արծրունիի «Մի՛ խմեր» գրքոյկը: Այս եւ յաջորդող մի քանի գրութիւններով այս անգամ ընթերցողներու ուշադրութեան պիտի յանձնենք նոյն հեղինակէն մէկ այլ աշխատութիւն, որ կը կրէ՝ «Մի՛ ծխեր» վերնագիրը:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2021

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Նոյն բարեկամը դարձեալ հարց տուաւ, թէ ինչո՞ւ համար անցեալին ունեցած ենք Պարոնեան, Օտեան, Օշական եւ բազմաթիւ ուրիշներ, իսկ այսօր չունինք անոնց նման անուանի, յայտնի գրողներ. ի՞նչն է պատճառը այդ երեւոյթին: Այսօր չկա՞ն գրողներ:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2021

Ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի կողակցին՝ Օլկա Թումանեանի ծննդեան 150-ամեակին առթիւ երէկ Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ շահեկան ձեռնարկ մը, որ համախմբեց մշակութասէրները։ Յովհաննէս Թումանեանի տուն-թանգարանի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ Օլկա Թումանեանի յիշատակին ձօնուած ցուցահանդէս մը, որու շրջանակին մէջ ներկայացուած են բացառիկ նմոյշներ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2021

Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիան երէկ շփումներ ունեցաւ Պաքուի մէջ, ուր ընդունուեցաւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի կողմէ։ Համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Ապտուլլահիան յայտնեց, որ տարածաշրջանի երկիրները կրնան լուծել իրենց խնդիրները, դուրսի միջամտութեան կարիք չկայ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2021

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախարարները քննարկեցին անցեալ նոյեմբերի 26-ին Սոչիի մէջ տեղի ունեցած եռակողմանի գագաթաժողովին ժամանակ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման վերաբերեալ հարցերու լայն շրջանակ մը։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2021

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հանդիպում մը ունեցան Երեւանի մէջ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին անոնք քննարկեցին երկրի առջեւ ծառացած արտաքին ու ներքին մարտահրաւէրներն ու անոնց յաղթահարման եզրերը։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2021

Երէկ, Երեւան ունեցաւ նոր քաղաքապետ մը. ի դէմս Հրաչեայ Սարգսեանի։ Քաղաքապետութեան խորհուրդը երէկ առաւօտ արտահերթ նիստ մը գումարեց՝ օրակարգի վրայ ունենալով այժմ արդէն նախկին քաղաքապետ Հայկ Մարութեանի դէմ անվստահութիւն յայտնելու նիւթը։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2021

Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացումը տարածաշրջանէ ներս անհամեմատօրէն պիտի բարձրացնէ Թուրքիոյ ազդեցութիւնը:
Անգարայէն եւ Երեւանէն այժմու սպասման փուլին յայտարարութիւններ կը կատարուին՝ յատուկ ներկայացուցիչներուն միջեւ նախատեսուած առաջին հանդիպման ընդառաջ:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2021

Երեւան եւ Մոսկուա կը ձգտին տնտեսական գետնի վրայ խորացնել իրենց փոխյարաբերութիւնները:
Հայաստան-Ռուսաստան համագործակցութեան միջկառավարական յանձնաժողովի քսաներորդ նիստի քննարկումները:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2021

Ազգային բարերար Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան ամոլը տարեվերջի առթիւ նուիրատուութիւն մը ըրաւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ)։ Վաչէ Մանուկեան, որ ՀԲԸՄ-ի Հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահն է, իր կողակցին հետ 1 միլիոն տոլար յատկացուց աշխարհատարած այս բարենպատակ կառոյցին, որպէսզի անոր ծրագրերը յաջողութեամբ պսակուին եւ գործունէութիւնը ընդլայնի։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2021

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Անթիլիասի Հայագիտական կեդրոնի աշակերտներուն հետ։ Ան այս առթիւ գնահատեց կեդրոնի աշակերտութեան կողմէ ցուցաբերուած նախանձախնդրութիւնն ու գործօն մասնակցութիւնը դասընթացներուն։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 22, 2021

Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր ի պատիւ ճաշկերոյթ՝ Ֆաթիհի քաղաքապետ Էրկիւն Թուրանի տանտիրութեամբ:
Հրաւիրուած էին նաեւ այս գաւառակի համայնքային կառոյցներու ղեկավարները եւ աշակերտներ, որոնք միասնաբար այցելեցին Ետիգուլէի բերդերը:

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 22, 2021

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես այցելեց Պէյրութ, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Լիբանանի ղեկավարութեան կողմէ։ Միջազգային օրակարգի վրայ առաջնահերթ ուշադրութեան արժանացաւ ընդհանուր քարտուղարին այցելութիւնը՝ մինչ երկիրը կը դիմագրաւէ լուրջ տագնապ մը՝ քաղաքական եւ տնտեսական ծալքերով։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 22, 2021

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Իրանէն խորհրդարանական պատուիրակութիւն մը, որ այցելեց Երեւան։ Այսպէս, Իրան-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի պատգամաւորները Վեհարանի մէջ ընդունուեցան Նորին Սրբութեան կողմէ։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 22, 2021

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Հասած է Ս. Յակոբայ Մծբնայ Հայրապետի, Մարուգէ ճգնաւորի եւ Մելիտոս եպիսկոպոսի տօն մը եւս։ Այս այն պահն է, որ Պոլսոյ մէջ Սամաթիոյ Թաղի մերձաւոր Ալթըմէրմէրի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ ուխտի օրը կը կատարուի ամենայն խանդավառութեամբ եւ Սամաթիոյ սարկաւագաց ու դպրաց դասերը, հանդերձ իրենց ժողովուրդով կը փութան Սամաթիա եւ բերնէ բերան կը լեցնեն եկեղեցին։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 22, 2021

ԲԱԲԳԷՆ ԹՕՓՃԵԱՆ

«Սարէն, ձորէն» խորագիրն է բժիշկ Օհան Թապաքեանի նորատիպ հատորին. հետաքրքրական վերտառութիւն մը, որ սակայն լրիւ կը համապատասխանէ բովանդակուած նիւթերու այլազանութեան. ասիկա հեղինակին 3-րդ հրատարակութիւնն է, նախկինները՝ «Յուշեր եւ ապրումներ երազային Հալէպէն» (2018) եւ «Բժիշկին կեանքէն ապրուած պահեր» (2019), որու մէջ մէկտեղուած է մամուլի մէջ տպուած եւ անտիպ գրութիւնները:

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 22, 2021

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Ցաւալի է, երբ քովինդ կոյր է ու խուլ: Խօսքը հոգիի ու սրտի կուրութեան ու խուլութեան մասին է: Կը թուի, թէ քեզ կը ճանչնայ լաւագոյնս, այլեւս բացայայտած է քու տեսակդ: Սակայն եկուր ու տես, որ չարաչար կը սխալիս:

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 22, 2021

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Միշտ ալ հնչած է նահանջի ահազանգը եւ յաճախ մենք անոր արձագանգը եղած ենք, որովհետեւ ժամանակը իր հետ սկսած է մեր կեանքէն հեռացնել ամէ՛ն նուիրական արժէք ու սրբութիւն, լեզուէն մինչեւ մշակոյթ, մամուլէն մինչեւ ազգասիրութիւն. մեր կեանքին մէջ սկսած է արժեզրկուիլ ամէ՛ն բան, ինչ որ ինքնաբերաբար պատճառ դարձած է անցեալի մը փնտռտուքին, ուր ամէն բան կարծես մասամբ աւելի «լաւ» ըլլալ կը թուի:

Էջեր