Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Այո՛, Դուն կը սիրես ամէն ինչ, որ գոյութիւն ունի եւ չես խորշիր ո՛չ մէկ բանէ, զոր ստեղծեցիր. որովհետեւ եթէ Դուն բան մը ատէիր, պիտի չստեղծէիր։ Եւ բան մը ի՞նչպէս գոյութիւն ունենայ, եթէ Դուն չես ուզեր զայն։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը նախընթաց օր Անթիլիասի մէջ հիւրընկալեց Լիբանանի Պապական նուիրակ Ճոզըֆ Սփիթըրն Եպիսկոպոսը։ Այս այցելութեան նպատակն էր Կիլիկեան Աթոռի գահակալին փոխանցել Հռոմի Սրբազան Քահանայապետի ողջոյններն ու Ս. Ծննդեան տօնին առթիւ բարեմաղթանքները՝ համապատասխան բովանդակութեամբ նամակով մը։
Հայաստանի մէջ ժողովրդագրութեան ընդհանուր ընթացքը կը շարունակէ մնալ մտահոգիչ։ Երկրի ղեկավարութիւնը միշտ անմիջական ուշադրութեան առարկայ կը պահէ համապատասխան խնդիրներու յաղթահարումը։
Ռուսաստանի մէջ ներկայիս տեղի կ՚ունենայ կառավարութեան փոփոխութիւն։ Այժմ արդէն նախկին վարչապետ Տիմիթրի Մետվետեւի կողմէ գլխաւորուած Նախարարաց խորհուրդը ներկայացուցած է իր հրաժարականը։
Հանրապետութեան նախագահ. «2023 թուականի նպատակները մեր բոլոր աշխատանքներուն մէջ ուղեցոյցի դեր կը խաղան մեզի համար»:
Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան. «Միջերկրականի գլխաւորութեամբ, մեր միջազգային իրաւունքներուն տէր կանգնելով՝ նոր ոստումի մը դռները կը բանանք»:
Դաւիթ Կիւրճինեան մամլոյ ասուլիս մը սարքեց «Արմէնփրէս»ի սրահի երդիքին տակ:
Հայաստանի Լեզուի պետական կոմիտէն ջանքեր կը գործադրէ՝ հայերէնի անաղարտութեան համար:
«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկը որոշեց յատկացումներ կատարել վարժարաններուն համար:
Լիբանանահայութիւնը լուրջ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ՝ երկրէն ներս ծագած ծանր տագնապին հետեւանքով:
Հայաստանի կառավարութիւնը կը ծրագրէ յառաջիկային ձեռնարկել Սահմանադրութեան փոփոխութեան:
Փաշինեան ներկայ տարեմուտին շեշտը կը դնէ պետական կառավարման համակարգի արդիւնաւէտութեան բարձրացման վրայ:
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողմէ «Աքշամ» թերթին տրուած հարցազրոյցի արձագանգները կը շարունակուին:
Գումգաբուի աղբիւրները հրապարակեցին մանրամասնութիւններ՝ Նորին Ամենապատուութեան յայտարարութիւններուն շուրջ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Կ՚ապրինք ժամանակաշրջանի մը մէջ, ուր մարդուն հիմնական հետաքրքրութիւնն ու զբաղմունքը դարձած են մնայուն վազքն ու նոր նուաճումներն ու ձեռքբերումները: Այսօր, կարծէք աւելի քան երբեք, մարդը ինքն իր հետ մրցումի մէջ է, ինքզինքին յաղթելու, ինքզինքը նուաճելու:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լիբանանի մէջ տիրող անկայուն իրավիճակը բնականաբար իր ծանրագոյն հետեւանքները պիտի ունենայ կրթական համակարգին ու ուսումնական տարեշրջանին վրայ։
Երկար ատենէ ի վեր շարունակուող բողոքի ալիքը աւելիով բարդացուցած է գործը միջին խաւի ընտանիքներուն, որոնցմէ շատեր արդէն նախքան այս տագնապին սկիզբ առնելը, բաւական մեծ դժուարութիւններ կ՚ունենային իրենց զաւակներուն կրթաթոշակը վճարելու առումով։
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին մէջ վերջերս հիւրընկալուեցան Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանի 6-րդ դասարանի սաները։ Տղաքը շատ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ գիրկընդխառնուեցան եւ ծանօթութիւն հաստատեցին իրարու հետ։
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ երէկ հրաժեշտ տրուեցաւ հանգուցեալ Մաքրուհի Գուրանին:
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը մխիթարեց Նատիա Թաշէլն ու Արամ Գուրանը, որոնց յայտնեց ցաւակցութիւն:
Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Անցեալ տարի էր, օրեր առաջ որոշեցինք հանդերձ ընտանեօք՝ ես, ամուսինս ու մեր երկամեայ փոքրիկ մանչուկը, զբօսնուլ գիշերային Երեւանով։ Թէպէտ դուրսը ձմեռ էր՝ դեկտեմբեր ամիս, սակայն չկար ձիւն։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Աշխարհի մէջ այս օրը՝ յունուար 16-ը, մօտաւորապէս քսան տարիէ ի վեր կը նշուի իբրեւ Պիթըլզի համաշխարհային օր: Օրը բրիտանական հռչակաւոր ռաք խումբի՝ «Տը Պիթըլզ»ի անունով հռչակած է ԻՒՆԷՍՔՕ-ն, նկատի ունենալով, որ 1957 թուականի այդ օրը բրիտանական Լիվըրփուլ քաղաքին մէջ բացուեցաւ The Cavern ակումբը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Այն որ հաւատք ունի, ան որ յոյս ունի եւ ան որ սէր ունի, անոր համար երբեք գոց դուռ չկա՛յ։
Այս ուղղութեամբ մահը «գոց դուռ» մը չէ, սակայն ըստ էութեան «դո՛ւռ» մըն է։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յաճախ կը կրկնենք, թէ բնութիւնը տեւական բարեփոխման եւ վերանորոգման ենթակայ է։ Արդարեւ, ստեղծագործութիւնն ալ նոյնպէս տակաւին կը շարունակուի բարեփոխուելով եւ հետզհետէ նորոգուելով, որպէսզի կատարեալին հասնի, բոլորովին կատարելագործուի։
Պաքըրգիւղի «Լէյլա Կէնճէր» համերգասրահի երդիքին տակ անցեալ կիրակի երեկոյեան տեղի ունեցաւ շատ յատկանշական ձեռնարկ մը։ Պաքըրգիւղի Երաժշտանոցի հիմնարկի հովանիին տակ գործող Աթագիւղի «Մեծ երգչախումբ»ը հանդէս եկաւ համերգով մը, որու գեղարուեստական ղեկավարն էր Չեթին Քէօրիւքճիւ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի գահակալութեան զուգահեռ՝ ներկայիս կը սպասուի պետական հրամանագրի Գումգաբու հասնելուն։ Գահակալութեան արարողութենէն առաջ հաւանական կը համարուէր համապատասխան շնորհաւորական հրամանագրի Պատրիարքարան հասնիլը, սակայն այդ սպասումները չարդարացան։
Հանրապետութեան նախագահը երէկ Պեշթեփէի համալիրէն ներս հիւրընկալեց Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը՝ ջերմօրէն շնորհաւորելով ընտրութիւնը։
Էրտողան ընդգծեց, որ հայ համայնքը Թուրքիոյ համար անուրանալի արժէք մըն է եւ ինք ուշադրութեան առարկայ կը դարձնէ զայն՝ պատմական նշանակութիւնով։
Նորին ամենապատուութիւնը ընդունուեցաւ նաեւ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի եւ Անգարայի կուսակալ Վասիփ Շահինի կողմէ: Իրեն ընկերացան Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու։
Նախագահական պալատի երդիքին տակ գաղափարի փոխանակումներ տեղի ունեցան թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի առկայ հարցերու լուծման հեռանկարներուն շուրջ։