Արխիւ
Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ Տանըլտ Թրամփ երէկ կարեւոր տեսակցութիւն մը ունեցան Ուաշինկթընի մէջ՝ քննարկելով հրատապ հարցեր:
Հանրապետութեան նախագահը Սպիտակ տան երդիքին տակ ընդգծեց, որ 1915-ի վերաբերեալ հայանպաստ բանաձեւին ընդունուիլը վիրաւորած է Թուրքիան:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Վերջերս Հայաստանի Կրթութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեան յայտարարեց, որ Հայաստանի դպրոցներուն մէջ դասաւանդուող կարգ մը առարկաներ վերանայման կարիք ունին: Այդ դասանիւթերուն մէջ է նաեւ Հայոց եկեղեցւոյ պատմութիւնը, որ 2004 թուականէն ի վեր կրթական համակարգին մէջ որպէս պարտադիր առարկայ կը դասաւանդուի:
Պաքըրգիւղի ընտանիքի ջանքերով կազմակերպուած մեծն Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին ձօնուած ձեռնարկը վաղը առաւօտ պիտի կրկնուի Տատեան վարժարանին մէջ։ Ծանօթ է, որ այս ձեռնարկը մաս կազմած էր Տատեան վարժարանի հիմնադրութեան 175-ամեակի յոբելենական ծրագրին։
Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկը վերջերս լոյս ընծայած է «Դէմքեր եւ դրուագներ» խորագրեալ գիրք մը, որ Եդուարդ Սիմքէշեանի գործերու ժողովածոյ մըն է։ Ինչպէս ծանօթ է, մեր համայնքի արդի տարեգրութեանց մէջ Եդուարդ Սիմքէշեան ունի ուրոյն տեղ մը։
Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Եւ այսպէս, երբ Անիի մանկիկը բոլորեց մէկ տարին, նորաթուխ մայրիկը ստիպուած էր, յաճախ ականջ տալու՝ եկող-գացողի, ծանօթ-անծանօթի երեւակայական յօրինուածքներուն՝ երկարատեւ կերակրման վերաբերեալ։
Պատրաստեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ներքեւի յօդուածը արտատպումն է «ԼՈՅՍ» եկեղեցագիտկան շաբաթաթերթի նոր շրջան, Ա. տարի 1905, թիւ 6-ի, 5 փետրուարի խմբագրականին: Յօդուածը կ՚արտատպենք, որովհետեւ անոր պարունակութիւնը այսօր եւս այժմէական եւ պիտանի է:
Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացէն ներս երէկուան դրութեամբ արդէն երկրորդ անգամ դիմում ներկայացուեցաւ դատական իշխանութիւններուն մօտ։ Այսպէս, իրաւաբան Սիմոն Չեքէմ դատ բացաւ Իսթանպուլի Asliye Hukuk ատեանին մօտ, որպէսզի պատրիարքական ընտրութեան գործադրութեան ընթացքը կասեցուի։
Հայաստանի վարչապետը մասնակցեցաւ Փարիզի խաղաղութեան երկրորդ համաժողովին. «Ոեւէ մէկը մեզի հետ չի կրնար խօսիլ ուժի լեզուով»:
Նիկոլ Փաշինեան. «Անձնապէս խնդրած եմ պարոն Ալիեւէն՝ բեկում մտցնել այս բանակցային գործընթացին մէջ։ Մենք ոեւէ մէկուն չենք սպառնար տարածքաշրջանէ ներս»:
Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացէն ներս երէկ երեկոյեան թեկնածուներէն՝ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ժողովուրդի հետ խանդավառ հանդիպում մը ունեցաւ Սամաթիոյ մէջ։ Նորին սրբազնութեան ժողովուրդի հետ այս հանդիպումը արձանագրեց բացառիկ յաջողութիւն։ Երեկոյթը Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ գլխաւորուած մանիշակագոյն շարժումի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած հանրահաւաք մըն էր եւ այս առումով պատրիարքական ընտրութեան գործընթացէն ներս ցարդ կազմակերպուած հաւաքոյթներու ամենայաջողն ու ամենաոգեւորը կը համարուէր։
ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ
Թուրքիա գացող եւ ապրող պէյրութահայուս մօտ այդ երկրի հանդէպ վերաբերմունքի զարգացման մասին պատմող զոյգ այս յօդուածներէս առաջինին մէջ, անցեալ շաբաթ, գրած էի. «Գիտակցաբար կարծես որոշեցի մէկ կողմ դնել պատկերացումներս, եւ կարելի եղածին չափ առանց կանխակալ վերաբերմունքի երթալ Թուրքիա, տեսնել աչքովս, յարաբերիլ երկրին ու մարդոց հետ…»։
Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Իրենց մանկութեան ընկերուհիին՝ Անիի տասնամսեայ մանկան տեսութեան եկած ընկերուհիները, նախաճաշի սեղանի շուրջ նստած՝ բռնուեցան հաճելի զրոյցի։ Այդ ընթացքին անոնք ամէն կերպով կը փորձէին համոզել նորաթուխ մայրիկը, որպէսզի այլեւս դադրեցնէ կրծքով կերակրումը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օրինաւոր պաշտպանութիւնը՝ որ կ՚ենթադրէ ինքնապաշտպանութիւն, անմեղի մը սպանութեան արգելքին նկատմամբ բացառութիւն մը չի ներկայացներ, քանի որ ասիկա եւս «կամաւոր մարդասպանութիւն» է։
Ռուսաստանի արտաքին գործաց նախարարը խօսեցաւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն մասին:
Լաւրով ափսոսանք յայտնեց Ցիւրիխի արձանագրութիւններու ճակատագրին համար եւ շեշտեց, որ մերձեցում մը չկայ:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Օրեր առաջ հայ մամուլը գուժեց սփիւռքահայ ամենէն տարեց բանաստեղծ՝ Ժագ Յակոբեանի մահը։ Անոր համար, այս օրերուն գրական մեր աշխարհէն ներս, սուգ է, որովհետեւ ոչ եւս է երկար տասնամեակներէ ի վեր մեր գրականութեան ածուին մէջ անխոնջ վարուցան ընող մեր երիցագոյն բանաստեղծը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ցաւալիօրէն Հայաստանի քաղաքական-հասարակական կեանքը մտած է փակուղի։ Փակուղի այն իմաստով, որ բոլոր հարթակներու վրայ գոյութիւն ունի մէկ մօտեցում, որն է արագօրէն հակազդել այսօրուան իշխանութիւններուն կողմէ մշակուող, քննարկուող, ձեւաւորուող օրակարգերուն, որոնք մօտիկ ապագային, ու շատ հաւանաբար, տարուին Ազգային ժողով, ուր ալ ստանան օրէնքի ուժ։
Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Իսկ որ կ՚ըսէ. «Արդէն իսկ դատապարտուած է». երեք է իմացումը:
Նախ՝ որովհետեւ մեղաւորները մեղանչելով է, որ դատապարտութեան տակ կը մտնեն, ինչպէս Ադամը պտուղը ուտելով մահկանացու եղաւ, թէեւ իննհարիւր երեսուն տարի ապրեցաւ, սակայն մահով գրաւուած էր, այդպէս ալ մեղաւորներու պարագային իմացիր:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայ իմաստասէր, երաժիշտ, մանկավարժ, հոգեբան, գեղագէտ եւ գրող Շահան Պէրպէրեան, որդին Ռեթէոս Պէրպէրեանի, մեծ համարում ունեցած է Կոմիտաս Վարդապետի անձին եւ գործին հանդէպ, եւ կը դասուի նշանաւոր կոմիտասագէտներու շարքին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կեանքը երկար ճամբորդութիւն մըն է. մարդ կը գտնուի ճամբու մը վրայ՝ ուր կան հանգրուաններ, կայաններ, որոնք առիթներ են նայելու եւ տեսնելու թէ՝ ո՛ւրկէ եկաւ եւ ո՛ւր կ՚երթայ, կերպով մը անցեալին նայելով՝ որոշել նոր ուղղութիւն մը դէպի ապագայ։ Մարդ կրնայ շարունակել իր ճամբան նոյն ուղղութեամբ եւ կամ փոխել իր ուղղութիւնը, աւելի լաւ եւ արդիւնաբեր տեղ մը հասնելու մտադրութեամբ։
Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան կիրակի նախագահեց Պալաթու Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ արարողութիւններուն, որոնք առիթ հանդիսացան մեծ ոգեւորութեան։ Զանազան թաղերէ փութացած հաւատացեալներ լեցուցած էին պատմական եկեղեցին, ուր պատարագեց Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։
Փաշինեան երէկ Էլիզէի պալատին մէջ մասնակցեցաւ պաշտօնական ընթրիքի. Մաքրոնի հետ ողջագուրում:
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը ելոյթ մը կ՚ունենայ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի 40-րդ ընդհանուր վեհաժողովին ժամանակ: