Արխիւ
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Թրքահայութիւնը 2020 թուականը կը դիմաւորէ թօթափած ըլլալով ծանր բեռ մը։ Պատրիարքական Աթոռը այլեւս թափուր չէ։ Համայնքը շուրջ 12 տարի վերջ ունի նոր պատրիարք մը, ինչ որ լաւատեսութեան առիթ մըն է, բնականաբար։
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Փտածութեան հայերէն հոմանիշները կամ բացատրութիւնները կը տրուին որպէս «նեխածութիւն», բայց նաեւ՝ «անբարոյականութիւն»։ Այս իմաստով՝ փտածութիւնը, պատմութեան ընթացքին եւ մինչեւ մեր օրերը, ստացած է ու տակաւին կը ստանայ տարբեր բովանդակութիւն։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Մարդկութիւնը հաշուեփակով մը հրաժեշտ տուաւ նախկին «Նոր Տարուան» եւ նոր նախահաշիւով մը կը մեկնարկէ Նոր Տարին։ 2019-ն այլեւս «հին» մականուամբ կը բնորոշուի, իսկ 2020-ը անցաւ պատմութեան գիրկը՝ իրեն հետ տանելով ուրախ ու տխուր, գունեղ եւ գունատ, պայծառ ու մութ օրեր։
ԵՐԱՄ
Ամէն տարուայ ամէն ամսուայ ամէն օրուայ պէս օր մըն է դեկտեմբեր 31-ը իր համար։
Այս տարի ալ, այդ օրը, կ՚արթննայ սովորականին նման, առանց որեւէ զգացումի, առանց որեւէ կիրքի կամ նպատակի։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
-Այսօր ալ արթնցայ, առտու է նորէն: Է՜հ, ի՞նչ ընել առտուն, ի՞նչ ընել իրիկունը, օրերը, շաբաթները, ամիսները..., ի՞նչ ընել առանձին կեանքը, աս օտար, անշունչ, անմարդ պատերուն մէջ...
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Զարմանալի զուգադիպութեամբ մը, եւ հայ մամուլին նուիրուած տարուան լրումին հետ կը բարձրաձնեմ նիւթ մը, որ այսօր ալ կը շարունակէ աղերս ունենալ հայկական ընդհանուր օրակարգին մէջ։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Տօնական օրեր են դարձեալ: Մարդիկ իրարանցումի եւ պատրաստութիւններու մէջ են՝ դիմաւորելու համար Նոր տարին, այս անգամ արդէն 2020-ը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կեանքի մէջ կան պահեր՝ որ մարդ ինքզինք միս մենակ կը զգայ՝ երեւութապէս, բայց ընկերակցութեամբ Աստուծոյ։ Այս միայնակութիւնը առանց մարդկային ընկերակցութեան միայնակութիւն մըն է, բայց ընկերովի՝ Աստուծոյ։ Միայնակութիւն մը նաեւ՝ ընկերովի մտածումներո՛ւ։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան շաբաթավերջին ենթարկուեցաւ վիրահատութեան։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Արմէն Սարգսեան վիրահատական միջամտութեան ենթարկուած է արտասահմանի մէջ։
Նիկոլ Փաշինեան. «2020-ին մենք պէտք է աւելի շօշափելի դարձնենք դրական փոփոխութիւնները»:
Հայաստանի պետական աւագանին եւ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը շաբաթավերջին այցելեցին «Եռաբլուր» պանթէոն:
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթը 2020 թուականի տարեմուտին առթիւ համախմբուեցաւ խրախճանքի մը մթնոլորտին մէջ։ Միութեան հաւաքատեղիին մէջ կազմակերպուած այս աւանդական խրախճանքը իսկապէս փայլուն անցաւ եւ մարալցիները բարձր տրամադրութեամբ ողջագուրուեցան նոր տարիի մը սեմին։
Համայնքային երկու երախտաշատ բարերարներ՝ տուրքի մրցանիշաւորներու շարքին դասուեցան:
Արէտ Երկանեանի եւ Պետրոս Շիրինօղլուի հաստատութիւններուն ոսկէ եւ արծաթ մետայլներ շնորհուեցան İTO-ի կողմէ:
Պէզճեան Մայր վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ շաբաթավերջին Ամանորի առթիւ այցելեցին Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց։ Տնօրէնուհի Թալին Նայիրի կողմէ գլխաւորուած խումբը առաջին հերթին այցելեց հիւանդանոցի «Շիրինօղլու» թանգարանը։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ շաբաթավերջին իր մահկանացուն կնքած է պոլսահայ կրթական համակարգի երախտաշատ ու փորձառու դէմքերէն Կարապետ Մխալեան։ Այս կորուստը իսկապէս յուզում պատճառած է մեր համայնքի կրթական շրջանակներուն, որովհետեւ Կարապետ Մխալեանի տխուր հրաժեշտը կը համարուի անժամանակ։
Յայտնի մեներգչուհի Լիտա Քէօսէօղլու շաբաթավերջին իր սկաւառակները մակագրեց Բանկալթիի «Նոսթալժի» գրախանութին մէջ։ Ինչպէս ծանօթ է, Լիտա Քէօսէօղլու վերջերս թողարկած է իր առաջին սկաւառակը, որ կը կոչուի «Լոյս»։
Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ երէկ ապրուեցաւ տօնական օր մը։ Պատմական թաղի արարողութիւններուն նախագահեց Ամեն. Տ. Սահակ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հայրը, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Տասնամեակներ շարունակ իր կախարդիչ գաղափարները, երեւակայութիւնը եւ գրական հմտութիւնը համադրելով՝ հիասքանչ գործեր ստորագրած Սթեֆըն Քինկի գլուխ գործոցներէն մին կը համարուի «Ընտանի կենդանիներու գերեզմաննոց»ը, որ լոյս տեսած է 1983 թուականին։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ընդամէնը ժամեր մեզ կը բաժնեն նոր տարեմուտէն։ Մերձաւոր Արեւելեքի կտրուածքով բախտառիթ տարի մը չեղաւ ոչ միայն ինն տարիէ ի վեր տագնապի մէջ տապլտկող Սուրիոյ, այլ նաեւ՝ արդէն իսկ տնտեսական բարդ դրութեան մատնուած Լիբանանին համար։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Ամանորի խրախճանք մը։ Տղաքը փայլուն յաջողութեամբ գործադրեցին օրուան յայտագիրը։
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
Հակադրութիւններ տեսնելու մարդ արարածի ընդհանրութեան մէջ այնքան է տարածուած, որ ամէնուր զայն ելակէտի հետ է փոխարինուած. Սեւի դէմ՝ ճերմակը, գիշերուան դէմ՝ ցերեկը, բարութեան դէմ՝ չարիքը, մահուան դէմ՝ ծնունդը…