Արխիւ
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Հոգաբարձուներու խորհուրդի 28-րդ ժողովը՝ Երեւանի մէջ:
Նախագահ Արմէն Սարգսեան կը նախատեսէ հայապահպանութիւնը դարձնել ռազմավարական նպատակ մը:
Զօհրապ Մնացականեան երէկ նախապատրաստական բնոյթով հանդիպում մը ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ:
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ վաղը նախատեսուած է տեսակցութիւն մը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ:
Պատրիարքական Աթոռոյ Պատկառելի Կրօնական Ժողովը 18 յունիս 2019, երեքշաբթի, ժամը 10.00-ին, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի նախագահութեամբ եւ Գերշ. Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի ատենապետութեամբ գումարուած Ժ. նիստին քննարկեց Պատրիարքական Տեղապահի ընտրութեան ձեռնարկելու գործընթացը։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ սկսաւ միաբանական ընդհանուր ժողով, որ կը շարունակուի մինչեւ շաբաթավերջ՝ բազմակողմանի ծրագրով:
Վեհափառ Հայրապետը ժողովականներուն փոխանցեց իր օրհնութիւնը: Պոլսոյ Պատրիարքութիւնը կը ներկայացնեն Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան եւ Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան:
ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ
Նախորդող յօդուածներուս մէջ գրած էի, որ համշէնցիներուն մէջ կան երեք ենթաբաժանումներ։ Առաջին. իրենք զիրենք համշէնցի-թուրք համարողները։ Երկրորդ. իրենք զիրենք զուտ համշէնցի համարողները, որոնք համշէնեան ինքնութիւնը աշխարահագրականէ եւ մշակութայինէ ազգայինի կը բարձրացնեն։
Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Պետութիւններն, ազգերն ու ժողովուրդները, նոյնիսկ՝ քաղաքները ունին իրենց առանձնայատկութիւնները։ Ի տարբերութիւն մարդոց, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի իր էութիւնը. զոր օրինակ՝ բնաւորութեան յատուկ գիծերը, մտածելակերպը, նախասիրութիւններն ու սովորութիւնները՝ տարածքաշրջանի մը ժողովուրդի առանձնայատկութիւնը կը բնորոշուի՝ հաշուի առնելով տուեալ տարածքաշրջանի բնակչութեան ընդհանրական գիծերն ու նմանութիւնները։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ձայնը ամենէն շատ բռնացող զգայելին է՝ բաղդատմամբ միւս զգայելիներուն, ինչպէս՝ լոյս եւ գոյն, ձեւ, բոյր, համ, եւ այլն։ Ան նաեւ ամենէն աւելի հեռագնացն է, եւ ամենէն դժուար խափանելին։
Ս. Խաչ դպրեվանքի մէջ 2018-2019 կրթական շրջանը եզրափակուեցաւ վկայականներու բաշխման արարողութեամբ։ Ամբողջ աշակերտութեան, ուսուցչական կազմի եւ խնամակալութեան ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ հանդիսութիւնը։
Կրօնական ժողովի երէկուան նիստէն վերջ համայնքին ուշադրութիւնը կեդրոնացած է յառաջիկայ շաբաթ նախատեսուած Եկեղեցականաց համագումարին վրայ:
Պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին հեռանկարները հետզհետէ կը յստակենան՝ Պոլսոյ Աթոռի դարաւոր նախընթացներուն եւ աւանդութիւններուն համապատասխան:
Թուրքիոյ եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ տարակարծութիւնները կը մնան առկայ՝ Ս-400 ռուսական հրթիռային համակարգերուն եւ Ֆ-35 ամերիկեան ռազմաօդանաւերու վերաբերեալ հարցերուն բերումով։ Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար երէկ նամակ մը ուղարկեց ԱՄՆ-ի պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Փեթրիք Շանահանին։
Հայկական ֆութպոլի արդի մեծ աստղը Հենրիխ Մխիթարեան ամուսնացաւ Պեթի Վարդանեանի հետ։ Նորապսակ ամոլի հարսանեկան խորհրդակատարութիւնը տեղի ունեցաւ Վենետիկի Ս. Ղազար կղզիին վրայ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ընկերութիւն մը ամբողջութիւնն է անձերու, որոնք զօդուած են իրարու անդամական՝ օրկանական կապով՝ միութեան սկզբունքի մը համեմատ, որ գեր ի վեր է քան անոնցմէ իւրաքանչիւրը։ Ընկերութիւն մը ըլլալով միանգամայն տեսանելի են եւ հոգեւոր համախումբ մը, որ կը համընթանայ ժամանակին մէջ եւ ան կը ներփակէ անցեալը եւ կը պատրաստէ ապագան։
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Քանի մը ամիս առաջ լոսանճելըսահայ մամուլին մէջ լոյս տեսած ծանուցում մը վրդովմունք պատճառած էր մեզի, վստահ ենք՝ նաեւ բազմաթիւ նախանձախնդիրներու: Կլենտէյլի «Պերճ» գրատունը կոչ ուղղած էր հանրութեան, որ գիրք չթափեն, այլ իրեն բերեն:
Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Ինչո՞ւ չ՚ըսեր. «Աստուծոյ որդիներ ըրաւ», այլ՝ անոնց իշխանութիւն տուաւ:
Պատասխան. Երեք պատճառով. նախ, ով որ Աստուծոյ որդեգրութեան պատկերը ինքն իր վրայ կ՚առնէ, պէտք է բամաթիւ արթնութիւն եւ հոգ ընէ, որպէսզի Աստուծոյ պատկերը անջինջ մնայ:
Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկաւ հերթական յայտարարութեամբ՝ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին շուրջ։ Յառաջիկային նախատեսուած է պատրիարքական տեղապահի մը ընտրութիւնը։
Նախկին նախարար Վոլքան Պոզքըր երէկ հիւրընկալուեցաւ Շիշլի մարզակումբի վարչութեան կողմէ:
Երեսփոխանը, որուն կ՚ընկերանային ԱՔ կուսակցութեան ներկայացուցիչները, քաղեց բազմակողմանի տեղեկութիւններ:
Կրօնական ժողովը այս առաւօտ Գումգաբուի մէջ գումարուեցաւ՝ ընդհանուր փոխանորդի նախագահութեամբ, յառաջիկային նախատեսուած տեղապահի ընտրութեան ընդառաջ:
Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեանի եւ Տ. Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեանի մօտեցումները ընդհանուր առմամբ կը համընկնին ներկայ փուլին. լուծումը Աթոռի վաղեմի նախընթացներով:
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հովանաւորութեամբ, յառաջիկայ սեպտեմբերին, Հայաստանի մէջ կը կազմակերպուի բացառիկ ցուցահանդէս մը, նուիրուած Երուսաղէմի նշանաւոր Պալեան ընտանիքի աւանդական գործին՝ Երուսաղէմի մէջ հայկական յախճապակիի հիմնումի 100-ամեակին: Մօտիկ անցեալին եւս՝ 2017 թուականին, Երեւանի Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկին մէջ Պալեաններու ընտանեկան ժառանգութեան նուիրուած ցուցահանդէս մը բացուած էր:
2018-2019 կրթական շրջանը Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ եզրափակուեցաւ խանդավառ հանդէսներով։ Տարեվերջին կազմակերպուեցաւ դպրոցի աւանդական փառատօնի շաբաթը։ Նոյն ծիրին մաս կազմեցին անգլերէնի եւ գիտութեան փառատօները։
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Թանիա Ռիքարտօ 30-ամեայ ամուսնալուծուած կին մըն է, որ կ՚ապրի Թեքսաս նահանգի Հիւսթըն քաղաքին շրջակայքը։ Անոր կեանքին երազն էր նմանիլ՝ Մեծն Բրիտանիոյ Իշխանուհի Մեկըն Մարքըլի…