Արխիւ
Անգլիոյ Երեսփոխանական ժողովը երէկ երրորդ անգամ մերժեց BREXIT-ի համաձայնութիւնը։ Այսպէսով անգլիացի խորհրդարանականները ճանապարհ հարթեցին, որպէսզի երկիրը ապրիլի 12-ին դուրս մնայ Եւրոմիութեան կազմէն։ Անգլիացի երեսփոխանները ձայներու 344-286 յարաբերակցութեամբ մերժեցին BREXIT-ի համաձայնութիւնը։ Նախապէս յունուարի 15-ին եւ մարտի 12-ին ալ անոնք հանդէս եկած էին նման դիրքորոշումով։
Երէկ, Անթալիայի մէջ տեղի ունեցաւ Թուրքիա-Ռուսաստան Համատեղ ռազմավարական ծրագրաւորման խմբակի ժողովը, որու առթիւ մէկտեղուեցան երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները՝ Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ Սերկէյ Լաւրով։ Պելէքի զբօսաշրջութեան գօտիի պանդոկներէն մէկուն մէջ տեղի ունեցաւ ժողովը, որու ծիրէն ներս նախարարները ունեցան նաեւ առանձնազրոյց մը։
Վաղը բովանդակ Թուրքիոյ մէջ նախատեսուած են տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններ։ Թէ՛ իշխանութեան եւ թէ ընդդիմութեան տեսակէտէ այս փուլը կը խորհրդանշէ կարեւոր փորձաքար մը։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ հանդիպում մը ունեցան Վիեննայի մէջ, ուր որոշեցին շարունակել ուղիղ երկխօսութիւնը։ Ցայսօր Փաշինեան եւ Ալիեւ Տուշանպէի, Սեն Փեթերսպուրկի եւ Տաւոսի մէջ հանդիպումներ ունեցած էին միջազգային զանազան համաժողովներու շրջանակներէն ներս։ Երէկուան հանդիպումը, որ կազմակերպուած էր ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու նախաձեռնութեամբ, երկու ղեկավարներու առաջին ուղղակի հանդիպումն էր։ Վիեննայի «Պրիսթոլ» պանդոկէն ներս բանակցութիւնները տեւեցին ընդհանուր առմամբ 3 ժամ 15 վայրկեան։ Առաջին հերթին Փաշինեան եւ Ալիեւ մէկտեղուեցան՝ ներկայութեամբ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Կազզէի «խաղաղութիւն»ը յաւիտենական չէ…
Միջին Արեւելքի մէջ արձանագրուող զարգացումները յաճախ անմիջական կապ կ՚ունենան շրջանին մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցող «խաղացող» երկիրներու ընտրական օրակարգերուն հետ։
BREXIT-ի գործընթացի մատնուած փակուղին կը բնորոշէ նաեւ Անգլիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյի քաղաքական ճակատագիրը։ Ներկայ իրավիճակով գրեթէ անխուսափելի դարձած է անգլիացի վարչապետի հրաժարականը, ինչ որ կը համարուի միայն ժամկէտի հարց։ Financial Times թերթն ալ այս իրավիճակին մէջ հաղորդեց, որ Թերեզա Մէյի հաւանական հրաժարականէն վերջ վարչապետի պաշտօնին համար պայքար պիտի ընթանայ չորս քաղաքական գործիչի միջեւ։
Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի նախագահութեամբ, վերջին երեք օրերուն Պելժիոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեւորականաց հաւաք մը։ «Արդարութեան Ս. Աստուածամայր» վանքին (Ռհոտ-Սեն-Ժընէզ) մէջ տեղի ունեցաւ այս հաւաքը, որու առթիւ համախմբուեցան այն հոգեւորականները, որոնք կը ծառայեն Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակութեան հոգեւոր իշխանութեան սահմաններէն ներս։
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու այսօր Անթալիոյ մէջ կը հիւրընկալէ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը։ Ինչպէս հաղորդած էինք, ապրիլի 8-ին Մոսկուայի մէջ նախատեսուած է Թուրքիա-Ռուսաստան բարձր մակարդակի համագործակցութեան խորհուրդի հերթական ժողովը։
Շաբաթավերջի ընտրութիւններուն ընդառաջ հանդիպում՝ Ֆէրիգիւղի ընտանիքի վարիչներուն հետ:
Մուսթաֆա Սարըկիւլ կը նախատեսէ երկու տարուան ընթացքին վերակառուցել Մէրամէթճեան վարժարանի շէնքը:
Նիկոլ Փաշինեան եւ Իլհամ Ալիեւ այսօր կը քննարկեն Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացի հեռանկարները:
Վիեննայի մէջ երէկ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն Զօհրապ Մնացականեանի եւ Էլմար Մամետեարովի միջեւ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Տնտեսի կիրակի»ն Մեծ պահոց շրջանի կիրակիներուն չորրո՛րդն է, ուր կը պատմուի «աշխարհի որդի»ի մը խորագիտութիւնը, որ պէտք է սորվին եւ գործադրեն նաեւ «լոյսի որդի»ները։ Տնտեսի կիրակիին Հայ Եկեղեցւոյ մէջ Ճաշու ժամուն կը կարդացուի Ղուկասի աւետարանին ԺԶ. գլուխը, որուն սկիզբը կայ «Տնտեսին առակ»ը։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Աչքերը հանդիպեցան իրարու, բարեւեցին: Բարեւը հնչիւն հագաւ՝ «Նստէ՛ք», ու մեքենայական շարժումներով մէկը ձախ ձեռքը երկարեց, միւսը ձեռքը բռնած, աչքերը սեւեռեց դիմագիծին, ճակտին եւ սկսաւ մեկնութեան.
Ֆէրիգիւղի վարժարանին կողմէ կազմակերպուած միջվարժարանային ճատրակի մրցաշարքը եզրափակուեցաւ նախընթաց օր «Շիրինօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցած պարգեւատրման արարողութիւնով։
Փոքրերու դասաւորման մէջ մրցաշարքին մասնակցեցան չորս վարժարաններու խումբեր՝ Մէրամէթճեան (երկու կազմով), Տատեան, Գարակէօզեան եւ Եշիլգիւղ։ Ֆէրիգիւղցիները եղան յառաջատարը։
Համաշխարհային թատրոնի օրուան առթիւ նախընթաց օր Գալֆաեան Տան սաներուն համար ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ Սկիւտարի սանուց միութեան մէջ։ Օրուան ծրագիրը պատրաստուած էր դպրոցի ուսուցչուհիներէն Թարա Տեմիրճիօղլուի կողմէ, որ միեւնոյն ժամանակ հանդիսավարի պաշտօնը կատարեց յայտագրի գործադրութեան ընթացքին։
Իրմա Աճէմեանի բանաստեղծութիւններով պատրաստուած եզակի յայտագիր մը։
Արամեան-Ունճեան վարժարանի անմոռանալի տնօրէնուհին վերյիշուեցաւ փայլուն ձեռնարկով մը։
Յառաջիկայ մայիսին մեր համայնքէն ուխտագնացութիւն մը պիտի կազմակերպուի դէպի Կրետէ կղզի։ Ինչպէս հաղորդած էինք նախապէս, տեղւոյն Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան յոբելեանը պիտի նշուի հանդիսաւոր ձեւով։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի Կեդրոնական դրամատունը յայտնած է, որ 22 մարտէն սկսեալ «Գալուստ Կիւլպէնկեան-150» ոսկէ յուշադրամը շրջանառութեան մէջ դրուած է եւ կու գայ լրացնելու Կեդրոնական դրամատան թողարկած յուշադրամներուն ցանկը եւ տուրք մըն է հայ նշանաւոր գործարար, բարերար, հաւաքորդ Գալուստ Կիւլպէնկեանի 150-ամեակին:
Յատկանշական է, որ յուշադրամը շրջանառութեան մէջ դրուած է Կիւլպէնկեանի ծննդեան օրուան նախորդ օրը:
Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքի ներկայացուցիչը:
Խորհրդակցութիւն՝ Ուղղափառ եկեղեցիներու դիմագրաւած առկայ մարտահրաւէրներուն շուրջ:
«Այ. Թի. Պի. Պերլին» միջազգային զբօսաշրջութեան ցուցահանդէսին այս տարի հայաստանեան միասնական տաղաւարին մէջ երկրի զբօսաշրջութեան գրաւչութիւնը ներկայացուցած են այդ ոլորտին մաս կազմող 14 ընկերութիւններ. ներկայացուած առաջարկներուն մէջ կան նաեւ շարք մը ծրարներ դրացի Վրաստանի հետ:
Երկիրը աւելի շատ ծանօթացնելու նպատակով, ցուցահանդէսի ծիրին մէջ, նախնական պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերուեցան նաեւ զբօսաշրջութեան գործարարութեան բազմաթիւ ներկայացուցիչներու, քաղաքական գործիչներու, գործարարներու, միջազգային էջատէրերու հետ, որոնք ծանօթացան հայկական զբօսաշրջութեան հնարաւորութիւններուն եւ երկրի հարուստ մշակութային ժառանգութեան:
Անգլիոյ Երեսփոխանական ժողովէն ներս երէկ դարձեալ քուէարկութիւններ տեղի ունեցան BREXIT-ի շուրջ։