Արխիւ
ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ
Ժաք Պերրիի «Ճոննի Պի Կուտ» երգը կարելի է համարել «ամերիկեան երազանքի» մասին առաջին ռաք ըն ռոլ երգը: Անոր հերոսը հեռաւոր գիւղի բնակիչ խեղճ եւ անկիրթ տղայ մըն է, որ ուսում չէ ստացած, բայց հիանալի կիթառ կը նուագէ եւ յաջողցնելով իր կեանքը հնարաւորութիւն կ՚ունենայ գումար վաստակել:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Օրհնեալ ըլլայ ան՝ որ կու գայ Տիրոջ անունով»։
Ահաւասիկ, Մեծ պահոց 40 օրերը իրենց լրումին հասան եւ Հայ Եկեղեցին 40-օրեայ պահեցողութեան շրջանը բոլորեց։
ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Մեծ Պահոց վերջին կիրակին կը կոչուի Ծաղկազարդ։ Ծաղկազարդը Յիսուս Քրիստոսի հանդիսաւոր մուտքն է Երուսաղէմ։ Երբ Յիսուս աւանակի վրայ նստած մուտք կը գործէ Երուսաղէմ, ժողովուրդը խանդավառ ընդունելութիւն ցոյց կու տայ անոր՝ ձիթենիի եւ արմաւենիի ճիւղերով դիմաւորելով զինք։
ՆՈՒԱՐԴ ՄԱՏՈՅԵԱՆ-ՏԱՐԱԳՃԵԱՆ
Մեր ազգային կեանքին մէջ որքան լուսաւոր եւ մխիթարական երեւոյթներ կան, նոյնքան ալ կան մտահոգիչ հարցեր ու խնդիրներ։ Տարիներէ ի վեր կը գրենք ու կը պայքարինք մեր հաւաքական կեանքին մէջ գետին գտած դատապարտելի տխուր երեւոյթներու մասին։
Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Յառաջիկայ կիրակի 14 ապրիլին, Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին պիտի յիշատակէ մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին յաղթական մուտքը Երուսաղէմ, որ մեր ժողովուրդին մօտ յայտնի է Ծաղկազարդ անունով: Ծաղկազարդը այլ ժողովուրդներու մօտ ծանօթ է Արմաւենեաց օր անունով:
Հայաստանի մէջ ազգային գրադարանային շաբաթը կը սկսի ապրիլի 15-ին։ Այսպէս, Հայկական գրադարանային ընկերակցութիւնը ապրիլի 15-22 թուականներուն Հայաստանի մէջ կ՚իրականացնէ աւանդաբար նշուող Ազգային գրադարանային շաբաթը, որ այս տարի նուիրուած է մեծանուն բանաստեղծ Յովհանէս Թումանեանի եւ հայկական ազգային յօրինողական դպրոցի հիմնադիր Կոմիտասի 150-ամեակներուն:
Անցեալ տարի Մատենադարան այցելած է 113 հազար հոգի։ Այսպէս, Հայաստանի Մեսրոպ Մաշտոց Մատենադարանի հին ձեռագրերու գիտահետազօտական կաճառը 2018 թուականին ունեցած է 113 հազար այցելու, իսկ Արցախի մասնաճիւղը՝ 16 հազար:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Յաճախ դիպուածները առիթ կը հանդիսանան, որ նոր անուններու ծանօթանաս։ Ի դէպ լրագրութեան ասպարէզին մէջ մտած ոեւէ գրողի համար շատ կարեւոր են կապերը՝ յարաբերութիւնները։
«Սինոփսիս Արմենիա»ի եւ Հայաստանի Փոլիթեքնիկ համալսարանին միջեւ համագործակցութիւն:
Երուանդ Զօրեան մեծապէս կը կարեւորէ տեղեկատուական փորձագիտութիւններու ոլորտի զարգացումը երկրէն ներս:
ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Աղօթքի, ծոմապահութեան եւ ապաշխարութեան շրջանը իր աւարտին կը հասնի Մեծ պահոց վերջին ուրբաթ երեկոյին կատարուած խաղաղականի Ժամերգութեամբ։ Այդ պահէն սկսեալ մենք մուտք կը գործենք տարւոյն ամենասուրբ շրջանի շեմէն ներս։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Ո՞ւր են աչքերը,- կը մտմտամ դարձեալ
պահն է վերյիշելու
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Երեւան, ագահօրէն, ամէն օր, հեռատեսիլին պաստառին առջեւ նստած, ես ալ zapping կ՚ընեմ, ոչ թէ պատկերներու յաջորդականութեամբ ձանձրոյթ փարատելու համար, այլ բազմաթիւ կայաններէ յորդող հայերէն լսելու: Այդ կրկնուող, աղմկող, լուսաբանող, հմայող բառերով կ՚ապրիմ իմ իրաւութիւնս: Ափսոս, որ այդ հայերէնը յաճախ կը խարանուի օտար բառերով եւ օտարաբանութիւններով:
Անցեալ շաբթուան մէջ տեղի ունեցաւ «Հայճար»ի հերթական համագումարը, որու արդիւնքին ընտրուեցաւ միութեան 7-րդ շրջանի վարչութիւնը։ Նորընտիր վարչութիւնը արդէն ձեւաւորած է նաեւ իր դիւանը։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով այս երկուշաբթի՝ ապրիլի 15-ին հանդիպում մը պիտի ունենան Մոսկուայի մէջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, հանդիպման ներկայ պիտի գտնուին նաեւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով՝ որպէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկրի արտաքին գործոց նախարար։
Հայաստանի վարչապետը ելոյթ մը ունեցաւ ԵԽԽՎ-ի գարնան նստաշրջանի լիագումար նիստին ժամանակ։
Փաշինեան. «Հարեւաններու հետ մեր յարաբերութիւնները կը պատկերացնենք խաղաղութեան օրակարգի շրջանակին մէջ»։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Բոլոր հին թէ նոր արարողութիւնները ունին իրենց մեքենականութեան առաւել կամ նուազ ժողովրդային հաւատալիքներու եւ սովորութիւններու ազդեցութիւնները, որոնք յաճախ կը փոխուին միջավայրի, շրջանի եւ զարգացման աստիճանի համապատասխան երեւոյթներ ցոյց տալով։ Այս ուղղութեամբ, առնենք հայ ժողովուրդի աւանդական ծէսերէն՝ ամուսնութիւնը պատմական եւ ընկերային տուեալներու լոյսին տակ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ողջախոհութիւն» իր լայն առումով կը նշանակէ՝ զգաստութիւն, պարկեշտութիւն։ Ողջախոհ՝ ողջամիտ մարդը խոհեմ է, գիտակից, լուրջ, բանական, եւ իր խօսքերուն եւ գործերուն մէջ չափաւոր՝ ժուժկալ, անկեղծ, մաքրամի՛տ։ Եւ այս իմաստով ողջախոհութիւնը առաքինութի՛ւն մըն է եւ ուղիղ նկարագրի մը արտայայտութի՛ւնը։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Մարդը իր կեանքի ընթացքին, ինքզինք սիրցնելու եւ կամ սիրելու մարմաջէն թելադրուած, միշտ ուզած է լաւագոյն ձեւով արտայայտուիլ: Ու նկատած է, որ երգն ու երաժշտութիւնը ամենէն ազդեցիկ, կախարդական եւ իմաստալից որդեգրումն է եղած իր այս նպատակին հասնելու համար:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւանի սրտին վրայ գտնուող եւ շատերուն յայտնի «Մեղեդի» սրճարանը հալէպահայերուն երեւանեան գլխաւոր հանդիսավայրն է։ Ամառ թէ ձմեռ, սուրիահայեր, յատկապէս հալէպահայեր «Մեղեդի» կը փութան զիրար տեսնելու, իրարու հետ զրուցելու, Հալէպի իրավիճակին մասին լուրեր ստանալու եւ մէկ խօսքով՝ հալէպեան վերյուշով ապրելու։
Տեսակցեցաւ՝
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Եթէ կեանքը ընդունինք անզուգական դաշնամուր մը, ուրեմն ամէն մարդ կը նուագէ իր դաշնամուրին վրայ։ Զանազան են կեանքի մեղեդիները։ Երբեմն մարդիկ կը փոխեն դաշնամուրը, բայց արդիւնք չ՚ունենար։