Արխիւ
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Յունիս 21-ին, 17 տարի առաջ, Սիաթըլի մէջ (Միացեալ Նահանգներ), ստամոքսային անողոք հիւանդութեան մը դէմ երեք տարի մաքառելէ ետք, 89 տարեկանին վախճանեցաւ հայ ժողովուրդի աշխարհահռչակ արժէքներէն Ալան Յովհաննէս (1911-2000)։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Իրաքի գաղթականներու հարցերով զբաղող մարմնի ՄԱԿ-ի գրասենեակի գործադիր տնօրէնը վերջերս կը գտնուէր Երեւանի մէջ: Լիբանանահայ երիտասարդ գործիչը, որ վերջին անգամ կը պաշտօնավարէր Յորդանանի «Ալ Զահթար»ի գաղթակայանին մէջ, այսօր փոխադրուած է Իրաքի Քիւրտիստանի հատուածի կեդրոնատեղի համարուող՝ Էրպիլ:
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Ինքնասպանութիւնը միայն սեփական մարմնիդ դէմ ուղղուած վտանգ մը չէ, ոչ ալ մտքիդ մէջ գոյաւորուած տարտամ եւ անկայուն վիճակին յանկարծակի պոռթկման մէկ հետեւանքը։ Ինքնասպանութիւնը ունի իր բազմակի տեսակաւորումներն ու շերտաւորումները. շատ յաճախ հաճոյաձիգ երեւոյթներով՝ կը սպաննես նկարագիրդ եւ բարոյական արժէքներդ, բարոյազուրկ գաղափարներով՝ կը տոչորես շինիչ մտածումներդ, իսկ զազիր մոլութիւններով՝ ընտանիքիդ կեանքի թելը կը կտրես՝ խոր վիհ մը յառաջացնելով քու, տիկնոջդ եւ զաւակներուդ միջեւ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մտածելը՝ մարդուս ամենէն յատկանշական արարքն է, քանի որ ան միակ էակն է որ բանականութիւն ունի՝ կը խորհի, կը դատէ եւ կ՚որոշէ։ Ամէն մարզի մէջ, եւ մանաւանդ մտային զարգացման համար ալ անհրաժեշտ է վարժութիւնը՝ մտային մարզանքը։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը Պրիւքսելի մէջ մասնակցեցաւ ԵԺԿ-ի գագաթաժողովին:
Սերժ Սարգսեան անդրադարձաւ Հարաւային Կովկասի տարածքաշրջանային կայունութեան եւ անվտանգութեան խնդիրներուն:
Պատրիարքական ընտրութեան նախապատրաստական գործընթացը յառաջ կը տարուի բազմակողմանի խորհրդակցութիւններով, որոնց արդիւնքով աստիճանաբար կը բիւրեղանան համայնքային շրջանակներու սպասումները եւ կը յստակենայ հերթականութիւնը այն շփումներուն, որոնք պիտի մշակուին պատկան իշխանութիւններուն հետ:
Ուժերու գործնական համախմբում: Կրօնական ժողովէն վերջ, թրքահայ գլխաւոր աշխարհական վարիչներն ալ անվերապահ զօրակցութիւն յայտնեցին տեղապահ սրբազան հօր նկատմամբ: Գումգաբուի երէկուան հանդիպման զուգահեռ՝ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան այսօր դարձեալ կը մէկտեղուի իր անմիջական շրջապատի դէմքերուն հետ: Նորին սրբազնութիւնը վաղը պատրիարքարանի երդիքին տակ պիտի տեսակցի նաեւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հետ:
Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի եւ Թորոս Ալճանի միջոցաւ պետական մարմիններէն փոխանցուած դրական ազդանշանները կը շարունակուին: Իսլամաց մօտալուտ Ռամազան տօնի արձակուրդէն անմիջապէս վերջ Իսթանպուլի կուսակալութեան պիտի ներկայացուի առաջին դիմումը: Ամուր հիմքեր կը ստեղծուին՝ նոր նախաձեռնարկ մարմին մը կազմելու նպատակով:
Արցախի ճակատին վրայ լարուածութիւնը կը մնայ առկայ։ Ատրպէյճանի բանակին կողմէ ձեռնարկուած ռազմափորձերու մթնոլորտին մէջ անցեալ շաբաթավերջին սաստկացած էին հրադադարի խախտումները եւ ազէրի զօրքերուն կողմէ կատարուած յարձակումներուն զոհ գացած էր չորս հայ զինուոր։
Երէկ երեկոյեան Էսաեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ 2016-2017 կրթական շրջանի ընթացաւարտներու հրաժեշտի հանդիսութիւնը։ Դպրոցէն ներս մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց շրջանաւարտներուն ի պատիւ կազմակերպուած այս ձեռնարկը եւ Էսաեանի ընտանիքը յարատեւ յաջողութեան մաղթանքով հրաժեշտ տուաւ ընթացաւարտներուն։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Կրկին ուրախ լուր: Այս անգամ Հայկը մեր քովն է: Նոր խապրիկ: Վեց եւ քիչ մը աւելի տարիք ունեցող մեր թոռնիկը այս շաբթուան բոլոր օրերը մեզի հետ պիտի անցընէր, որովհետեւ իր հայրն ու մայրը, իր չար բախտէն, իսկ մեր բարի բախտէն՝ իրենց աշխատանքին կամ գործի բերումով քաղաքէն պիտի բացակայէին եւ իրարմէ տարբեր նահանգներու մէջ սեմինարներու ներկայ պիտի ըլլային պարտադրաբար: Զուգադիպութիւն:
ՆՈՒԱՐԴ ՄԱՏՈՅԵԱՆ-ՏԱՐԱԳՃԵԱՆ
Ֆրետերիք Ֆէյտին այն գիտնականն է, որ հայոց լեզուն ուսումնասիրած է ոչ միայն ելլելով լեզուի տեսութեան պահանջներէն, այլեւ փորձած է ճանչնալ հայոց դարաւոր մշակոյթը, գիրն ու գրականութիւնը, պատշաճ արժեւորումը տալ հայ ժողովուրդին։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ստորեւ կը շարունակենք ներկայացնել Թովմա Ա. Քհնյ. Շիկահերի հպարտութեան մասին յօդուած-քարոզը՝ որ հրատարակուած է Պոլսոյ Քահանայից Միութեան կողմէ՝ 1931 թուականին, «Եօթն Մահացու Մեղքեր» հատորին մէջ։ Այս շահեկան յօդուածը առիթ մըն է անդրադառնալու «հպարտութեան» վա՜տ զգացումին, եւ սրբագրելու մեր սխալները այդ մասին, եթէ ունինք…։
Պատրիարքական Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ երեկոյեան մասնակցեցաւ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու հաստատութիւններուն անունով կազմակերպուած իֆթարի սեղանին։ Ինչպէս ծանօթ է, վերջին շրջանին աւանդութիւն մը դարձած է նման ընթրիքներու կազմակերպումը։
Պատրիարքական Աթոռը ընտրութեան հարցին շուրջ երէկ ի վերջոյ դիմում կատարեց պետութեան:
Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պեքճեան եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան ստորագրեցին կուսակալութեան ուղղեալ նամակը:
Հայաստանի մէջ աւարտեցաւ «Արտ ֆեստ» միջազգային երիտասարդական փառատօնը, որ տեղի ունեցաւ Յունիսի 8-19 թուականներուն միջեւ եւ կրեց «Մէկ տանիքի ներքոյ» խորագիրը: Այսպէս, լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին փառատօնը ամփոփեցին կազմակերպիչներն ու դատակազմի անդամները:
Պէշիկթաշի քաղաքապետութեան նախաձեռնութեամբ երէկ երեկոյեան իֆթարի սեղան մը սարքուեցաւ Չըրաղանի «Four Seasons» պանդոկին մէջ։ Պէշիկթաշի քաղաքապետ Մուրատ Հազինետարի տանտիրութեամբ ընթրիքի սեղաններու շուրջ համախմբուեցան զանազան յարանուանութիւններու եւ հասարակութեան զանազան շրջանակներու ներկայացուցիչներ։
Հայաստանի կառավարութիւնը կը նախատեսէ ապահովել 5 տոկոս տնտեսական աճ:
Վարչապետ Կարապետեան խորհրդարանի ամպիոնէն պատասխանեց երեսփոխաններու հարցումներուն:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Պրիւքսել։ Ան երէկ երեկոյեան Երեւանէն ուղեւորուեցաւ դէպի Պելժիոյ մայրաքաղաքը, ուր այսօր կ՚ունենայ շարք մը շփումներ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Բաւական խճճուած պատմութիւն ունի Քաթարը: Ալ Սանի գերդաստանի իշխաններով ղեկավարուող Քաթարը ոչ միայն Միջին Արեւելքի հեղուկ կազի մեծագոյն պաշարներով հարուստ երկիրն մըն է, այլ նաեւ քաղաքական առումով ու յատկապէս վերջին շրջանին ան դարձաւ մեծ դերակատարութիւն ունեցող առանցքային երկիր մը:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Ու ահա երազս.-
Սա՞րդ ես, ի՛նչ ես,
չէ՛, մտմտուքն է,
որ ոստայնով պատած է.
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Օքսֆորտի համալսարանի դասախօսներէն Հրաչ Չիլինկիրեան Երեւան այցելութեան օրերուն շահեկան հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին:
Սփիւռքահայ գիտնականը կը մեկնաբանէ Մերձաւոր Արեւելքի քրիստոնէութեան առջեւ ծառացած երկու հիմնական խնդիրները՝ ապահովութիւնն ու անվտանգութիւնը: