Արխիւ
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբարատանս մէջ հիւրընկալելու Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանէն ներկայացուցիչներ։ Այսպէս, մեր հիւրերն էին վարժարանի արժէքաւոր հայերէնի ուսուցչուհիներ՝ Ժպտուն Զուռնաճը եւ Թաթիանա Պոստան, ինչպէս նաեւ աշակերտներէն Մելիք Տուվարճը եւ Դալար Տեմիրճի։
Ամանորի սեմին Ֆէրիգիւղի ընտանիքը երէկ աւանդական քէրմէսի ոգեւորութիւնը ապրեցաւ թաղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ։ Մէրամէթճեան վարժարանի ի նպաստ այս ձեռնարկը կազմակերպուեցաւ ծնողաց միութեան եւ քէրմէսի յանձնախումբին կողմէ։ Առաւօտուն յարդարուած տաղաւարներուն մօտ աղօթք մը արտասանեց թաղի հոգեւոր հովիւ Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան։
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
Կը պատահի խաչաձեւում, երբ սոյն օրուան մէջ, նոյն ժամուն, հանդիսութիւն մը կամ հաւաք մը տեղի կ՚ունենայ, ու ահա երկմտանքը. հոս կարեւորութիւն կը զգենու նախապատուութիւնը. ո՞ր մէկը ընտրել. անշուշտ եթէ սլաքը թեքի մէկ կամ միւս կողմ, քանի որ երբեմն անակնկալ պարագաներու մէջ կը գտնուիս եւ այլեւս քեզմէ կախեալ չէ ընտրութիւնը, ուստի ո՛չ մէկը եւ ո՛չ ալ միւսը ի գործ կը դրուի…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդկութեան խռովեալ վիճակին եւ ապերջանկութեան հիմնական պատճառը, ընդհանրապէս վստահութեան պակասն է։ Մարդիկ, ներկայ ժամանակներուս երջանիկ չեն զգար իրենք զիրենք, քանի որ վստահութեան կորուստ մը կ՚ապրին, ո՛չ միայն մարդ մարդու նկատմամբ, այլ՝ Աստուծոյ վրայ։
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» հանդիսասրահին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ ասուլիս մը՝ յայտնի դերասան ու թատերական գործիչ Սիւհէյլ Ույկուրի հետ։ Տատեան սանուց միութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած էր այս ձեռնարկը, որու ընթացքին յայտնի արուեստագէտը անմիջական ձեւաչափի մը մէջ զրուցեց ներկաներուն հետ։
Ռումանիոյ մէջ անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցան խորհրդարանական ընտրութիւններ, որոնց արդիւնքով հայազգի երեք երեսփոխաններ յաջողեցան մուտք գործել երկրի խորհրդարանը։ Անոնցմէ առաջինն է Վարուժան Փամպուքճեան, որ վերընտրուած է՝ որպէս Ռումանահայոց միութեան կողմէ առաջադրուած թեկնածու։
Հայաստանի Փոխադրութեան, կապի եւ տեղեկատուութեան փորձագիտութիւններու նախարար Վահան Մարտիրոսեան վերջերս շփումներ ունեցաւ Թիֆլիզի մէջ, ուր տեսակցեցաւ նաեւ Վրաստանի Վարչապետ Կիորկի Քվիրիքաշվիլիի հետ։
Իսրայէլի Վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահու շփումներ ունեցաւ Ղազախիստանի մէջ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, աւարտելով Պաքուի շփումները ան ուղեւորուեցաւ դէպի Աստանա, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրնկալուեցաւ Ղազախիստանի Նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւի կողմէ։
«Հայաստանի մանուկներ» (COAF) հիմնադրամի տարեկան նուիրահաւաքման ընթրիքը անցեալ շաբաթուան մէջ տեղի ունեցաւ Նիւ Եորքի մէջ։ Երէկ, այս նիւթին վերաբերեալ հաղորդած էինք լուր մը՝ արտատպելով Լոս Անճելըսի «Ասպարէզ» օրաթերթէն։
«Եռագոյն» կայքէջին վրայ կը կարդանք.-
Իսրայէլեան իշխանութիւնները որոշած են բռնագրաւեալ Բեթղեհէմի հիւսիս-արեւելքը գտնուող եւ հայկական եկեղեցւոյ պատկանող կանաչապատ դաշտերը, որոնք կ՚իյնան պաղեստինեան Ուալաճա գիւղի սահմաններէն ներս։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ֆրանսացի նորանշանակ համանախագահ Սթեֆան Վիսքոնթի երէկ այցելեց Երեւան, ուր Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Սթեֆան Վիսքոնթի ընդունուեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի կողմէ։
Պրիւքսելի մէջ վերջին օրերուն տեղի կ՚ունենայ Եւրոմիութիւն-Հայաստան նոր շրջանակային համաձայնագրի առեւտուրի եւ ներդրումներու հարցերուն վերաբերեալ բանակցութիւններուն հինգերորդ փուլը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, բանակցութիւններուն ընթացքին Հայաստանի պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ՝ Տնտեսական զարգացման ու ներդրումներու առաջին փոխ-նախարար Գարեգին Մելքոնեան։
Էրտողան եւ Փութին երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ՝ Հալէպի հրադադարի ամրապնդման համար:
Դիւանագիտական աշխոյժ շփումներու մթնոլորտին մէջ այս առաւօտ սկսաւ քաղաքին դատարկումը, հիւանդներու ինքնաշարժներու շարասիւնը դուրս եկաւ ճանապարհ, սակայն դարձեալ ծագեցան բախումներ, որոնց զոհ գնաց անձ մը:
Բովանդակ Թուրքիա կը վերահաստատէ իր վճռակամութիւնը՝ ահաբեկչութեան դէմ միասնական պայքարի ճանապարհին:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան շեշտը դրաւ անխտիր բոլոր ահաբեկչական կազմակերպութիւնները թիրախաւորելու վրայ - Չանքայայի ապարանքին մէջ Պինալի Եըլտըրըմ, Քեմալ Քըլըչտարօղլու եւ Տեւլէթ Պահչելի հանդէս եկան համատեղ յայտարարութիւնով մը:
«Փոքրիկ» հէքեաթներու կայքէջը վերջին շրջանին ուշադրութիւն յառաջացուցած է մեր նախակրթարաններու սաներու շրջանակներէն ներս։ Կայքէջի բովանդակութիւնը ճոխ է, հետեւաբար նոյնիսկ մինչեւ միջնակարգի Է. դասարանի աշակերտները կրնան իրենց հետաքրքրութիւնը յագեցնել անոր միջոցաւ։
Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ Նոր տարւոյ առթիւ քէրմէս մը։ Երկօրեայ նախաձեռնութիւնը պսակուեցաւ յաջողութեամբ։
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ Ամանորի ընդառաջ տեղի ունեցաւ քէրմէս մը, որով ստեղծուեցաւ խանդավառ մթնոլորտ։ Վարժարանի նորակառոյց համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ այս քէրմէսը, որ կազմակերպուած էր տիկնանց յանձնախումբին ջանքերով։
Պատրիարքարանի մէջ արդէն յարդարուած է աւանդական տօնածառը։ Մինչ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան ընդառաջ տօնական տրամադրութիւնը աստիճանաբար կը համակէ մեր հաստատութիւններուն մթնոլորտը, Պատրիարքարանի տօնածառն ալ զարդարուեցաւ տիկնանց կազմի անդամուհիներուն կողմէ։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Լաւ, յուսադրիչ լուրեր կան Հալէպէն: Տարիներէ ի վեր փակ ճամբաները բացուած ու երթեւեկը կամայ-ակամայ վերականգնած է: Քաղաքի փողոցներուն վրայ տեղաւորուած հսկայ ժայռերը վերցուած են: Արգելակները նուազած են կարծես, ինչպէս բարեկամ մը ուրախութեամբ տեղեկացուց.
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Դեկտեմբերի 10-ին, Սթոքհոլմի մէջ, հանդիսաւոր կերպով տեղի ունեցաւ Նոպէլեան մրցանակաբաշխութիւնը, որուն ուղիղ եթերով հետեւեցաւ ամբողջ աշխարհը: Տարեկան աւանդական ու սպասուած այս նախաձեռնութեան ընթացքին շուէտական եւ նորվեկական յանձնախումբերու կողմէ մրցանակներ տրուեցան հեղինակաւոր գիտական ձեռքբերումներ, մշակոյթի մէջ կատարուած ներդրումներ եւ հասարակութեան զարգացման նպաստեալ աշխատանքներ իրականացնող անձերու: