Արխիւ
Ամերիկահայ բանաստեղծ Փիթըր Պալաքեան, որ այս տարի «Փուլիցըր»ի մրցանակին արժանացաւ բանաստեղծութեան անունակարգին մէջ, արդէն ստացաւ իր պարգեւը։ «Օզոնային օրացոյց» բանաստեղծական ժողովածոյով այս մրցանակին արժանի դասուեցաւ Փիթըր Պալաքեան, որ դարձաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ամենահին եւ հեղինակաւոր գրական-լրագրական մրցանակի դափնեկիրը։
Անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմեկերպութիւնը երէկ նոր յարձակումներով ցաւ յառաջացուց բովանդակ Թուրքիոյ մէջ։ Մարտինի եւ Հաքքեարիի մէջ պատահած դէպքերուն հետեւանքով չորս զինուոր նահատակուեցաւ։
ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներու ղեկավարներուն գագաթաժողովը երէկ տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ:
Ըստ Լաւրովի, Թուրքիա կրնայ դրական դեր մը խաղալ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ:
Սուրիոյ ճգնաժամին շուրջ այսօր շատ կարեւոր հանդիպում մը տեղի կ՚ունենայ Լոզանի մէջ:
Միջազգային հանրութիւնը զուգահեռաբար կը հետեւի նաեւ Մուսուլի ազատագրման ուղղեալ վարկածներուն:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Սուրիոյ արդէն հինգ տարիներէ ի վեր շարունակուող ծանր պատերազմը առիթ կը հանդիսանայ, որ ան շրջապատող երկիրներու փոխյարաբերութիւնները լարուին: Այս առումով տեղի ունեցող գործընթացներուն զուգահեռ բացայայտ դարձած է Սէուտական Արաբիա-Եգիպտոս «բարձր լարուածութիւն»ը: Երկու սիւննի տէրութիւնները, որոնք մինչ այսօր կ՚ապրէին երեւելի «մեղրալուսին» մը, այսօր յայտնուած են բաւական լարուած դրութեան մը մէջ:
Գումգաբուի մէջ ներկայիս գործել սկսած է սրճարան մը, որ կը կոչուի «Ուռենի»։ Իրականութեան մէջ սրճարանէ մը շատ աւելին է «Ուռենի»ն, որ Հայաստանէն արտագաղթելով քաղաքս հաստատուած խումբ մը ձեռներէցներու եւ արհեստաւորներու նախաձեռնութիւնն է
Երեւանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ վերջին օրերուն Երեւանի մէջ դարձեալ միասնաբար հանդէս եկան Հայաստանի երաժշտական աշխարհի յայտնի անուններէն Անտրէ Սիմոնեան ու մեր համակրելի մեներգչուհիներէն Սիպիլ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ուսումը մարդուս մտքի տարողութիւնը կրնա՞յ փոխել, եւ եթէ կրնայ՝ ո՞ր աստիճանի կրնայ փոխել։
Ուսում եւ կրթութիւն, երկու անհրաժեշտ արժէքներ են մարդուս զարգացման, կատարելութեան եւ ընկերութեան մէջ դիրք մը ունենալու համար։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Հոկտեմբերի այս օրերուն, 348 տարի առաջ, Հոլանտայի Ամսթերտամ քաղաքին մէջ ամբողջացաւ հայերէն Աստուածաշունչի առաջին տպագրութիւնը, որուն ձեռնարկուեցաւ 11 Մարտ 1666-ին եւ որ իր աւարտին հասնելու համար պէտք ունեցաւ աւելի քան երկու տարուան աշխատանքի։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ճակատագիր» տառացիօրէն կը նշանակէ՝ նախասահմանուած վիճակ։ Բայց ճակատագիրը որպէս կեանքի ընթացքին ազդու մէկ տարրը, կամ կեանքի ճամբուն ուղեցոյցը, իրապէս գոյութիւն ունի՞, աւելի բաց կերպով. «ճակատագիր» ըսուածը կա՞յ։
Հայաստանը պիտի հիւրընկալէ արտադրութեան, գիտահետազօտական եւ կրթութեան ոլորտի 175 բարձր որակաւորում ունեցող արուեստագէտ աշխարհի 31 երկրէ:
Համայնքային վարիչները մտորումներու մէջ են՝ երաշխաւորելու համար մեր վարժարաններու ապագան:
Շուրջ հինգ տարի վերջ կրնայ վտանգ սպառնալ ընդհանրապէս իսթանպուլահայ դպրոցներու ցանցին համար, ուստի այժմէն նախազգուշական միջոցներ ձեռք պէտք է առնուին՝ կանխելու համար համակարգին կքիլը եւ հաւանական խուճապ մը, իսկ երկրի տնտեսութեան այժմու երթի լոյսին տակ ընկերային զօրակցութեան նոր դրութիւն մը ստեղծելու համար:
VADİP-ի երէկուան ժողովին ընթացքին շարք մը ատենախօսներ իսկական գայթակղութեան մը համազօր յայտարարութիւններով հանդէս եկան Գումգաբուի Դրսի երբեմնի Պօղոսեան-Վառվառեան վարժարանի շէնքի պարագային։ Ինչպէս ծանօթ է, Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանը ներկայ կրթական տարուան սկիզբին պիտի փոխադրուէր Գումգաբուի Դրսի երբեմնի Պօղոսեան-Վառվառեան վարժարանի շէնքը։
VADİP երէկ երեկոյեան շօշափեց մեր համայնքի շարք մը կենսական ու հրատապ խնդիրները, որոնք սեղանի վրայ դրուեցան ամենայն մանրամասնութեամբ:
Փոխ-վարչապետ Վէյսի Քայնաքի հետ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչներուն հանդիպումը թէեւ ուրուագծած է առկայ հարցերու լուծման հորիզոն մը, սակայն առանց յստակ ժամկէտի:
Yerevan Jazz Fest-ի այս տարուան փառատօնը նուիրուած է անուանի ամերիկահայ երաժիշտ, «Կրեմմի» մրցանակի դափնեկիր Ճորճ Աւագեանին, որ կը համարուի ամերիկեան ճազ արհեստի հիմնադիրը:
Քուէյթահայ յայտնի ազգային գործիչ ու բարերար Կիրակոս Գույումճեան հարցազրոյց մը տուաւ «Արեւելք» կայքէջին։ Ան սերտ կապեր մշակած է նաեւ Հայաստանի հետ եւ այդ փորձառութիւնը առաւել յատկանշական կը դարձնէ իր խորհրդածութիւնները։ Ստորեւ կը ներկայացնենք իրեն հետ կատարուած հարցազրոյցը։
Երեւանի մէջ վաղը տեղի պիտի ունենայ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) անդամ երկիրներու ղեկավարներուն գագաթաժողովը։ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի տանտիրութեամբ պիտի գումարուի ՀԱՊԿ-ի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նիստը։
Արտաքին գործոց նախարարը հանդէս եկաւ ԵԽԽՎ-ի լիագումար նիստին ընթացքին:
Չավուշօղլու անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին եւ Երեւանի հետ յարաբերութիւններուն:
Սուրիոյ ճգնաժամը հետզհետէ կը խորանայ եւ դժբախտաբար մարդկային ողբերգութեան զուգահեռ տակաւ իրականութիւն կը դառնան վատթարագոյն վարկածները։ Իրականութիւնը այն է, որ այս ճգնաժամը Սուրիայով եւ անոր հարեւան Իրաքով չի սահմանափակուիր եւ միջազգային հարթութեան վրայ լուրջ լարուածութեան մը պատճառ դարձած է։
ՀԲԸՄ-ի Երիտասարդ արհեստավարժներուն առաջին գագաթաժողովը՝ համաեւրոպական մակարդակով:
15 երկիրներէ շուրջ 50 մասնակիցներ կանգ առին նոր գաղափարներու մշակման եւ նոր նախաձեռնութիւններու վրայ: