Արխիւ
Եւրոխորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Թորպիոն Եակլանտ վաղը շփումներ պիտի ունենայ Անգարայի մէջ, ուր պիտի հիւրընկալուի ամենաբարձր մակարդակի վրայ։
Ճատրակի համաշխարհային դաշնակցութիւնը՝ ՖԻՏԷ հրապարակեց նոր վարկանշային աղիւսակը, որ կ՚ընդգրկէ աշխարհի հարիւր ուժեղագոյն ճատրակի մարզիկները։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի հաւաքականի անդամ Լեւոն Արոնեան երէկուան դրութեամբ կը գտնուի հինգերորդ հորիզոնականին վրայ։
Իսրայէլի խորհրդարանէն ներս շրջանառութեան մէջ մտած հայկական բանաձեւին շուրջ զարգացումները կը շարունակուին։ Երէկ, Քնեսէթի Կրթութեան ու մարմնամարզի յանձնաժողովը քննարկեց ու հաւանութիւն տուաւ այն նախագծին, որ պաշտօնապէս կը ճանչնայ ցեղասպանութեան վերաբերեալ հայոց տեսակէտները։
Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ժան-Քլոտ Եունքէր յայտնեց, որ գաղթականաց հարցին շուրջ Թուրքիոյ հետ ապահովուած համաձայնութիւնը կրնայ ձախողիլ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, ան Աւստրիոյ «Քուրիէր» թերթին մէջ գրի առած յօդուածին շրջագծով անդրադարձաւ այս հարցին։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Անսպասելի չէր Վարուժան Աւետիսեանի Կիրակի երեկոյեան ըրած յայտարարութիւնը: Ան կը յայտնէր, որ իրենք միաձայնաբար որոշած են վար դնել իրենց զէնքերը եւ յանձնուիլ իշխանութիւններուն:
Ըստ Հայաստանի Ազգային վիճակագրական ծառայութեան «Հայաստանի ընկերային-տնտեսական վիճակը 2016 թուականի Յունուար-Յունիսին» տուեալներուն, ընթացիկ տարուան առաջին կիսամեակին երկրին մէջ ծնած է 18 հազար 439 երախայ, իսկ մահացած է 14 հազար 306 հոգի, բնական յաւելաճը կազմած է 2.7 տոկոս:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Թիֆլիզ՝ Վրաստանի Արտաքին գործոց նախարար Միխէյիլ Ճանելիծէի հրաւէրին ընդառաջ։ Երեւանի աղբիւրներու հաղորդումներով, Նալպանտեան հանդիպումներ կ՚ունենայ Վրաստանի բարձրագոյն ղեկավարութեան հետ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Ճոզըֆ Տանֆորտ այսօր շփումներ կ՚ունենայ Անգարայի մէջ, ուր կը հիւրընկալուի ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Ամերիկացի բարձրաստիճան զինուորականը Թուրքիա ժամանելէ առաջ տեսակցեցաւ Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութեան ղեկավար Մեսուտ Պարզանիի հետ։
Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը վերջնագիր տուաւ զինեալներուն:
«Սասնայ ծռեր»ու երկշաբաթեայ ոդիսականի եզրափակիչ փուլին ոստիկան մը եւս զոհուեցաւ:
Բարձրագոյն զինուորական խորհուրդին կազմը փոխուեցաւ կառավարութեան որոշմնագրով:
Ժողովրդավարութեան հերթապահութիւնը այս շաբաթավերջին գագաթնակէտին պիտի հասնի Իսթանպուլի մէջ: Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ եւ ՃՀՓ-ի կուսակցապետ Քեմալ Քըլըչտարօղլու այսօր կը տեսակցին՝ 15 Յուլիսէն ի վեր երկրորդ անգամ:
Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ համայնքային բարերար Վրթանէս Սաաթճըի փառաշուք յուղարկաւորութիւնը։ Այս առթիւ Գումգաբուի մէջ համախմբուեցան համայնքային հաստատութիւններու բազմաթիւ ներկայացուցիչներ, որոնք փութացած էին արտայայտելու իրենց վերջին յարգանքը։
Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի հիմնադրութեան 50-ամեակին ձօնուած յոբելենական ձեռնարկներու շարքի եզակի փուլէն մին:
Բազմատասնեակ երիտասարդներ գրեթէ ամբողջ օրուան մը տեւողութեան խտացեալ ձեւով շփուեցան հայերէնի հետ՝ բառ-խաղի շնորհիւ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յաճախ կը խօսինք եւ խորհրդածենք կեանքի մասին։ Բնական պէտք է համարուի կեանքին մասին այսքան խորհիլ եւ խօսիլ, քանի որ մարդուս ամէն պահը ապրում մըն է, այսինքն կեանքի վայելում։
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Երկար տարիներու ծանր եւ լուրջ աշխատանքէ ետք, բժշկական համալսարանէն շրջանաւարտ ուսանողը, ստանալէ առաջ իր բժշկական վկայականը, գիտակցաբար եւ համոզումով կը կատարէ բժշկութեան մեծագոյն վարպետին՝ Հիփոկրատի ուխտը, որ կ՚ըսէ՝
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
Շատ սիրած եմ թուաբանութիւնը, մանաւանդ ճշգրտութեան պատճառաւ. առաձգական չէ, ոչ ալ հեղուկային, այլ հաստատ: Մէկ առաւել մէկ հաւասար է երկուքի:
ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ
Ժընեւի մեծագոյն հրապարակը՝ Փլենփալէն, յայտնի է իր տրապիզաձեւ հարթ եւ պարզ կառոյցով, ընդհանրապէս հոն կը հաստատուին այցելու կրկէսներ կամ լուսնապարտէզներ: Վերջերս խոշոր պաստառներ զետեղուած էին եւրոպական ֆութպոլի աւարտական խաղերը դիտող մարզասէրներուն համար:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յակոբոս Տեառնեղբայր, իր ընդհանրական նամակին մէջ կ՚ըսէ. «Ինչպէս մարմինը առանց հոգիի մեռած է, այնպէս ալ հաւատքը առանց գործերու մեռած է» (ՅԱԿՈԲ. Բ 26)։ Եւ ինչպէս յաճախ կը կրկնենք, չի բաւեր բարիին մասին խորհիլ, բարին խօսիլ, այլ եւ մանաւա՛նդ պէտք է բարի գործել՝ մտածումը եւ խօսքը գործնականի վերածել։
ԿԱՐԻՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ
Հայ ժողովուրդը բոլոր դարերուն եղած է աշխարհաճանաչ՝ իր ստեղծած մշակութային անանց արժէքներով, արուեստի գլուխ գործոցներով, հոգեւոր դաշտի անհատնում գանձերով:
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
Գիրքը պայքարներու յաջորդականութեանբ օղակուած ընթացք մըն է՝ յանուն յաւիտենական կեանքի իրագործումի:
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Տեսողական արուեստի բնագաւառին մէջ՝ գեղանկարչութիւնը հինէն ի վեր մեծապէս գնահատուած եւ փնտռուած մարզ մը եղած է։ Աւանդական ըմբռնումով, գեղանկարչութիւնը կ՚ըլլայ կտաւի վրայ՝ իւղաներկով կամ ջրաներկով։

