Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ուշադրութիւն ըրա՞ծ էք սիրելիներ, երբ մանուկ մը ծնի, ընդհանրապէս չեն ըսեր «մանուկ մը ծնաւ», այլ կ՚ըսեն. «մանչ մը ծնաւ» եւ կամ «աղջիկ մը ծնաւ»։ Եւ ծնունդի առաջին պահէն իսկ որոշակի կերպով կը յայտնուի սեռի տարբերութիւնը եւ զաւակը՝ նորածինը տակաւին անուն մը չտրուած, իր սեռով՝ «մանչ» մը, կամ «աղջիկ» մը կոչելով զայն։
Անգլիական The Guardian յայտնի թերթը անդրադարձաւ Հայաստանի սահմանամերձ Մովսէս գիւղի բնակիչներու առօրեային։ Թերթը նշեց, թէ գիւղի իւրաքանչիւր տան վրայ նկատելի են փամփուշտներու հետքեր։ Հարկ է նշել, որ այս գիւղը կը գտնուի Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ եւ յաճախ կ՚ենթարկուի ազէրի զօրքերու յարձակումներուն։
Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութին, Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանի եւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւ յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին հանդիպում մը պիտի ունենան Պաքուի մէջ։ Այսպէս, Օգոստոսի 8-ին նախատեսուած հանդիպումը պիտի ըլլայ եռակողմանի այս ձեւաչափով առաջին գագաթաժողովը։
Յուլիս 15-ի պետական հարուածի ձախող փորձէն վերջ ձեռնարկուած հետաքննութիւնը կը շարունակուի ամբողջ թափով։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ երէկ հերթական անգամ հանրային կարծիքին փոխանցեցին ուշագրաւ պատգամներ։
Երեւանի կեդրոնին ընդդիմութեան նախաձեռնութիւնները կը շարունակուին թափով:
Հայաստանի պատկան մարմինները մեղադրանքներ կ՚առաջադրեն «Սասնայ ծռեր»ուն:
Թուրքիա-Ռուսաստան յարաբերութիւններու բնականոնացումը կրնայ ուղղակիօրէն ազդել ուժանիւթի միջազգային շուկային վրայ։
Պրիւքսել կը սպասէ Էրտողան-Փութին հանդիպման արդիւնքին։
Եւրոմիութիւնը կ՚անհանգստանայ «Թրքական հոսք» կազամուղի ծրագրի վերակենդանացումէն, որովհետեւ Ուքրայնա կրնայ զրկուիլ տարանցիկ երկրի կարգավիճակէն։
The Indian Express թերթը վերջերս անդրադարձաւ Կալկաթայի հայոց Մարդասիրաց ճեմարանի գործունէութեան։ Այս վարժարանը, որ միեւնոյն ժամանակ բարեգործական ակադեմիա մըն է՝ թերթին կողմէ որակուած է Կալկաթայի երբեմնի ծաղկուն հայ համայնքի թագի թանկարժէք քարը։
Վենետիկի 73-րդ շարժապատկերի փառատօնի երեք միջազգային դատակազմերը արդէն ձեւաւորուած են: Ըստ «Կինօաշխարհ»ի, հիմնական մրցոյթի դատակազմը պիտի գլխաւորէ բրիտանացի բեմադրիչ Սեմ Մենտէս, որ առաջին ժապաւէնին համար «Օսքար»ի արժանացած աշխարհի վեց բեմադրիչներէն մէկն է:
Սուրիոյ ներքին պատերազմի մթնոլորտին մէջ կ՚ապրուի հերթական ծանր շրջան մը։ Հալէպի վերաբերեալ իրադարձութիւնները վերջին օրերուն մեծ մտահոգութեան առարկայ կը դառնան, սակայն արիւնալի երեւոյթները այդքանով սահմանափակուած չեն։
Պինալի Եըլտըրըմ երէկ հանդիպումներ ունեցաւ Քեմալ Քըլըչտարօղլուի եւ Տեւլէթ Պահչելիի հետ:
Նախագահ Էրտողան Ենիգաբուի շաբաթավերջի հանրահաւաքին հրաւիրեց նաեւ ընդդիմադիր ղեկավարները:
Հայաստան եւ Վրաստան կը ջանան զարգացնել իրենց փոխյարաբերութիւնները:
Եդուարդ Նալպանտեան երէկ ամենաբարձր մակարդակի վրայ շփումներ ունեցաւ Թիֆլիզի մէջ:
Անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութիւնը երէկ Պինկէօլի մէջ իրականացուց արիւնալի նոր արարք մը, որուն հետեւանքով վեց զինուոր նահատակուեցաւ։ Պինկէօլի օդակայանին մէջ պաշտօնավարող ոստիկաններուն ծառայողական ինքնաշարժը երէկ երեկոյեան ժամերուն դարձաւ ահաբեկիչներուն թիրախը։
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի խնդրի կարգաւորման ճանապարհին միակողմանի զիջումներ պիտի չըլլան։
ԱՄՆ-ի ընդհանուր սպայակոյտի նախագահը այցելեց Ինճիրլիքի ռազմախարիսխը եւ շփումներ ունեցաւ Անգարայի մէջ:
Զօրավար Ճոզըֆ Տանֆորտ անակնկալօրէն փութաց նաեւ Ազգային մեծ ժողով ու խիստ պախարակեց պետական հարուածի փորձը:
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Միշտ զարմացած եմ հայ գաղութներու «միօրեայ դպրոց»ներու պատկերին ի տես: Ինչո՞ւ «դպրոց» ըսել, երբ կրթական հաստատութեան մը յատուկ ծրագիր չկայ, այլ հոն կ՚աւանդուին հայերէն դասեր, շաբաթական մէկ կամ երկու ժամ, ըստ ուսուցիչին հայեցողութեան եւ նախասիրութիւններուն:
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Նախկին պոլսահայ, այժմ ամերիկաբնակ գիտնական ու բարերար Կարօ Արմէն Երեւանի մէջ հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին:
«Հայաստանի մանուկներ» հիմնադրամը կարեւոր նպաստ մը կը բերէ՝ երկրի գիւղական համայնքներու զարգացման ուղղեալ ջանքերուն:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կեանքի մէջ յաճախ կը հանդիպինք հակադիր արժէքներու՝ որոնք կեանքին ընթացք կու տան, կեանքը կը կանոնաւորեն եւ նախընտրութեան համաձայն կարեւորութիւն կը ստանան։
«Քոքա-քոլա հելլէնիկ Արմէնիա» ընկերութիւնը եւ Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութիւնը կը համատեղեն իրենց ուժերը Արարատեան դաշտին մէջ ջրային պաշարներու պահպանման համար:
Այս տարուան Սեպտեմբերին պիտի նշուի Հայաստանի առաջին ձայնասփիւռի կայանին՝ 1926 թուականին 25 վայրկեան տեւողութեամբ հեռարձակուած կայանին ծննդեան 90-ամեակը: Նշենք, որ թէեւ հայաստանեան լրատուամիջոցները այս կայանը կը նկատեն առաջինը, սակայն իսկութեան մէջ առաջին կայանը սկսած է գործել առաջին հանրապետութեան տարիներուն, 1919-ին:
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Կրիկորի Քարասին եւ Մոսկուայի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Թեֆթ շաբաթավերջին ունեցան հանդիպում մը, որու ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։


