Արխիւ
Ս. Յովհան Ոսկեբերան Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ տիկնանց յանձնախումբը այս տարի եւս Մեծ պահոց շրջանին կազմակերպեց իր աւանդական ճաշկերոյթը, որով ստեղծուեցաւ ոգեւոր մթնոլորտ։ Այս տարի միայն բացառութիւն մը ապրուեցաւ ժամկէտի առումով։
Ֆէրիգիւղի սանուց միութեան մէջ, «Բարեւ» նորաստեղծ թատերախումբը թափով կը պատրաստուի իր անդրանիկ ներկայացման։ Յայտնի արուեստագիտուհի Սօսի Ճնտոյեանի բեմադրութեամբ այս խումբը յառաջիկայ ամսուան սկիզբին հանդէս պիտի գայ «Հարս ու կեսուր Գնալը կղզիի մէջ» անուն զաւեշտով՝ հիւրընկալ միութեան բեմին վրայ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մեծ պահքի վեցերորդ Կիրակին նուիրուած է Յիսուս Քրիստոսի «Գալստեան» յիշատակին։ Ուստի նախորդ կիրակիներու խորհուրդներուն միջեւ կ՚երեւի յայտնի տրամաբանական կապակցութիւն մը՝ որ Հայ Եկեղեցին յատկապէս կը յիշէ եւ կը խորհրդածէ ամէն մէկը իւրաքանչիւր Կիրակիի խորհուրդին մէջ։
Հովանաւորութեամբ յայտնի բարերար Արէտ եւ Մոնիք Երկանեան ամոլի՝ ամառնամուտի նուէր:
Պարի պետական անսամպլ եւ «Մարալ»:
28 Ապրիլին նախատեսուած ելոյթին ընդառաջ Կարպիս Չափքան ներկայացուց կազմակերպչական աշխատանքները:
Բանկալթըի Մխիթարեան վարժարանէն պատուիրակութիւն մը 29 Փետրուար-5 Մարտ թուականներուն այցելեց Լիթվանիոյ Քլայփետա քաղաքը։
Մեծ պահոց շրջանին Արեւագալի հոգեպարար արարողութիւնները կը շարունակուին մեր եկեղեցիներէն ներս։ Այսպէս, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախագահեց Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած Արեւագալի հոգեզմայլ արարողութեան։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ինքնատիրութիւնը՝ ինքնագիտակցութեան բնական մէկ հետեւանքն է։ Այն անձը՝ որ իր արժանիքին, իր մտային ու հոգեւոր կարողութիւններուն գիտակից է եւ ըստ այնմ կը վարուի, ան տէ՛րն է իր անձին։
Երեւանի մէջ վերջերս ոգեկուչուեցաւ հայ մեծանուն բարերար, մեկենաս ու ճարտարարուեստագէտ Ալեքսանտր Մանթաշեանց (1842-1911)։
Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ գեղասահքի աննախընթաց ձեռնարկ մը։ «Սառոյցի թագաւորները» խորագրեալ մեծ շոու մըն էր այս մէկը, որու ընթացքին հանդէս եկան ողիմպիական ախոյեաններ, աշխարհի կամ Եւրոպայի առաջնութիւններու դափնեկիրներ։
Հանրապետութեան Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագրով՝ Ռոպէրթ Յարութիւնեան նշանակուեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ։
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Արեւագալի ժամերգութիւն, որուն հանդիսապետեց Տ. Եղիշէ Վարդապետ Ուչքունեան։ Գուզկունճուքի եկեղեցւոյ մէջ սա Մեծ պահոց շրջանի հինգերորդ Արեւագալի արարողութիւնն էր, որուն ներկայ գտնուեցաւ Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։
Ատրպէյճանի նախագահը ելոյթ մը ունեցաւ Պաքուի 4-րդ Կլոպալ ֆորումի բացման ընթացքին:
Ըստ Ալիեւի, շարունակելով Լեռնային Ղարաբաղի բռնագրաւումը՝ Հայաստան ինքզինք կը դնէ մեկուսացուած վիճակի մէջ:
Հայաստանի եւ Ռուսաստանի նախագահները երէկ հանդիպում մը ունեցան Քրեմլինի պալատին մէջ
Երեւան-Մոսկուա առանցքին վրայ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացը միշտ առաջնահերթ
Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանը իր երդիքին տակ հիւրընկալեց մտաւորական, հրատարակիչ եւ պատմաբան Օսման Քէօքէրը: Բանախօսութեան ներկայ էին Հայ կաթողիկէ համայնքի վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ եւ տնօրէն Գարեգին Պարսամեան, ուսուցչական կազմը, աշակերտութիւնը եւ բազմաթիւ հիւրեր:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Անցեալ 26 Փետրուարին Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւնները սպասելի էին իրենց արդիւնքներով: Սակայն ոչ ոք կը մտածէր, թէ երկրի նախագահին շուրջ բոլորուած ուժերը պիտի յաջողէին շռնդալից յաղթանակ մը գրանցել մայրաքաղաք Թեհրանի մէջ գրաւելով բոլոր երեսուն աթոռները:
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան շաբաթավերջին այցելեց Երեւանի մեթրոն, որ ձօնուած է Կարէն Տեմիրճեանի անուան։ Քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի եւ մեթրոյի բարձրաստիճան պատասխանատուներուն ուղեկցութեամբ ան ճամբորդեց «Բաղրամեան» կայարանէն մինչեւ «Զօրավար Անդրանիկ» կայարանը։
Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի տանտիրութեամբ այսօր կը սկսի Պաքուի կլոպալ ֆորումը, որ այս տարի կը կազմակերպուի չորրորդ անգամ։ Աւանդական դարձած այս ձեռնարկին մասնակցութիւն կը բերեն աշխարհի եօթ երկիրներէ նախագահներ, 27 նախկին նախագահներ, 23 նախկին վարչապետներ, եւ այլք։
Երէկ, Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցաւ Հիւսիսատլանտեան խորհուրդի եւ Հայաստանի հանդիպումը։ 28+1 ձեւաչափին մէջ այս առթիւ քննարկուեցան կողմերու համագործակցութեան ընթացքն ու հեռանկարները։
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր կ՚այցելէ Մոսկուա, ուր հանդիպում մը կ՚ունենայ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Սարգսեան եւ Փութին կը քննարկեն ռազմավարական գործընկեր այս երկու երկիրներու համագործակցութեան ընթացքը զանազան ոլորտներէ ներս։
Սուրիոյ ճգնաժամի գծով ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչ Սթեֆան տէ Միսթուրա յայտնեց, թէ այս հիմնախնդրի կարգաւորման համար նախատեսուած բանակցութիւնները յետաձգուած են Մարտի 15-ին։ Ծանօթ է, որ Սուրիոյ չափաւոր ընդդիմութեան ներկայացուցիչները պիտի մէկտեղուին Ժընեւի մէջ, մինչ Սուրիայէն ներս կը շարունակուի յարաբերական հրադադարը։