Արխիւ

Չորեքշաբթի, Մարտ 18, 2026

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ստորեւ հատուածներ կը ներկայացնենք Նորայր արք. Պողարեանի «Կանոնագիտութիւն. Երուսաղէմ, տպարան Սրբոց Յակոբեանց, 1992» գիրքէն, որուն «Բացատրական»ին մէջ հեղինակը կ՚ըսէ. «… Այժմ, նկատի առնելով այլ եւ այլ կողմերէ եղած խնդրանքը, տպագրութեամբ կը հրատարակենք զայն, խորհելով, թէ ոմանք պիտի կրնան օգտուիլ անկէ։

Չորեքշաբթի, Մարտ 18, 2026

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մեր ժամանակաշրջանին մէջ ամենէ՛ն շատ լսուած, սակայն, միաժամանակ ամենէն շատ անտեսուած արժէքը խօսքի ազատութիւնն է. արժէք՝ որ գրեթէ բոլոր պետութիւններու կողմէ կը ներկայացուի որպէս անքակտելի մարդկային իրաւունք, ժողովրդավարութեան հիմք, սակայն, յայտնի եւ անյայտ ձեւերով կը սահմանափակուի եւ տարբեր ճնշումներու կ՚արժանանայ:

Չորեքշաբթի, Մարտ 18, 2026

Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք եւ գործակից ընկերները երէկ հանդիպում մը ունեցան Ֆէնէրպահչէ մարզակումբի վարչութեան նախագահ Սատեթթին Սարանի հետ։

Չորեքշաբթի, Մարտ 18, 2026

Փարիզի նորաձեւութեան շաբթուան ծիրէն ներս, պատմական «Օփերա Կառնիէ»ի մէջ տեղի ունեցաւ «THE MUSE, powered by Jardins d’Arménie» բացառիկ ցուցադրութիւնը։ Այս իրադարձութիւնը նշանաւորեց հայկական երկու շքեղ ապրանքանիշերու՝ THE MUSE-ի եւ «Jardins d’Arménie» արքայական քոնեաքի ինքնատիպ համագործակցութիւնը։

Չորեքշաբթի, Մարտ 18, 2026

Վրաց Ուղղափառ եկեղեցին կը սգայ իր հայրապետին՝ Իլիա Բ. Կաթողիկոս-պատրիարքի վախճանումը։ Ցաւալի այս իրադարձութիւնը լայն արձագանգ ստեղծած է նաեւ համաքրիստոնէական հարթութեան վրայ։

Չորեքշաբթի, Մարտ 18, 2026

Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտարարեց, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներն ու Իրանը տակաւին պատրաստ չեն խաղաղութեան համար։ 

Չորեքշաբթի, Մարտ 18, 2026

Երէկ, Երեւանի մէջ, Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդը գումարեց ժողով մը։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ գլխաւորուած նիստին մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան։

Երեքշաբթի, Մարտ 17, 2026

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Երբ Սուրբ Գիրքը առանց վերապահութեան կարդացուի, պայման է, որ ընթերցողը ունենայ այն ներքին հոգեկան փոփոխութիւնը՝ սրտի՛ փոփոխութիւնը եւ կամ ուրիշ խօսքով՝ պէտք է ունենայ վերստին ծնունդ, ինչպէս Տէր Յիսուս շատ յստակ եւ վճռական կերպով կ՚ըսէ. «Ճշմարիտ, ճշմարիտ կ՚ըսեմ քեզի.- Եթէ մարդ մը նորէն չծնանի, չի՛ կրնար Աստուծոյ թագաւորութիւնը տեսնել». (ՅՈՎՀ. Գ 3):

Երեքշաբթի, Մարտ 17, 2026

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Անորոշութեան հանդէպ մարդոց հետաքրքրութիւնը ունի դարաւոր անցեալ՝ որ կրնայ հասնիմ մինչեւ նախամարդը. նոյնիսկ Ադամ եւ Եւայի գիտութեան ծառէն ուտելն անգամ հետաքրքրութեան մը արդիւնքն էր:

Երեքշաբթի, Մարտ 17, 2026

Երկասիրեց՝ ԿԻՒՐԻՒՆՑԻ Տ. ԽՈՐԷՆ
ՔԱՀԱՆԱՅ ՔԻԶԻՐԵԱՆ
Արդի աշխարհաբարի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

1. Ի՞նչ է Սուրբ Հոգին: 2. Ինչպէ՞ս կը ներգործէր Քրիստոսէ առաջ: 3. Ե՞րբ յայտնուեցաւ Սուրբ Հոգին: Քրիստոնեաները ինչպէ՞ս դաւանեցան զԱյն, իմաստասէրները ինչպէ՞ս իմաստասիրեցին:

Երեքշաբթի, Մարտ 17, 2026

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Եւրոպայի քաղաքական եւ մշակութային գլխաւոր կեդրոններէն մէկուն՝ Սթրազպուրկի մէջ, վերջերս տեղի ունեցաւ խորհրդանշական եւ նշանակալի մշակութային իրադարձութիւն մը, որուն արձագանգը դուրս եկաւ սովորական մշակութային ձեռնարկի սահմաններէն։

Երեքշաբթի, Մարտ 17, 2026

Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Սուրբ Աթոռի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ արք. Պարսամեան Մեծ պահոց ներկայ շրջանին մեծ եռանդ ի գործ կը դնէ, որպէսզի եւրոպահայ երիտասարդները առաջնորդուին հոգեւոր ապրումներու։

Երեքշաբթի, Մարտ 17, 2026

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Եսայիի մարգարէութեան 8-րդ գլուխին 5-10 համարներուն մասին մէկ կողմէ կը խօսի ժողովուրդին Տէրը մերժելու եւ Ասորեստանի թագաւորը հաւնելու մասին, միւս կողմէ կոչ կ՚ուղղէ հաւատացեալներուն ամուր մնալու եւ կառչելու եկեղեցիէն:

Երեքշաբթի, Մարտ 17, 2026

Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հայրապետական բարձր տնօրինութեամբ՝ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ Վայոց Ձորի առաջնորդ Տ. Աբրահամ արք. Մկրտչեան ազատ արձակուեցաւ առաջնորդի պարտականութիւններէն եւ հանգստեան կոչուեցաւ։

Երեքշաբթի, Մարտ 17, 2026

Յառաջիկայ յունիսի 7-ին նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութեան ընդառաջ, Հայաստանի մէջ, ընդդիմութեան ճամբարէն ներս իրերայաջորդ ուշագրաւ իրադարձութիւններ տեղի կ՚ունենան։

Երեքշաբթի, Մարտ 17, 2026

Ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու կազմակերպած ընթրիքները կ՚անցնին ջերմ մթնոլորտի մէջ:
«Զողրաֆիոն» յունաց լիսէի երդիքին տակ իֆթարի սեղան՝ հովանաւորութեամբ Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքի:

Երեքշաբթի, Մարտ 17, 2026

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ վերջերս իրականացուցին շրջայց մը, որու շնորհիւ հնարաւորութիւն ունեցան մօտէն ծանօթանալու արքունի ճարտարապետներ Պալեան գերդաստանի անդամներու գործերուն։

Երկուշաբթի, Մարտ 16, 2026

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Յաճախ կը կարծենք, որ ինքնավստահութիւնը մարդկային բնաւորութեան գիծերէն մէկն է եւ մարդու հետ լոյս աշխարհ կու գայ, սակայն, հոգեբանութիւնը կու գայ բացատրելու, որ այդ մէկը առեղծուած մըն է. ինքնավստահութիւնը թէ՛ բնաւորութիւն է եւ թէ միջավայր։

Երկուշաբթի, Մարտ 16, 2026

Կեդրոնական սանուց միութեան բեմին վրայ, Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին ի նպաստ, Մխիթարեան սանուց միութեան թատերախումբը հերթական անգամ ներկայացուց «Vay Başıma Gelen» խաղը, որու ընթացքին թատերասէրները վառ պահեր ապրեցան։

Երկուշաբթի, Մարտ 16, 2026

Բժշկագիտութեան տօնը այս տարի եւս առիթ հանդիսացաւ, որպէսզի մէկ կողմէ ոլորտի խնդիրները արժեւորուին, իսկ միւս կողմէ մասնագէտներ արժանանան գնահատանքի։

Էջեր