Արխիւ
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Այս շաբաթավերջը կը զուգադիպի Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի գահակալութեան 6-րդ տարեդարձին։ Ստորեւ կը ներկայացնենք այս առթիւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի կողմէ գրի առնուած խորհրդածութիւնը։
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, որ իր երկիրը զօրք պիտի չուղարկէ Կազզէ։
«Stratfor» վերլուծական կեդրոնի կանխատեսումներով՝ Հայաստան եւ Ատրպէյճան այս տարի չափաւոր քայլերու պիտի ձեռնարկեն՝ անցեալ տարի նախաստորագրուած խաղաղութեան համաձայնագրի դրոյթներու իրականացման համար։
Երէկ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հիւրընկալեց Իրանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Մաճիտ Ռաւանչին։ Այս վերջնոյն գլխաւորած պատուիրակութիւնը Երեւան այցելեց՝ Հայաստան-Իրան քաղաքական խորհրդակցութիւններու համար։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի հետ փոխանակուած է՝ առուվաճառքի ներուժով ապրանքներու ցանկ մը։
Ուաշինկթընի արտաքին քաղաքականութիւնը հաշուարկները տակն ու վրայ կ՚ընէ միջազգային բեմահարթակի վրայ:
Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի կարգաւորման փորձերն ու Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ-Եւրոպական Միութիւն հակասութիւնները:
Սուրիոյ նախագահ Ահմէտ Շարա, որ կը ջանայ կայունացնել իր երկրի ընթացքը, հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի եւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի հետ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շնորհակալութեան նամակ մը ստացաւ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապէն։ Այս վերջինը անցեալ տարի Թուրքիա այցելած էր եւ իր կեցութեան օրերուն հիւրընկալուած՝ Գումգաբուի մէջ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Փորձեցէք ձեր անձերը թէ հաւատքի մէ՞ջն էք, քննեցէք ձեր անձերը. չէ՞ք գիտեր թէ Յիսուս Քրիստոս մեր մէջն է, միայն եթէ անպիտան չըլլաք». (Բ ԿՈՐՆԹ. ԺԳ 5)։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Սուրբ Ծնունդի ընդունելութեան ժամանակ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան անդրադարձաւ դէպի Անգարա վերջին ուղեւորութեան։ Իր ներածական խօսքին մէջ այս նիւթին վրայ կանգ առնելու առընթեր, ան հարցումի մըն ալ պատասխանեց այս կապակցութեամբ։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Վերջին տասնամեակներու ընթացքին աշխարհի չորս ծագերուն ակնյայտ կերպով նկատելի է փոփոխութիւն մը. մարդիկ այլեւս աւելի քիչ գիրք կը կարդան, կամ առնուազն չեն կարդար այն խորութեամբ ու համբերութեամբ՝ ինչպէս կը կարդային անցեալին։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հիմա արդէն կամաց կամաց սկսած եմ հասկնալ, թէ մեր մեծագոյն բանաստեղծներէն Պարոյր Սեւակ մեր թուականէն եօթանասուն տարիներ առաջ՝ 1965 թուականին իր որդիին նուիրած բանաստեղծութեան մէջ ինչո՛ւ կը մաղթէր, որ անոր կեանքը «դիւրութեամբ» չանցնի.
ԴՈԿՏ. ՆԱՐԵԿ ՔՀՆՅ. ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ
Խոսրով եպսկ. Էմիրզէեանի դէպքը Պոլսոյ եկեղեցական կեանքի նորագոյն պատմութեան մէջ կը ներկայացնէ միաժամանակ թէ՛ անհատական, թէ հաստատութենական գործընթացներու հատման կէտ մը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աստուծոյ ժողովուրդին աղօթքը աւելի՛ պիտի փթթի Աստուծոյ բնակարանին հովանիին ներքեւ, այսինքն՝ ուխտի տապանակին եւ աւելի ուշ՝ Տաճարին մէջ։ Նախ ժողովուրդին առաջնորդները՝ հովիւները եւ մարգարէները, անոր աղօթել պիտի սորվեցնեն։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Գրող ըլլալը ունի իր հոգեբանական բարդութիւնները, ինչ որ յաճախ ընթերցողին համար ծածուկ, սակայն, գրողին համար բացայայտ տագնապի մը կրնայ վերածուիլ։
Թոփգաբուի ընտանիքը Ս. Ծնունդը նշեց աւանդական խանդավառութեամբ։ Թաղի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ տաղաւարի Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան, որու ձեռամբ կատարուեցաւ նաեւ Ջրօրհնէք։
Էսաեան վարժարանի մէջ կազմակերպուած Նոր տարուայ եւ Ս. Ծննդեան հանդէսը պսակուեցաւ բացառիկ յաջողութեամբ։
ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի եւ Երեւանի «Ֆակտում» կեդրոնի կողմէ արտադրուած «Ինքնութեան արահետ. Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը ժամանակներու մէջ» փաստավաւերագրական ֆիլմի արձագանգները կը շարունակուին։
Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի վերջին ընտրութեան վիճարկման նախաձեռնութիւնը կ՚ընթանայ տխուր ձեւով:
Ատենապետ Աքսէլ Թոփալեան եւ ընկերները կը մնան անդրդուելի՝ մինչ համայնքային շրջանակները մատնուած են արդար մտահոգութեան:
Հայաստանի կառավարութիւնը որոշած է միջոցներ յատկացնել՝ Համահայկական խաղերու համար մարզական աւանի մը կառուցման նպատակով։ Այսպէս, տարածք յատկացուած է՝ հանրային-մշակութային եւ մարզական աւանի մը կառուցման համար