Արխիւ

Երկուշաբթի, Ապրիլ 20, 2026

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Երբեք պէտք չէ՛ մտածել, թէ ամուսնութեան՝ որպէս բնական ընկերութեան մը վրայ հիմնուած ընտանիքը տկարացնելը ընկերութեան նպաստող արարք մըն է։ Ընդհակառակը՝ ասիկա վնաս կը հասցնէ զաւակներուն զարգացման, հասունացումին, հասարակական արժէքներու մշակումին եւ անհատներու բարոյական զարգացումին եւ ազնուացման։ 

Երկուշաբթի, Ապրիլ 20, 2026

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Կրօնական առումով Աստուծոյ կողմէ մարդուն տրուած մեծագոյն պարգեւը ի՞նչ է… չե՛նք գիտեր. ոմանց համար ազատ կամքը, իսկ ուրիշներու համար սէրը՝ որուն մեծագոյն արտայայտութիւնն էր մարդանալն ու մարդոց մեղքերուն համար խաչ բարձրանալը։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 20, 2026

Երէկ, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ սեբաստահայերու նախաճաշը, որու առթիւ ստեղծուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն: Սեբաստահայոց միութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած էր այս հաւաքը, որ համախմբեց Սեբաստիայէն սերած բազմաթիւ ընտանիքներու ներկայացուցիչները, ինչ որ առիթ դարձաւ աւանդութիւններու վերականգնման:

Շաբաթ, Ապրիլ 18, 2026

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Կը պատմուի, թէ ուսուցչուհի մը իր դասարանի աշակերտներէն կ՚ուզէ, որ գծեն նկար մը՝ որ ցոյց տայ բան մը՝ որուն համար սրտանց շնորհակալ են։ Մինչ ուսուցչուհին կը մտածէ, որ ընդհանրապէս համեստ դասակարգէ եկած աշակերտները, իրականութեան մէջ շատ քիչ բան ունին շնորհակալ ըլլալու, քանի որ անոնք շատ բաներէ զրկուած ընտանիքներու կը պատկանին։

Շաբաթ, Ապրիլ 18, 2026

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Այնպէս ինչպէս անցեալին, նոյնպէս այսօր եւս հայ ժողովուրդին մէջ կան բազմաթի՜ւ երեւոյթներ, որոնք քննադատելի են։ Եթէ ուշադրութեամբ հայկական բոլո՛ր թերթերը աչքէ անցընենք՝ ի՛նչ գոյնի, ինչ գաղափարախօսութեան ալ պատկանին անոնք, անպայմանօրէն ունին բողոք մը, կոչ մը, քննադատութիւն մը, սակայն, անոնց հասարակաց գիծը այն է, որ չունին լուծումներ:

Շաբաթ, Ապրիլ 18, 2026

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Վերջի ու վերջաբանութեան հասկացողութիւնը գոյութենական ամենացայտուն ու իմաստադրոշմ հասկացողութիւններէն է՝ սկիզբի եւ ընթացքի հասկացողութիւններուն հետ:

Շաբաթ, Ապրիլ 18, 2026

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Նեվրիկ Սեպուհեան, ծնած է 1888 թուականին, Սամաթիա:
Յաճախած է Արամեան վարժարանը, ուրկէ ընթացաւարտ ըլլալէ ետք, իբրեւ ուսուցչուհի պաշտօանավարած է Նշանթաշի Նիկողոսեան վարաժարանէն ներս:

Շաբաթ, Ապրիլ 18, 2026

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Միջին Արեւելքի հին ուժային ճարտարապետութիւնը տակաւին բոլորովին չէ քանդուած, սակայն, նորն ալ չէ ձեւաւորուած: Դադար, ո՛չ թէ աւարտ. խաղը չէ եզրափակուած հրադադարներով եւ առկայ երկարատեւ անխուսափելի անորոշութեան պայմաններուն ներքեւ տարածաշրջանի բոլոր դերակատարները կը յօժարին ըլլալ միեւնոյն ժամանակ թէ՛ ուժեղ ու սահմանափակ եւ թէ ազդեցիկ ու խոցելի:

Շաբաթ, Ապրիլ 18, 2026

​Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցին մէջ նախընթաց օր հիւրընկալուեցաւ՝ Աստուածաշունչի ընկերութեան Արաբական ծոցի երկիրներու մասնաճիւղի ընդհանուր քարտուղար տքթ. Հրայր Ճէպէճեան, որ վերջին օրերուն այցելեց քաղաքս։ Հրայր Ճէպէճեան դպրոցին մէջ ծանօթացուց «Մանուկներու Աստուածաշունչ»ը, որու շնորհանդէսին առթիւ եկած էր քաղաքս

Շաբաթ, Ապրիլ 18, 2026

​Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց Գանատայի խորհրդարանի երեսփոխաններէն Կարնըտ Ճինիըսը։ Միջխորհրդարանական միութեան 152-րդ վեհաժողովին առթիւ Իսթանպուլ եկած է Կարնըտ Ճինիըս եւ իր կեցութեան առիթէն օգտուելով փափաքած է այցելել Պատրիարքարան։

Շաբաթ, Ապրիլ 18, 2026

​Հայաստանէ ներս իշխանութիւն-եկեղեցի հակադրութեան դրսեւորումները կը շարունակուին։ Ահագնացող պայքարի մթնոլորտին մէջ, երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը հանդէս եկաւ հերթական յայտարարութեամբ։

Շաբաթ, Ապրիլ 18, 2026

​Անթալիայի դիւանագիտական ֆորումի շրջանակներէն ներս, երէկ, արտաքին գործոց փոխ-նախարար Պերիս Էքինճի ընդունեց Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեանը։

Շաբաթ, Ապրիլ 18, 2026

​Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ երկիրը կը թեւակոխէ TRIPP-ի իրագործման փուլը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, նախընթաց օր, վարչապետը Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս, երեսփոխանի մը հարցումին պատասխանելու ժամանակ ըսաւ. 

Շաբաթ, Ապրիլ 18, 2026

​Անգարա-Երեւան առանցքի բնականոնցման որոնումներով պայմանաւորուած իրավիճակին տեսակէտէ յատկանշական հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Իսթանպուլի մէջ։ Այսպէս, երէկ, Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Նուման Քուրթուլմուշ տեսակցեցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի հետ։

Շաբաթ, Ապրիլ 18, 2026

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Թուրքիա համաշխարհային տագնապի պայմաններուն ներքեւ անկարելի է՝ ձեռնունայն սպասէ։
Երէկ, Անթալիայի դիւանագիտական ֆորումի շրջանակներէն ներս, նախագահ Էրտողան հանդիպումներ ունեցաւ աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու ղեկավարներուն հետ, որոնք այս օրերուն կ՚այցելեն Թուրքիա։

Ուրբաթ, Ապրիլ 17, 2026

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Մարդու հոգին երբեմն կը լեցուի այնպիսի ծանրութեամբ մը, որ ո՛չ մէկ լեզու, ո՛չ մէկ բառ, ո՛չ մէկ ձայն կրնայ ամբողջովին կրել զայն։ Կը պատահի, որ սիրտդ կը բաբախի լուռ փոթորիկի մը պէս, մտքիդ մէջ հազարաւոր խորհուրդներ կը խառնուին իրարու, բայց, երբ կու գայ պահը զանոնք արտայայտելու՝ շրթունքներդ կը ծանրանան, բառերը կը փախչին, իսկ լռութիւնը կը դառնայ միակ ապաստանը։ 

Ուրբաթ, Ապրիլ 17, 2026

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Յիսուս Քրիստոս նոյնն է երէկ եւ այսօր եւ յաւիտեան». (ԵԲՐ. ԺԳ 8)։ 
Քրիստոսի երկրաւոր կեանքին մէջ փոփոխութիւնները կը վկայեն եւ կը փաստեն Անոր անփոփոխութիւնը. մշտավառ ապացոյցներն են Իր անփոփոխելիութեան։

Ուրբաթ, Ապրիլ 17, 2026

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Արաբ փիլիսոփայ, գրող եւ բանաստեղծ Սայիտ Աքըլ մեր թուականէն 62 տարիներ առաջ՝ 1964 թուականին, Լիբանանի հեռատեսիլէն խօսք առնելով կը սկսի խօսիլ հայ ժողովուրդին մասին։ Արաբ այս բանաստեղծը եղած է Վահան Թէքէեանի, Միքայէլ Կիւրճեանի եւ այլ հայ գրողներու բարեկամը եւ անոնց ճամբով ճանչցած էր հայ ազգն ու Հայաստանը։

Ուրբաթ, Ապրիլ 17, 2026

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ մեր համակրելի եւ այնքան սիրելի մենեգչուհի Սիպիլ կորսնցուցած է իր անզուգական մայրը՝
ՏԻԿԻՆ
ՄԱՐԻ ՓԵՔԹՈՐՈՍՕՂԼՈՒՆ

Սա իսկապէս ցաւալի կորուստ մըն է՝ մանաւանդ, որ հանգուցեալը մեր համայնքի երէց սերունդի տիրական դէմքերէն մին էր՝ արժանացած ըլլալով յարգանքի եւ համակրանքի։

Ուրբաթ, Ապրիլ 17, 2026

Երէկ երեկոյեան, Եշիլգիւղի վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ մշակութային յատկանշական ձեռնարկ մը, որ ձօնուած էր հայ գրականութեան եւ մտաւորականութեան տիտաններէն Զապէլ Եսայեանին։ Այս հաւաքոյթը առիթ դարձաւ թէ՛ Զապէլ Եսայեանի ոգեկոչման եւ թէ անոր թողած մեծ ժառանգութեան վերարժեւորման։

Էջեր