Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սուրբ Ներսէս Դ. Շնորհալի (Կլայեցի) 64 տարեկան էր, երբ Կաթողիկոս դարձաւ. (1166-1173 թթ.) թէեւ մարմնով տկար՝ բայց ան հոգւով եւ եռանդով կառավարեց Հայ Եկեղեցին, ինչպէս երբեմն իբրեւ խորհրդական եւ գործակից իր եղբօրը՝ Գրիգոր Գ. Պահլաւունի Կաթողիկոսի (1113-1166 թթ.)։
Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան շաբաթավերջին (յունիսի 7-ին) այցելեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուր առանձնազրոյց մը ունեցաւ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հետ։ Զրոյցի ընթացքին Լեւոն Տէր-Պետրոսեան Վեհափառ Հայրապետին յայտնեց իր լիակատար աջակցութիւնը, միեւնոյն ժամանակ, խստիւ դատապարտելով հայոց 1700-ամեայ եկեղեցւոյ դէմ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններու հակասահմանադրական ոտնձգութիւնը։
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
-Քանի՞ է նարինջը, հարցուց մարդը։
-Մէկ տոպրակը յիսուն ոսկի է, ըսաւ տղան։
-Քանի՞ քիլօ կայ մէկ տոպրակին մէջ։
-Չորս։
-Մէկ տոպրակ նարինջ պիտի առնեմ, բայց դրամ չունիմ, ըսաւ մարդը։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Ի՞նչ կը պատահի կատարելութեամբ եւ ծուռ քալողներուն հետ:
Պատասխան. Առակացին իմաստուն հեղինակը կը գրէ. «Կատարելութեամբ քալողը փրկութիւն կը գտնէ, բայց ծուռ մարդը, որ երկու ճամբով կը քալէ, անոնց մէկուն մէջ կ՚իյնայ» (Առ 28.18):
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մի քանի տարիներ առաջ բախտաւորութիւնը ունեցայ հայ գրող Վահրամ Մավեանի ձեռագիրները թերթատելու. մինչեւ օրս լոյս չտեսած արխիւին մեծամասնութիւնը նամակներ էին՝ գրեթէ նոյն բովանդակութեամբ.- կը խնդրենք միջնորդէք, որպէսզի «այսինչ» աշակերտը առանց կրթաթոշակի կրթութիւն ստանայ:
Մխիթարեան վարժարանին մէջ կազմակերպուած մանկապարտէզի տարեվերջի հանդէսը արձանագրեց փայլուն յաջողութիւն։ Ձեռնարկի պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց արքեպիսկոպոսարանի պատրիարքական կառավարիչ Տ. Վարդան Ծայրագոյն Վարդապետ Գազանճեան, որու կողքին էին Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն Հ. Սարգիս Ծայրագոյն Վարդապետ Էրմէն եւ Հ. Յակովբոս Ծայրագոյն Վարդապետ Չօփուրեան։
Գալֆաեան տան նախաձեռնութեամբ այս տարի 18-րդ անգամ կազմակերպուեցաւ միջվարժարանային մարմնամարզի աւանդական մրցոյթը, որ ձօնուած է լուսահոգի Վարսէն Օրունճաքճըէլի յիշատակին։
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանին մէջ, առաջին դասարանի աշակերտներու ընթերցման տօնը բնորոշուեցաւ բացառիկ խանդավառութեամբ։ Եռալեզու յայտագիր մը ունէր հանդէսը, որու ընթացքին տղաքը արժանացան ծափահարութիւններու։
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ մանկապարտէզի տարեվերջի հանդէսը առիթ հանդիսացաւ մեծ ոգեւորութեան։ Դպրոցի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» հանդիսասրահի երդիքին տակ, փոքրիկները ջերմ ծափահարութիւններու արժանացան իրենց զանազան ելոյթներով։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւանի «Կերոն» զարգացման հիմնադրամի միամեայ աշխատանքին արդիւնքը Հայաստանէ ներս հասարակական գործունէութեան յաւակնոտ նշաձող մը կը սահմանէ:
Փոխել միջավայրը՝ նոր արժէքներ ստեղծելով:
Վանանէ Արարքցեան. «Մեծ ծրագիրները կ՚ընթանան հինգ ռազմավարական ուղղութեան շուրջ՝ առողջապահութիւն, կրթութիւն, մշակոյթ, մարմնամարզ եւ տարածքային զարգացում։ Մեր կատարած գործին ծաւալը այնքան մեծ է, որ մարդոց մօտ տպաւորութիւն կը ստեղծուի, թէ վաղուց գոյութիւն ունինք։ Կը ջանանք միաւորել լուսաւոր միտքերը աշխարհի զանազան անկիւններէն»:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Երեւանի մէջ, Աւետիք Իսահակեան տուն-թանգարանէն ներս, հինգշաբթի, 29 մայիս 2025-ին, առիթն ունեցայ մասնակցելու Աբէլ Քհնյ. Մանուկեանի «Հայ Եկեղեցւոյ սարկաւագուհիները» գիրքին արեւելահայերէն եւ անգլերէն թարգմանութիւններու շնորհանդէսին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Զատկական եօթը շաբաթներու աւարտին «Պենտեկոստէ»ին՝ Հոգեգալուստի օրը Քրիստոսի Զատիկը կը կատարուի Սուրբ Հոգիին հեղումով, որ կը յայտնուի, կը տրուի, կը հաղորդուի իբրեւ աստուածային Անձ, Քրիստոս Տէրը, Իր Լիութենէն, Հոգին առատօրէն կը սփռէ. (ԳՈՐԾ. Բ 33-36)։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մի քանի օրեր առաջ տեսայ, որ մօտաւորապէս քսանէն քսանհինգ անձեր հաւաքուած Հայաստանի մէջ «ընտանեկան» տօնախմբութիւն մը կ՚ընեն. բարձր երաժշտութիւն, պարողներու խումբ, փառաւոր սեղան, գինի եւ կարկանդակ. յստակ էր, որ «մէկու մը» տարեդարձն էր:
Սամաթիոյ ընտանիքը խանդավառ օրեր կ՚ապրի՝ թաղի Սահակեան-Նունեան վարժարանէն ներս 2024-2025 տարեշրջանի եզրափակիչ փուլի հանդիսութիւններով։ Այսպէս, վերջին օրերուն դպրոցին մէջ տեղի ունեցան մանկապարտէզի տարեվերջի հանդէսն ու առաջին դասարաններու ընթերցման տօնը։
Թոփգաբուի ընտանիքը վերջին օրերուն բացառիկ ոգեւորութիւն ապրեցաւ իրերայաջորդ ձեռնարկներով։ Այսպէս, թաղի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի աշակերտութիւնը, ուսուցչաց կազմը եւ այլ պատասխանատուները միասնաբար պտոյտ մը կատարեցին դէպի Քիլիոս։
Էսաեան վարժարանի փոքրերու ճատրակի կազմը հանդիսացաւ Պէյօղլուի շրջանի երկրորդը։ Այսպէս, վերջին օրերուն Պէյօղլուի Կրթական տնօրէնութեան կողմէ կազմակերպուած ճատրակի միջվարժարանային մրցաշարքի մը մասնակցեցաւ Էսաեանի խումբը, որու կազմին մէջ էին՝ Տանիէլ Ճամկէօզ, Միրանտա Աչըքպաշ, Արիս Եիւզպաշեան եւ Կուրուր Քուրուահմէտօղլու։
Իսլամական աշխարհի Քուրպանի տօնին առթիւ Թուրքիա արդէն մտած է արձակուրդի։ Չորսօրեայ պաշտօնական արձակուրդի պայմաններուն ներքեւ թրքահայ համայնքային կեանքն ալ կանգ առած է գրեթէ ամբողջութեամբ։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ մեր յայտնի ազգայիններէն Գրիգոր Տէօշէմէճեան Կալաթասարայի ընտանիքէն ներս մեծ պատիւներու կ՚արժանանայ։ Անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Կալաթասարայ լիսէի շրջանաւարտներու աւանդական հաւաքը։
Գարակէօզեան տան խնամակալութիւնը երէկ համայնքային մամուլը իրազեկեց՝ Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի վերաբերեալ իրադարձութիւններու շուրջ։ Ամրան եղանակի ընդառաջ՝ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս դարձեալ ուշադրութեան առարկայ է Կազդուրման կայանը, որ շարք մը խնդիրներու բերումով վերջին տարիներուն չի կրնար հիւրընկալել փոքրիկները։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ հարկերու վճարումը մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ երկրի կայունութեան եւ զարգացման տեսակէտէ։