Արխիւ
Շաբաթավերջի Ս. Աստուածածնի տաղաւարին ընդառաջ, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ կը շարունակուի ուխտի շաբաթը։ Երէկ, Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի գլխաւորութեամբ, արդէն պատրաստուեցան այն ամանները, որոնց մէջ օրհնեալ խաղողի ողկոյզները պիտի բաժնուին հաւատացեալներուն։
Գարակէօզեան տան խնամակալութիւնը երէկ հոգեճաշ մը սարքեց մեր համայնքի այն մանուկներուն ու պատանիներուն համար, որոնք ամրան արձակուրդի առթիւ կը հիւրընկալուին Գնալը կղզիի Մեթամորֆոսիս յունաց վանքի համալիրի ճամբարին մէջ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ այցելեց մեր համայնքի պատանիներէն Արես Տեմիրին, որ վերջին օրերուն Գնալը կղզիի մէջ անցուցած է արկած մը։ Դէպքը եղած է բաւական լուրջ եւ մեծ ցաւ ստեղծած է համայնքային շրջանակներէն ներս։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւանը կը շնչէ ծանր եւ տաք շունչով։ Զբօսաշրջիկներուն համար այդքան սիրուած Երեւանը աննախադէպ տաք ու չոր օրեր կը դիմագրաւէ՝ իր բոլոր հետեւանքներով։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Նկատի ունենալով, որ վերջին մի քանի տարիները մեր հանրային կեանքը վերածուած է անպարկեշտութեան եւ անբարոյականութեան դաշտի մը եւ մեր ղեկավարները՝ իշխանաւոր թէ ոչ-իշխանաւոր կորսնցուցած են չափի եւ սահմանի զգացումը, այսօր յարմար նկատեցինք մեր ընթերցողներու ուշադրութեան յանձնելու Գահիրէի մէջ հրատարակուած «Ազատ Միտք» (Քաղաքական, գրական, տնտեսական) շաբաթաթերթի, Ա. տարի, թիւ 10-ի, շաբաթ, 17 հոկտեմբեր 1936-ի խմբագրականը, որ կը գրէ վերոնշեալ վերնագիրը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Լեզուս, որ մարմինիս շէնքին մէջ քու փառաբանութեանդ գործիքն է, բանսարկուին հովը ամրափակ խցումով գոցեց ամրացուց. ո՛վ կենդանի Խօսք, Հոգիիդ մեծ ողորմութեան ներգործութեամբը, ինծի՛ ալ, ինչպէս Աւետարանի բժշկուած համրին, անսայթաք խօսողութեան հրաշափառ շնորհքը պարգեւէ»։
ՂԱՍԱՆ ՔԱՆԱՖԱՆԻ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Յաջորդող բոլոր օրերուն ձեւ մը կը փնտռէի, որպէսզի Համիտին կեանքը մտնէի, առանց որ ան զգար հետաքրքրասիրութիւնս: Այս գործողութիւնը շատ դժուար էր, որովհետեւ գաղթածներու դպրոցէն ներս, իւրաքանչիւր ոք կը յամառէր իր անձնական ողբերգութիւնը իրենը պահելու եւ կարծրօրէն սեղմելու զայն իր կուրծքին…, կարծէք միացեալ համաձայնութիւն կար, թէ այս մէկը անհրաժեշտութիւն մը եւ պարտականութիւն մըն է:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ՝ հոգի, միտք եւ մարմինէ բաղկացած ամբողջութիւն մըն է, եւ ուրեմն պէտք է հաւասարապէս՝ առանց մէկը միւսէն զատելու խնամէ զանոնք։ Արդարեւ, մէկուն պակասը, թերացումը, վնասումը կ՚ազդէ միւսին, եւ այսպէս պէտք չէ մէկը միւսին նկատմամբ գերադաս նկատել:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Համաշխարհային գրականութեան ամենէն յայտնի դէմքերէն Վիքթոր Հիւկօ մեր թուականէն 163 տարիներ առաջ՝ 1862 թուականին հրատարակեց յայտնի «Թշուառները» (Les Misérables) աշխատութիւնը, որ անկասկած մարդկային գրականութեան գոհարներէն մին է. անշուշտ, Հիւկոյի այս աշխատութիւնը գրական վէպ մը ստեղծելէ շատ աւելին էր, որովհետեւ գիրքը ունէր յստակ նպատակ:
Շաբաթավերջին Ս. Աստուածածնի տաղաւարին ընդառաջ, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիէն ներս սկիզբ առած է ուխտի շաբաթ մը։ Սա վերջին տարիներուն ձեւաւորուած նախընթաց մըն է, որ կ՚ունենայ դրական արդիւնք։
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը երէկ հոգեճաշ մը սարքեց՝ Մեթամորֆոսիս յունաց վանքի ամրան ճամբարին մէջ տեղակայուած հայ մանուկներուն եւ պատանիներուն համար։
ԱՔ կուսակցութեան Իսթանպուլի երեսփոխան տքթ. Սեւան Սվաճըօղլուի մասնակցութեամբ, Վաքըֆներու Իսթանպուլի Ա. շրջանի տնօրէն Եավուզ Կիւնէր երէկ ընդունեց խումբ մը թրքահայ համայնքային վարիչներ։ Այսպէս, Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Մկրտիչ Արծիւեան, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէր, Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Տավուլճեան եւ իրենց խորհուրդներէն Քորայ Աշճը, Տայք Տանձիկեան, Խաչիկ Էօզտեմիր եւ Արման Թոկաչ ներկայացան Վաքըֆներու Ա. շրջանի տնօրէնութիւն։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին այս ուրբաթ ժամադրուած են Ալասքայի մէջ։
Մերձաւոր Արեւելքի առկայ տագնապալի իրավիճակին մէջ Սուրիոյ իրադրութեան կայունացումը կը դասուի առաջնահերթութիւններու շարքին։ Տարածաշրջանի բոլոր դերակատարները կը ջանան բազմակողմանի ջանքերով իրենց նպաստը բերել այս ուղղութեամբ։
Թուրքիա-Վրաստան-Ատրպէյճան դրութիւնը լուրջ նպաստ կ՚ապահովէ տարածաշրջանի խաղաղութեան:
Անգարա եւ Թիֆլիզ նոր նշաձող սահմանեցին՝ առեւտուրի ծաւալը 5 միլիառ տոլարի բարձրացնելու նպատակով:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ մէկտեղուեցաւ մեր համայնքի այն մանուկներուն եւ պատանիներուն հետ, որոնք ամրան արձակուրդի առթիւ կը հիւրնկալուին Գնալը կղզիի Մեթամորֆոսիս յունաց վանքի համալիրի ճամբարէն ներս։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի հրաւէրին ընդառաջ՝ Վրաստանի նախագահ Միխայիլ Քաւելաշվիլի այսօր երկօրեայ պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Թուրքիա։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ընկերային ցանցերու վրայ գրառումով մը հանդէս եկաւ՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ ունեցած հանդիպման մասին։
Հայաստանի Վերաքննիչ քրէական դատարանը երէկ արձակեց վճիռ մը, որով յայտնի գործարար ու ազգային բարերար Սամուէլ Կարապետեանի ձերբակալումը ճանչցաւ ոչ-իրաւաչափ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ-Ատրպէյճան համաձայնութիւնը անխուսափելիօրէն հաշուի կ՚առնուի նաեւ Իրանի կողմէ:
Ուաշինկթըն կը խրախուսէ երեւանի ձգտումը՝ տարածաշրջանային հանգոյցի վերածուելու ուղղութեամբ՝ պայմանաւորելով տնտեսական նոր քարտէս մը:
Թեհրան չի պատրաստուիր առնել այնպիսի քայլեր, որոնք կրնան անկայունութիւն հրահրել: Հայկական կողմը պիտի հիւրընկալէ Փեզեշքիանը: