Արխիւ
Փարիզի նորաձեւութեան շաբթուան ծիրէն ներս, պատմական «Օփերա Կառնիէ»ի մէջ տեղի ունեցաւ «THE MUSE, powered by Jardins d’Arménie» բացառիկ ցուցադրութիւնը։ Այս իրադարձութիւնը նշանաւորեց հայկական երկու շքեղ ապրանքանիշերու՝ THE MUSE-ի եւ «Jardins d’Arménie» արքայական քոնեաքի ինքնատիպ համագործակցութիւնը։
Վրաց Ուղղափառ եկեղեցին կը սգայ իր հայրապետին՝ Իլիա Բ. Կաթողիկոս-պատրիարքի վախճանումը։ Ցաւալի այս իրադարձութիւնը լայն արձագանգ ստեղծած է նաեւ համաքրիստոնէական հարթութեան վրայ։
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտարարեց, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներն ու Իրանը տակաւին պատրաստ չեն խաղաղութեան համար։
Երէկ, Երեւանի մէջ, Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդը գումարեց ժողով մը։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ գլխաւորուած նիստին մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի կողմէ Իրանի դէմ սանձազերծուած պատերազմի մթնոլորտին մէջ կը շարունակեն զոհուիլ Թեհրանի ղեկավարութեան յառաջատար դէմքերը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երբ Սուրբ Գիրքը առանց վերապահութեան կարդացուի, պայման է, որ ընթերցողը ունենայ այն ներքին հոգեկան փոփոխութիւնը՝ սրտի՛ փոփոխութիւնը եւ կամ ուրիշ խօսքով՝ պէտք է ունենայ վերստին ծնունդ, ինչպէս Տէր Յիսուս շատ յստակ եւ վճռական կերպով կ՚ըսէ. «Ճշմարիտ, ճշմարիտ կ՚ըսեմ քեզի.- Եթէ մարդ մը նորէն չծնանի, չի՛ կրնար Աստուծոյ թագաւորութիւնը տեսնել». (ՅՈՎՀ. Գ 3):
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Անորոշութեան հանդէպ մարդոց հետաքրքրութիւնը ունի դարաւոր անցեալ՝ որ կրնայ հասնիմ մինչեւ նախամարդը. նոյնիսկ Ադամ եւ Եւայի գիտութեան ծառէն ուտելն անգամ հետաքրքրութեան մը արդիւնքն էր:
Երկասիրեց՝ ԿԻՒՐԻՒՆՑԻ Տ. ԽՈՐԷՆ
ՔԱՀԱՆԱՅ ՔԻԶԻՐԵԱՆ
Արդի աշխարհաբարի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
1. Ի՞նչ է Սուրբ Հոգին: 2. Ինչպէ՞ս կը ներգործէր Քրիստոսէ առաջ: 3. Ե՞րբ յայտնուեցաւ Սուրբ Հոգին: Քրիստոնեաները ինչպէ՞ս դաւանեցան զԱյն, իմաստասէրները ինչպէ՞ս իմաստասիրեցին:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Եւրոպայի քաղաքական եւ մշակութային գլխաւոր կեդրոններէն մէկուն՝ Սթրազպուրկի մէջ, վերջերս տեղի ունեցաւ խորհրդանշական եւ նշանակալի մշակութային իրադարձութիւն մը, որուն արձագանգը դուրս եկաւ սովորական մշակութային ձեռնարկի սահմաններէն։
Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Սուրբ Աթոռի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ արք. Պարսամեան Մեծ պահոց ներկայ շրջանին մեծ եռանդ ի գործ կը դնէ, որպէսզի եւրոպահայ երիտասարդները առաջնորդուին հոգեւոր ապրումներու։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Եսայիի մարգարէութեան 8-րդ գլուխին 5-10 համարներուն մասին մէկ կողմէ կը խօսի ժողովուրդին Տէրը մերժելու եւ Ասորեստանի թագաւորը հաւնելու մասին, միւս կողմէ կոչ կ՚ուղղէ հաւատացեալներուն ամուր մնալու եւ կառչելու եկեղեցիէն:
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հայրապետական բարձր տնօրինութեամբ՝ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ Վայոց Ձորի առաջնորդ Տ. Աբրահամ արք. Մկրտչեան ազատ արձակուեցաւ առաջնորդի պարտականութիւններէն եւ հանգստեան կոչուեցաւ։
Յառաջիկայ յունիսի 7-ին նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութեան ընդառաջ, Հայաստանի մէջ, ընդդիմութեան ճամբարէն ներս իրերայաջորդ ուշագրաւ իրադարձութիւններ տեղի կ՚ունենան։
Ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու կազմակերպած ընթրիքները կ՚անցնին ջերմ մթնոլորտի մէջ:
«Զողրաֆիոն» յունաց լիսէի երդիքին տակ իֆթարի սեղան՝ հովանաւորութեամբ Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքի:
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ վերջերս իրականացուցին շրջայց մը, որու շնորհիւ հնարաւորութիւն ունեցան մօտէն ծանօթանալու արքունի ճարտարապետներ Պալեան գերդաստանի անդամներու գործերուն։
Կեդրոնական սանուց միութեան բեմին վրայ, Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին ի նպաստ, Մխիթարեան սանուց միութեան թատերախումբը հերթական անգամ ներկայացուց «Vay Başıma Gelen» խաղը, որու ընթացքին թատերասէրները վառ պահեր ապրեցան։
Բժշկագիտութեան տօնը այս տարի եւս առիթ հանդիսացաւ, որպէսզի մէկ կողմէ ոլորտի խնդիրները արժեւորուին, իսկ միւս կողմէ մասնագէտներ արժանանան գնահատանքի։
Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեամբ, Մեծ պահոց շրջանին դէպի գաւառ կազմակերպուած աւանդական ուխտագնացութիւնը այս տարի բացառիկ նշանակութիւն ունեցաւ։ Այսպէս, երկրաշարժի հետեւանքով վնասուած Իսքենտերունի Ս. Քառասուն Մանուկ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցան տարեկան անուան տօնախմբութիւնները, որոնք բառին բուն իմաստով գաւառի մեր աւանդութիւններու վերակենդանացման եւ գաւառներէ ներս համայնքային կեանքի հնարաւորինս կենսունակ պահպանման տեսակէտէ լուրջ նշանակութիւն ունեցան։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ որեւէ կասկած չունի, թէ յառաջիկայ յունիսի 7-ին երկրի քաղաքացին տէր պիտի կանգնի խաղաղութեան։
Հայաստանեայց Առաքելական եւ Ասորի Ուղղափառ եկեղեցիները լուրջ մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման:
Մերձաւոր Արեւելքի առկայ պատերազմը քրիստոնեաներու ապագան ա՛լ աւելի անհեռանկար կը դարձնէ տարածաշրջանէն ներս: