Արխիւ
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդունեց Վենետիկի յանձնաժողովի նախագահ Ճիանի Պուքիքիոն։ Նախագահի մամլոյ ծառայութեան փոխանցմամբ, նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց Վենետիկի յանձնաժողովի այն անդամներուն, որոնք մասնագիտական բարձրորակ օժանդակութիւն ցուցաբերեցին սահմանադրական բարեփոխումներու մասնագիտական յանձնաժողովին։
Ռուսական «Կազփրոմ»ը ժամանակաւորապէս կը յետաձգէ իր մեծածաւալ ծրագիրը Թուրքիոյ հետ։ Վերջին օրերուն երկու երկիրներու միջեւ լարուածութիւն յառաջացած է Սուրիոյ պատերազմին պատճառով։
Պիլեֆելտի մէջ բացուած ցուցահանդէսով մը կը ներկայացուի հայկական ճարտարապետութիւնը:
Գերմանիոյ Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պէքճեան մասնակցեցաւ ձեռնարկներու բացման:
Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքէլ կրկնեց իր դիրքորոշումը այն մասին, թէ դէմ է Թուրքիոյ Եւրոպական միութեան անդամակցութեան։ Վարչապետը այս մասին յայտնեց գերմանական ARD հեռատեսիլի կայանին մէջ սփռուած հաղորդման մը միջոցին, պատասխանելով Աննէ Վիլի հարցումին։
Տարրաբանութեան Նոպէլեան մրցանակը ՏՆԱ-ի ուսումնասիրութեանց համար յանձնուեցաւ Փրոֆ. Ազիզ Սանճարին:
Գրականութեան ճիւղէն ներս վիպագիր Օրհան Փամուքէն ետք Թուրքիայէն անուն մը եւս արժանացաւ համաշխարհային մեծագոյն այս պարգեւին:
ՆԱԹՕ-ի պաշտպանութեան նախարարները այսօր կը մէկտեղուին Պրիւքսելի մէջ՝ քննարկելու համար Ռուսաստանի կողմէ Սուրիոյ մէջ իրականացուած օդային գործողութիւնները։ Մինչ այդ, ՆԱԹՕ-ի Ընդհանուր քարտուղար Եէնս Շթոլթենպերկ յայտարարեց, թէ ՆԱԹՕ պատրաստ է զինուոր առաքելու Թուրքիա՝ հարաւային սահմանէն գալիք հաւանական սպառնալիքներու դիմաց պաշտպանելու համար իր դաշնակիցը։
Լիոնաբնակ Ստեփան Պուտոյեան քառասուն տարիներէ ի վեր կ՚որոնէ նախահայրերուն հետքերը:
Ֆրանսական մշակութային միութեան մէջ մտերմիկ զրոյց՝ խօսուն ու վառ լուսանկարներու ուղեկցութեամբ:
ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ
Բարեմիտ չըլլանք: Մեր հայրենիքը եւ ժողովուրդը, Հայաստան եւ սփիւռքներ, ենթակայ եղած են, եւ են, անդադրում նախայարձակումներու, որոնք միայն զինուորական չեն:
Մարսէյլի միջազգային տօնավաճառին ընթացքին նշուեցաւ նաեւ Հայաստանի օրը։ Այսպէս, 25-րդ շարունակական մասնակցութիւն, այս տարի աւելի ընդարձակուած տաղաւարով, կեդրոնական ուղիին վրայ, հետեւաբար անպայման տեսանելի իւրաքանչիւր այցելուի համար։
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
«Զանգի» ծրագրի հեղինակ ճարտարագէտ Վահրամ Մարտիրոսեանի մասնաւոր յայտարարութիւնները՝ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին:
Հայաստանի արհեստագիտական տօնը՝ «ՏիճիԹէք Էքսփօ 2015» ցուցահանդէսը արժանացաւ հետաքրքիրներու ուշադրութեան:
Մխիթարեան վարժարանը Սեպտեմբեր 2014-էն ի վեր, Սկովտիոյ, Փորթուգալի, Նորվեկիոյ, Ֆրանսայի, Իտալիոյ եւ Լիթվանիոյ գործակցութեամբ, կը մասնակցի «R€» խորագրեալ նախագիծի մը աշխատանքներուն, որոնք կը հովանաւորուին Եւրոպական միութեան կրթութեան եւ երիտասարդութեան ծրագրերու կեդրոնի վարչութեան կողմէ՝ «Էրասմուս+» ծրագրի (Ցկեանս ուսուցում կամ Երիտասարդաց ծրագիր) ծիրէն ներս։
«Փարոս» հանդէսը երէկ իրիկուն կայացած հանդիսութեամբ մը նշեց հրատարակութեան չորրորդ տարեդարձը։ Այս առթիւ, Իսթանպուլի մօտ Յունաստանի ընդհանուր հիւպատոսութեան «Սիսմանոկլիօ Մեկարօ» կեդրոնին մէջ բացումը կատարուեցաւ անուանի գեղանկարիչ Սարգիս Մուրատեանի ցուցահանդէսին, որ կոչուած է «Անցեալէն դէպի ապագայ» անունով։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ կայ երեւոյթ մը՝ ուր Խաչը փայլատակած է երկինքի վրայ եւ զայն տեսած է ամբողջ ժողովուրդը։ Հինգերորդ դարուն պատահած այս դէպքը վկայուած է Խորենացի եւ Կորիւն պատմիչներու կողմէ։
Արեւելեան եկեղեցիներու գծով Պապական նուիրակ Կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրի, որ քանի մը օր առաջ Հայաստան կը գտնուէր՝ մասնակցելու համար Կիւմրիի Սրբոց Նահատակաց հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ օծման, յայտարարեց, թէ հաւանական է, որ Հռոմի Ֆրանսիսքոս Պապը Հայաստան այցելէ յաջորդ տարի։
Արեւելեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի «Ազատութիւն» մրցանակին արժանացողներու կարգին կը գտնուի նաեւ Մարդկային իրաւանց պաշտպան, իրաւագէտ Ֆեթհիյէ Չեթին։ Ան հեղինակած է «Մեծմայրս» գիրքը, որու հրատարակութենէն ետք թուրք հասարակութեան մօտ զգալի աճ մը արձանագրուած է 1915-ի Հայոց մեծ եղեռնին նկատմամբ։
«Թումօ» գիտական կեդրոնի Ստեփանակերտի մասնաճիւղը ձեռնարկեց արդիւնաւէտ ու օգտաշատ աշխատանքի:
ՀԲԸՄ-ի համագործակցութեամբ բացուած վայրը վստահաբար շուտով պիտի դառնայ երկսեռ պատանիներու նորագոյն ժամադրատեղին:
Ճարտարապետներու համահայկական երրորդ համաժողովը երէկ ամփոփեց իր աշխատանքները։ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած համաժողովին կը մասնակցէին հայ եւ օտարազգի աւելի քան 120 ճարտարապետներ, շուրջ 16 երկիրներէ։
Քրիսթաֆըր Չէյմպըրզ, որուն բեմադրած «Արամ, Արամ» ֆիլմը ցուցադուեցաւ այս տարուան Հայաստանի «Ոսկէ ծիրան» շարժապատկերի փառատօնին, կը յայտնէ, թէ ֆիլմը պատմութիւնն է տասներկու տարեկան Արամին, որ Պէյրութէն գաղթելով՝ կը հաստատուի Լոս Անճելըսի Փոքրիկ Հայաստան շրջանը ապրող իր մեծհօր մօտ, դիմագրաւելով նոր միջավայրին ընտելանալու դժուարութիւնները:
Արեւմտահայ գրականութեան յառաջատար անուններէն Զապէլ Եսայեանի «Մելիհա Նուրի հանըմ» նորավէպը հրատարակուեցաւ «Արաս» հրատարակչութեան կողմէ։ Գիրքը հայերէնէ թրքերէնի թարգմանած է Մեհմէտ Ֆաթիհ Ուսլու։ Եսայեան իր այս նորավէպին մէջ կը պատմէ կնոջ մը մասին, որ Չանաքքալէի պատերազմի օրերուն կը տարուբերի երկու տղամարդու հանդէպ ապրած իր զգացումներու միջեւ։
«Տը Թելեկրաֆ» թերթը հրապարակեց աշխարհի ամենէն գեղեցիկ եկեղեցիներուն ցանկը։ Քսաներեք եկեղեցիներու շարքին մէջ է նաեւ Իրանի մէջ գտնուող Սպահանի Ս. Բեթղեհէմ հայկական եկեղեցին։