Արխիւ

Ուրբաթ, Օգոստոս 21, 2015

2015-2016 կրթա­կան շրջա­նի վե­րա­մու­տը յե­տաձ­գուե­ցաւ եր­կու շա­բա­թով։ Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու ե­րէկ յայ­տա­րա­րեց, թէ դպրոց­նե­րու բա­ցու­մը յե­տաձ­գուած է Սեպ­տեմ­բե­րի 28-ին։

Ուրբաթ, Օգոստոս 21, 2015

Յու­նաս­տա­նի Վար­չա­պետ Ա­լեք­սիս Ցիփ­րաս ե­րէկ ե­րե­կո­յեան հրա­ժա­րե­ցաւ իր պաշ­տօ­նէն։ Թէ՛ Ցիփ­րաս եւ թէ իր կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը հրա­ժա­րա­կան տուին եւ յա­ռա­ջի­կայ Սեպ­տեմ­բե­րին կան­խա­հաս ընտ­րու­թիւն­ներ տե­ղի պի­տի ու­նե­նան երկ­րին մէջ։

Ուրբաթ, Օգոստոս 21, 2015

​ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը երէկ աշխատանքային շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ:
Սերժ Սարգսեան եւ Նիքոլայ Պորտիուժա քննարկեցին Հայաստանի յառաջիկայ նախագահութեան շուրջ հարցեր:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 20, 2015

Մեծ Բրի­տա­նիոյ խորհր­դա­րա­նի լոր­տե­րու պա­լա­տի ան­դամ, պա­րո­նու­հի Քե­րը­լայն Քոքս խումբ մը ուխ­տագ­նաց­նե­րու հետ կ՚այ­ցե­լէ Ար­ցախ:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 20, 2015

Հա­յաս­տա­նի ֆութ­պո­լի ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կա­նի յա­ռա­ջա­տար աստ­ղե­րէն Հեն­րիխ Մխի­թա­րեան գե­րա­զանց յա­ջո­ղու­թիւ­նով սկսած է ներ­կայ ե­ղա­նա­կին եւ Պո­րու­սիա Տորտ­մուն­տի մար­զա­շա­պի­կով Գեր­մա­նիոյ լի­կին մէջ կ՚ար­ժա­նա­նայ ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեան։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 20, 2015

Հա­յաս­տա­նի մէջ այս օ­րե­րուն տե­ղի կ՚ու­նե­նայ «Միու­թիւն-2015. Յաղ­թա­նա­կի ժա­ռանգ­ներ-Հա­յաս­տան» մի­ջազ­գա­յին ե­րի­տա­սար­դա­կան մրցոյթ-հա­ւա­քը։ Ռազ­մա­մար­զա­կան այս հա­ւա­քը ձօ­նուած է Բ. Աշ­խար­հա­մար­տի ա­ւար­տին տա­րուած յաղ­թա­նա­կի 70-ա­մեայ յո­բե­լեա­նին։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 20, 2015

Ծաղ­կա­ձո­րի մէջ այս օ­րե­րուն տե­ղի կ՚ու­նե­նայ «Բա­զէ-2015» ե­րի­տա­սար­դա­կան տա­րե­կան հա­ւա­քը։ Հա­յաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան հիմ­նադ­րա­մին կող­մէ կազ­մա­կեր­պուած այս ա­ւան­դա­կան հա­ւա­քին կը մաս­նակ­ցին հոծ թի­ւով ե­րի­տա­սարդ­ներ, ո­րոնք ե­րեք խում­բե­րու բաժ­նուած՝ կար­միր, կա­պոյտ, նարն­ջա­գոյն, կը գոր­ծադ­րեն ի­րենց ծրա­գի­րը։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 20, 2015

ԱՄՆ-ի եւ Վրաստանի պաշտպանութեան նախարարները քննարկեցին համագործակցութեան ընթացքը:
Ուաշինկթըն կը պատրաստուի յաւելեալ ձեւով 20 միլիոն ամերիկեան տոլար յատկացնել Թիֆլիզին:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 20, 2015

​Թուրքիա իրերայաջորդ ցնցումներ կ՚ապրի ահաբեկչական անիծելի յարձակումներով՝ միշտ դիմադրելով բարձր գիտակցութեամբ:
Շիրվան-փերվարի ճանապարհին վրայ զինուորական ինքնաշարժ մը ենթարկուեցաւ յարձակման. 8 նահատակ: Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութեան կողմէ հրապարակուեցաւ ցաւակցական մը Անվտանգութեան ուժերը անմիջապէս նոր գործողութիւններու ձեռնարկեցին ՓՔՔ-ականներուն դէմ, որոնք վերջին օրերուն կու տան ծանր կորուստներ:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 20, 2015

Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան սրբազան արարողութեան ընդառաջ քառասնօրեայ ժամանակաշրջան:
Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի Աւագ Խորանին վրայ շղարշածածկ արծաթեայ կաթսան արդէն զետեղուած:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 20, 2015

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ մեր հա­մայն­քի նոր սե­րուն­դի ար­ժէ­քա­ւոր ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րէն Լո­ռին Քը­լըչ­ճը փայ­լուն յա­ջո­ղու­թեամբ ա­ւար­տած է իր բարձ­րա­գոյն ու­սու­մը։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 20, 2015

Ս. Մահսէրէճեան

Այս տո­ղե­րը ծնունդ են սփիւռ­քեան ընդ­հան­րա­կան ցա­ւի մը, որ կը կո­չուի ՀԱՅ­ԿԱ­ԿԱՆ ԴՊՐՈՑ­ՆԵ­ՐՈՒ ՓԱ­ԿՈՒՄ։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 20, 2015

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

​Ամ­րան ա­միս­նե­րուն կ՚աշ­խու­ժա­նայ հա­յաս­տա­նեան փա­ռա­տօ­նա­յին կեան­քը: Այս ա­մառ Հա­յաս­տա­նի եւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի մէջ տե­ղի ու­նե­ցան կարգ մը հե­տաքրք­րա­կան փա­ռա­տօ­ներ, ո­րոնց­մէ մի քա­նին ար­դէն ա­ւան­դա­կան դար­ձած է, ինչ­պէս՝ Մեղ­րի եւ հա­տապ­տուղ­նե­րու, Լա­ւա­շի, Ձմե­րու­կի, Ծաղ­ի­կի, Հաս­կի, Տա­րա­զի, Թու­թի, Ոչ­խար­նե­րու խուզ­ման եւ այլ փա­ռա­տօ­ներ:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 20, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Բա­րո­յա­կան վե­րա­նո­րո­գու­մը ամ­բողջ մարդ­կու­թեան կա­րե­ւո­րա­գոյն զբա­ղու­մը եւ նպա­տա­կը ե­ղած է բո­լոր շրջան­նե­րու մէջ՝ սկիզ­բէն մին­չեւ այ­սօր, եւ պի­տի շա­րու­նա­կէ այն­քան՝ որ­քան մարդ­կու­թիւ­նը գո­յա­տե­ւէ՝ մին­չեւ իսկ մէ՛կ ան­հատ։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 19, 2015

ԼԵՌՆԱ ԳԱՐԱԳԻՒԹԻՒՔ

Մութ ամպեր պատեր են երկինքը
Կապարի ծանրութիւն՝ օդին մէջ
Քաղաքին մէջ ցաւեր կը տողանցեն

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 19, 2015

​Խոր Վի­րա­պի մէջ Օ­գոս­տոս 23-ին պի­տի ի­րա­կա­նա­ցուի «Լա­ւա­շի փա­ռա­տօն», ո­րու ըն­թաց­քին՝ հաց­թուխ­նե­րը պի­տի ցու­ցադ­րեն լա­ւա­շի պատ­րաստ­ման ըն­թաց­քը, պի­տի սոր­վեց­նեն թխման ճիշդ ձեւը, պի­տի կազ­մա­կեր­պուի լա­ւա­շի եւ ա­ւան­դա­կան հաց ու պա­նի­րի, ինչ­պէս նաեւ ժեն­գեա­լով հա­ցի  հիւ­րա­սի­րու­թիւն:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 19, 2015

Ռու­մա­նիոյ Պո­թո­շան քա­ղա­քին մէջ Ռու­մա­նիոյ Հա­յոց Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Տա­թեւ Ե­պսկ. Յա­կո­բեա­նի ձե­ռամբ օ­ծուած է քա­ղա­քի հայ­կա­կան հնա­մեայ գե­րեզ­մա­նա­տան Ս. Ա­ւետ­ման մա­տու­ռը, որ նո­րո­գուած էր հայ բա­րե­րարուհի Է­մա­նուե­լա Քո­քոթա Ֆեր­հատեան Կոյ­լա­ւի օ­ժան­դա­կու­թեամբ:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 19, 2015

Պոս­թը­նի մէջ գրե­թէ բո­լո­րը գի­տեն՝ ե­թէ տան մէջ խրախ­ճանք կազ­մա­կեր­պեն եւ ու­զեն հիւ­րե­րը զար­մաց­նել տնա­կան հա­մեղ ու­տեստ­նե­րով, ա­պա պէտք է դի­մեն ա­մե­րի­կա­հայ Նա­թան Կի­բա­րեա­նին: Զինք ա­նուա­նած են «խո­հա­նո­ցի ար­քայ» եւ կը զար­մա­նան, թէ ինչ­պէս ան կրնայ ա­մե­նա­պարզ մթեր­քէն իւ­րա­յա­տուկ ճա­շա­տե­սակ­ներ պատ­րաս­տել:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 19, 2015

Ֆրեզ­նո­յի հայ­կա­կան գա­ղու­թին մէջ, ա­ւան­դու­թիւն դար­ձած է Աս­տո­ւա­ծա­մօր Վե­րա­փոխ­ման տօնն ու խա­ղո­ղօրհ­նէ­քի ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը եր­կու ան­գա­մով կա­տա­րել՝ հեր­թա­կան կար­գով, «Հայ­կա­կան Տուն» ծե­րա­նո­ցի ըն­դար­ձակ պար­տէ­զին մէջ, Ս. Եր­րոր­դու­թիւն  եւ Ս. Պօ­ղոս ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն կող­մէ: Ա­ռա­ջի­նը տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Օ­գոս­տոս 15-ի տօ­նը կան­խող Կի­րա­կին, իսկ երկ­րոր­դը՝ Օ­գոս­տոս 15-ին:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 19, 2015

Վրաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Թի­նա­թին Խի­տա­շե­լի այս օ­րե­րուն շփում­ներ կ՚ու­նե­նայ Ո­ւա­շինկ­թը­նի մէջ։ Թիֆ­լի­զի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, այս շրջագ­ծով կը քննար­կուին Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու եւ Վրաս­տա­նի ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը։

Էջեր