Արխիւ

Չորեքշաբթի, Յուլիս 5, 2023

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Աստուծոյ ողորմածութեամբ ու բարի կամքի շնորհիւ, թրքերէնի ուսուցիչի թափուր աշխատատեղիին համար, քանի մը թեկնածուներու մէջէն ընտրեցին զիս: 2022-2023 թուականներու ուսումնական տարեշրջանէն սկսեալ, Երեւանի աւագ դպրոցներուն՝ լիսէներուն մէջ, որպէս հիմնական առարկայ սկսան ուսուցանել թրքերէն ու ատրպէյճաներէն լեզուները:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 5, 2023

ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1901)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Ամուսնութեան օգտաւէտութիւնը առողջապահական տեսակէտէ: Պատճառները: Ազապներու հիւանդութիւնները: Ժուժկալութեան վատ հետեւանքները կնոջ վրայ: Ամուրիներու ջղային դրութիւնը: Հիստերիա եւ խելագարութիւն: Ընտանեկան կեանքի բարոյական կողմը:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 5, 2023

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Բնութիւնը՝ որուն մէջ կ՚ապրինք, լռելեայն պատգամներ կու տայ մարդուն, որ այնքան անձայն չէ։ Մարդ, ընդհանրապէս ինքզինք հպարտ կը զգայ շատ բան գիտնալով։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 5, 2023

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Յետցեղասպանութեան շրջանին շատ դժուարին պայմաններու մէջ ստեղծուեցան մեր հայկական գաղութները, սակայն նիւթական դժուարութիւններու կողքին կար աւելի կարեւոր դժուարութիւն մը՝ որն էր հայրենիքի կարօտը: Հայկական գաղութներու առաջին ներկայացուցիչները գրեթէ չյաջողեցան յարմարիլ այնտեղ՝ ուր ակամայ յայտնուեցան։

Երեքշաբթի, Յուլիս 4, 2023

Վաղը Հայաստանի մէջ պիտի սկսի «Սուրբ Էջմիածինը մեր հաւատքի ծննդավայր» խորագրեալ համահայկական երիտասարդական ուխտագնացութիւնը, որ պիտի շարունակուի մինչեւ յուլիսի 10-ը։ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ եւ Հայ Եկեղեցւոյ համաշխարհային երիտասարդական միաւորման (ՀԵՀԵՄ) կազմակերպութեամբ տեղի կ՚ունենայ այս երիտասարդական ուխտագնացութիւնը։

Երեքշաբթի, Յուլիս 4, 2023

Սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական եւ երախտաշատ բարերար Կիրակոս Գույումճեան կը շարունակէ խթանել նոր սերունդներու ուսումնառութիւնն ու կատարեալ պատրաստութիւնը։ Իր կողմէ սփիւռքահայ աշակերտներու համար հաստատուած «Սուրբ Ներսէս Շնորհալի» տարեկան մրցանակի յանձնման արարողութիւնը այս տարի եւս առիթ հանդիսացաւ մեծ ոգեւորութեան։

Երեքշաբթի, Յուլիս 4, 2023

Երեւանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Քրիստինա Քվին յայտարարեց, որ եթէ ապագային հնարաւոր ըլլայ շինիչ աշխատանք ծաւալել ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի շրջանակին մէջ, ապա իր երկիրը դէմ պիտի չըլլայ։

Երեքշաբթի, Յուլիս 4, 2023

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Լիբանանահայերու մասին ըսուած է, թէ անոնք ընդունակ են փոքրիկ ովասիսներ ստեղծել իրենց գտնուած տեղերուն մէջ։ Խօսքը իրաւացի է ո՛չ միայն այն պատճառով, որ անոնք կը տիրապետեն բազում շնորհներու, այլեւ անոր համար, որ անոնք աշխատասէր են։

Երեքշաբթի, Յուլիս 4, 2023

Զօրակցութիւնը, առաջին հայեացքով, կը թուի ըլլալ միակողմանի։ Բարդ պահուն մէկը կ՚աջակցի միւսին։ Առ երեւոյթ կայ մէկը, որ միւսին օգնութեան կը հասնի։ Բայց մարդկային կեանքին մէջ ամէն ինչ միթէ այդքան պա՞րզ է։ Երկու կամ աւելի անձի միջեւ ամէն ինչ փոխադարձ չէ՞։

Երեքշաբթի, Յուլիս 4, 2023

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Քանի մը օր առաջ գրիչի ընկերներէս Գէորգ Եազըճեան «ուսուցիչ կ՚ուզուի»ի յայտարարութեան մը մասին դիմատետրի վրայ խիստ ակնարկութիւն մը ըրած էր: Տեղին եւ կենսական:

Երեքշաբթի, Յուլիս 4, 2023

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Քաղաքական դաշտին մէջ հայերուն ներկայութիւնը Սուրիոյ իրականութենէն ներս եղած է միշտ սահմանափակ, այդ կը վերագրուի ցեղասպանութեան թողած ցնցումին ու հաւաքական քաղաքացիութեան ընկալման տարբեր մօտեցումին: Իշխանութեան մէջ պաշտօններու չձգտելով հայերը շահեցան տնտեսագէտ, արուեստագէտ ու արհեստաւոր անուանումներն ու համբաւը:

Երեքշաբթի, Յուլիս 4, 2023

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում. Պէ՞տք է Տիրոջ ապաւինիլ:
Պատասխան.
Այսօրուան նիւթականացած աշխարհը մարդը հեռացուցած է Աստուծմէ, որով հեռացուցած է զինք իր իսկական պատկերէն ու նմանութենէն:

Երեքշաբթի, Յուլիս 4, 2023

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Անցնող մէկ շաբաթը Հայաստանի մշակութային կեանքին մէջ յայտարարուած էր «Լիսիցեանական շաբաթ»:
Արուեստի շունչով յագեցած շաբաթը նուիրուած էր պարագիտութեան հայկական դպրոցի հիմնադիր, անուանի պարագէտ, ազգագրագէտ եւ արուեստաբան Սրբուհի Լիսիցեանի ծննդեան 130-ամեակին:

Երեքշաբթի, Յուլիս 4, 2023

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Դժուար է միանշանակ գնահատել մեր պատմութեան ելեւէջները մեր եկեղեցական կեանքին մէջ եւ հոգեւորականներու դերը մեր ժողովուրդի հոգեւոր, մտաւոր, ազգային կեանքի կազմաւորման եւ զարգացման մէջ։
Իսկ այսօր, աւելի քան երբեւէ, արդի կեանքը շատ բարդ, խրթին եւ դժուարիմաց է, որուն կարելի է անդրադառնալ բոլորիս կողմէ։

Երեքշաբթի, Յուլիս 4, 2023

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ամէն ժամանակէ աւելի այսօր մեր հայ կուսակցութիւնները, հաստատութիւնները, եկեղեցին ու կազմակերպութիւնները պէտք է լրջօրէն մտածեն ինքնաբաւ ըլլալ եւ իրենց համար նիւթական միջոցներ ստեղծել, որովհետեւ մեր իրականութենէն ներս կամաց-կամաց կը պակսի «բարերար»ի եւ «բարերարութեան» երեւոյթը, որովհետեւ օրերու ընթացքին մարդոց մէջ աւելիով կ՚արմատանայ ԵՍ-ը եւ կը սկսին մոռցուիլ ազգ, հայրենիք, եկեղեցի ու բոլոր սրբազան արժէքները՝ որոնցմով կը փորձենք գոյութիւն մը տալ մեր հայու ինքնութեան:

Երկուշաբթի, Յուլիս 3, 2023

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան վերջին վերադասաւորումները ցոյց կու տան, որ նախագահ Պայտընի իշխանութեան շրջանին Սպիտակ տունը արդէն վճռած է՝ իր պայքարները կամ նոյնիսկ փոքր պատերազմները մղել տնտեսական միջոցներով։

Երկուշաբթի, Յուլիս 3, 2023

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

ԺԱՄԱՆԱԿ թերթի հիմնադիրներէն Քասիմ (Միսաք Գօչունեան) 1907 թուականին Պոլիս տպուած իր «Տունէն ներս» գիրքին մէջ առօրեայ կեանքի, մարդկային յարաբերութիւններու եւ կենսակերպի մասին հետաքրքրական բազում նիւթեր հեղինակած է: Գիրքին հրատարակիչը՝ Զ. Պէրպէրեան, ընծայաթերթին մէջ օրին գրած է, որ Քասիմ միակ գրողն է, որ ձեռնահասօրէն պրպտած, ուսումնասիրած է ամէն դասակարգի ընտանեկան, առեւտրական, ներքին կեանքը, եւ վէպերու, յօդուածներու, պատմութիւններու ձեւին տակ վերլուծած է բոլոր երեւոյթները կեանքին:

Երկուշաբթի, Յուլիս 3, 2023

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Փիլիսոփայութեան պատմութեան մէջ կարելի է հանդիպիլ գրեթէ բոլոր ժամանակաշրջաններու ընթացքին գրի առնուած յօդուածներու, հետեւեալ հարցման մասին. ի՞նչ է մարդը: Այնուամենայնիւ, այս յօդուածներու հիմնական առանցքը միշտ այդ հարցումը չէ կազմած:

Երկուշաբթի, Յուլիս 3, 2023

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ոսկեղջիւրի (Խրիսօ, կամ Խրիսու գերաս) ձախ եզրի ոսկեգոյն ափերուն վրայ թառող խորանաձեւ այս ոստանը, ինչպէս Պոյլսոյ բազմաթիւ թաղեր, իր անունը կ՚առնէ Միքայէլ Մօնօմախօս կայսեր շինել տուած նաւահանգիստի պարիսպէն դէպի ծով բացուող այն պատմական դռնէն՝ որ կը կոչուէր՝ «Պալաթիանի թիռա», այսինքն՝ դուռն Պալաթի։ Ահաւասիկ այս պատճառով է, որ այս թաղը կը կոչուի Պալաթ։

Երկուշաբթի, Յուլիս 3, 2023

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

«Շատ մը պատմութիւններ կան երկնային մարմիններու եւ համաստեղութեանց նկատմամբ, որոնք հիներուն համար ճշմարիտ պատմութիւններ էին, մինչդեռ մեզի ծիծաղելի կը թուին». Մանկասարեան այս տողերով ծիծաղելի կը գտնէր Յիսուս Քրիստոսի վերագրուած դրուագներն ու պատմութիւնները. մոգերը դէպի Յիսուսի ծննդավայրը առաջնորդող աստղը անոր կարծիքով՝ պարզապէս առասպել մըն է՝ պատմութիւն, որ դիւրութեամբ կարելի է տեսնել ու գտնել հեթանոսական պատմութիւններու մէջ եւս:

Էջեր