Արխիւ

Երկուշաբթի, Յունիս 26, 2023

Ֆէրիգիւղի Վարդանանց երգչախումբը շաբաթավերջին համերգով մը հանդէս եկաւ «Ճեմալ Ռեշիտ Ռէյ» (CRR) համերգասրահին մէջ։ CRR-ի երդիքին տակ կազմակերպուած եղանակի եզրափակիչ ելոյթին մասնակցեցաւ 115 հոգիէ բաղկացեալ մեծ եւ ընդհանրական երգչախումբ մը, որուն մաս կազմեց նաեւ Վարդանանցը։

Երկուշաբթի, Յունիս 26, 2023

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի Ուաշինկթընի յետաձգեալ բանակցութիւնները պիտի սկսին վաղը՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի միջնորդութեամբ։

Երկուշաբթի, Յունիս 26, 2023

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

«Շեշտը պէտք է դնենք մեր տունը կառուցելու վրայ՝ զօրացնելով տնտեսութիւնը, բարելաւելով ընկերային վիճակը, կրթական համակարգը, մշակելով զանազան ծրագիրներ, որպէսզի հայը հանգիստ ապրի Հայաստանի տարածքին վրայ։ Քանի մեծ-մեծ կը խօսինք, երազի մէջ կ՚ապրինք, մեր երազը մղձաւանջի մը վերածած ենք։ Սա է մեր թշնամին»:
«Աւանդական կուսակցութիւնները ամէն ինչ կ՚ընեն, որպէսզի Հայաստան գործիք դառնայ ռուսերուն ձեռքը ու չըլլայ ազգային համակարգով պետութիւն մը։ Եւ հո՛ս է սխալը, հո՛ս է վտանգը։ Երազի մէջ ապրիլը վտանգաւոր է։ Կրկնեմ՝ տարածքային իրաւունքի պահանջէն դուրս գալով՝ 21-րդ դար պէտք է մտնենք մարդու իրաւունքի պաշտպանութեամբ զբաղելով»:
Կայծ Մինասեան. «Հայերուն մէջ մեծ սխալ մը կայ, որ նոյն մակարդակի վրայ կը դնեն պետութիւնն ու սփիւռքը։ Չկայ ուրիշ պետութիւն մը, որ ունենայ այդ մօտեցումը։ Մէկ անգամէն, յստակ ձեւով պէտք է ըսենք, որ սփիւռքը պետութիւն չէ, սփիւռքը քաղաքական դատարկ հասկա­ցու­թիւն մըն է»:
«Սփիւռքի մէջ երկու մոտել կայ։ Մէկը չ՚ընդունիր, որ պետութիւն մը՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը գոյութիւն ունի։ Սա աւանդական մօտելն է։ Միւսը կ՚ընդունի, որ պետութիւն մը կայ, Հայաստանը ոտքի վրայ է՝ ինչ որ ալ ըլլայ օրուան դրութիւնը։ Սա աւելի արդիական մօտել մըն է, փոխկապակցուած եւ բաց մոտել մըն է, որ անհատականացուած է։ Այս երկու մոտելները իրարու դէմ կ՚աշխատին։ Աւանդական կառոյցները տակաւին երազի մէջ կ՚ապրին, աւանդական մօտեցումով՝ առանց գիտնալու, թէ ի՛նչ կը նշանակէ պետութիւն ունենալ։ Անոնք կը շահագործեն պետութիւնը կամ ուղղակիօրէն ըսեմ՝ կ՚ուզեն քանդել պետութիւնը։ Ասիկա ահաւոր ու վտանգաւոր է»:

Երկուշաբթի, Յունիս 26, 2023

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Շահապիվանի ժողովը հայոց ամենափառաւոր ժողովներէն մէկն է։ Շահապիվանը կը գտնուի Բագրեւանդ գաւառը՝ Մասիսի ստորոտները, այժմեայ Հին Պայազիտի շրջանը, ուր ամէն Նաւասարդին կը ժողվուէին նախարարներ, իշխաններ, հոգեւորականներ, բազմաթիւ ժողովուրդ եւ մեծ փառքով կը տօնէին տարեմուտը։ (Կանոնագիրք Հայոց)։

Երկուշաբթի, Յունիս 26, 2023

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

2024 թուականին՝ ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի 100-ամեակին առթիւ, համաշխարհային շարժանկարային պաստառներու վրայ կը յայտնուի Ազնաւուրի մասին առաջին գեղարուեստական շարժանկարը՝ «Պարոն Ազնաւուր»:

Երկուշաբթի, Յունիս 26, 2023

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Կը շարունակենք մեր խորհրդածութիւնները Շէյքսփիրի մասին Թոլսթոյի քննադատութիւններուն առընչութեամբ։
Շէյքսփիր, որ մահացած է Թոլսթոյի ծնունդէն քանի մը դար առաջ, բնականաբար չկարողացաւ պատասխանել իրեն ուղղուած մեղադրանքներուն։ 

Երկուշաբթի, Յունիս 26, 2023

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մանկասարեան կ՚ուզէ գիտնալ, թէ ինչպէ՞ս Կաթոլիկ եկեղեցին յաջողած է պահել Յիսուս Քրիստոսի խաչափայտէն մասունք մը՝ որ աւելի հին անցեալ ունի, սակայն չէ կրցած պահել առաքեալներուն կողմէ գրուած ձեռագիրներն ու այլ յիշատակելի փաստերը:

Երկուշաբթի, Յունիս 26, 2023

Երէկ տեղի ունեցաւ Պոյաճըգիւղի Ս. Երից Մանկանց եկեղեցւոյ տարեկան տօնախմբութիւնը։
Արարողութեան հանդիսապետեց եւ Ս. Պատարագը մատոյց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան։

Երկուշաբթի, Յունիս 26, 2023

Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Նշխարհաց գիւտի տօնին եւ Գնալը կղզիի եկեղեցւոյ ուխտի օրուան առթիւ, շաբաթավերջին, տօնական արարողութիւններ տեղի ունեցան Ս. Գրիգոր Լուաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։ Արարողութիւններուն հանդիսապետեց Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։

Երկուշաբթի, Յունիս 26, 2023

Երէկ տեղի ունեցաւ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ տարեկան տօնախմբութիւնը, որուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Ս. Պատարագը մատոյց Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։

Շաբաթ, Յունիս 24, 2023

Արցախի հայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրները օրէ օր կը խորանան ու կը հասնին անհաւատալի համեմատութիւններու։ Ատրպէյճան կը ձգտի սիսթեմաթիք ձեւով խորացնել Արցախի պաշարումը։

Շաբաթ, Յունիս 24, 2023

Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատան համալիրի նոր շինարարութեան շուրջ բացայայտումներ:
Նախկին մատակարար մարմինը վարձակալութեան պայմանագիրը կնքած է՝ հակառակ փաստաբանի զգուշացումներուն:

Շաբաթ, Յունիս 24, 2023

Կիթառի դիպուկ նուագներու խորհրդաւոր մթնոլորտին մէջ կը հնչեն երգի մը բառերը. երազներուն ալ ժամանակը կ՚անցնի… Մարդկային երեւակայութիւնը թէեւ անսահման է, սակայն կերպարանափոխութիւնն ալ վերանորոգ ու յարատեւ։ Կերպարանափոխեալ մարդուն երազներուն ժամանակը կրնա՞յ լրանալ։

Շաբաթ, Յունիս 24, 2023

Շիշլի մարզակումբը ախոյեան եզրափակեց Թուրքիոյ 2022-2023 շրջանի ֆութսալի լիկը։ Ինչպէս անցեալ տարի, այս տարի եւս շիշլիցիները նուաճեցին ախոյեանի տիտղոսը, ինչ որ մեծ ոգեւորութիւն ստեղծեց ակումբի շրջանակներէն ներս։

Շաբաթ, Յունիս 24, 2023

Գարակէօզեան Տան մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ շրջանաւարտութեան հանդէսը, որ առիթ հանդիսացաւ մեծ ոգեւորութեան։ Դպրոցի այս տարուան հունձքը հրաժեշտ առաւ՝ առարկայ դառնալով Գարակէօզեան Տան ամբողջ ընտանիքին ամենաջերմ զգացումներուն։

Շաբաթ, Յունիս 24, 2023

Կեդրոնականի ընտանիքը երէկ հանդիսաւոր հաւաքոյթով մը հրաժեշտ տուաւ վարժարանի 2022-2023 կրթական շրջանի հունձքին, որ կը բաղկանայ 55 աշակերտէ։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, Կեդրոնական վարժարանի շրջանաւարտութեան հանդէսը երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Գումգաբուի մէջ, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս։

Շաբաթ, Յունիս 24, 2023

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան երէկ հայոց վանքին մէջ ընդունեց Սուրբ Երկրի ասորիներու առաջնորդը՝ Անթիմոս Ժագ Եագուբ եպիսկոպոսը, որուն կ՚ընկերանային երկու միաբաններ։ Հիւր սրբազանը Նորին Ամենապատուութեան յանձնեց Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ Եփրեմ Բ. Պատրիարքին կողմէ շնորհակալութեան պաշտօնական գրութիւն մը։

Շաբաթ, Յունիս 24, 2023

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցային գործընթացին մէջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները աշխուժացած է լրջօրէն։ Պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հովանաւորութեամբ՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի փակ բանակցութիւնները պէտք է դիտարկել՝ որպէս նոր սկիզբ մը այն գործընթացին համար, որ աւելի վերջ շարունակուեցաւ Մոսկուայի մէջ, այս անգամ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջնորդութեամբ՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ։

Շաբաթ, Յունիս 24, 2023

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Այսօրուան ճաշու ընթերցուածները հետեւեալներն են.
Իմաստութիւն Սողոմոնի գիրքէն 4.7-15:
Միքիայի մարագարէութենէն 7.7-10:
Գործք Առաքելոց 20.22-32:
Յովհաննէսի Աւետարանէն 10.11-16:

Շաբաթ, Յունիս 24, 2023

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մանուկը դաստիարակել արուեստի տրուած բծախնդրութիւն կը պահանջէ։ Ան կարեւոր «արուե՛ստ» մըն է, կենսական արուեստ մը, քանի որ մանուկի դաստիարակութիւնը՝ ապագան կազմաւորել կը նշանակէ։

Էջեր