Արխիւ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մանկասարեան Յիսուսի կեանքը առասպել կը նկատէ, առաջին հերթին հիմնուելով այն «փաստ»ին վրայ, թէ Յիսուսի ծնունդը յստակ թուական մը չունի. անոր համոզումով անձի մը գոյութիւնը կարելի է փաստել այն ժամանակ, երբ պատմիչներ միաբերան կ՚ընդունին անձի մը ծննդեան օրը եւ կամ ծննդեան թուականը, սակայն Յիսուս Քրիստոսի պարագային յստակ թուականի մը չգոյութիւնը կասկած կը ստեղծէ Քրիստոսի գոյութեան շուրջ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Բարի պատերազմը պատերազմեցայ, ընթացքը կատարեցի, հաւատքը պահեցի։ Ասկէ յետոյ կայ ու կը մնայ ինծի արդարութեան պսակը, որ Տէրը՝ արդար դատաւորը՝ պիտի հատուցանէ ինծի այն օրը». (Բ ՏԻՄ. Դ 7-8)։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երբեւէ մտածա՞ծ էք, թէ Յիսուս Քրիստոսի մասին մեզի հասած պատմութիւնները կրնան սուտ եւ մարդու երեւակայութեան ծնունդ եղած ըլլալ. եթէ այո, ապա կրնաք վստահ ըլլալ որ առանձին չէք, որովհետեւ դարեր շարունակ հաւատացողներուն կողքին մի՛շտ ալ գոյութիւն ունեցած են չհաւատացողները, որոնք տարբեր փաստերով ու մանաւանդ գիտութիւնը որպէս վահան ունենալով փորձած են փաստել այդ ստախօսութիւնները:
Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Նուման Քուրթուլմուշ «TRT Haber»ին տուած հարցազրոյցին մէջ անդրադարձաւ կարգ մը արտաքին քաղաքական հարցերու։ Այսպէս, ան խօսեցաւ Սուրիոյ, Եգիպտոսի եւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու ընթացքին շուրջ:
Քաղաքակրթութեան հոլովոյթի մեխերէն մին է՝ մարդուն բնութեան հետ հեռաւորութիւն պահելու ձգտումը։ Միտք ու սիրտ է մարդը՝ մէկ կողմէ զգացում, միւս կողմէ մտածում։ Զգացումները կը յագենան բնութեան մէջ, իսկ մտածումները կը խմորուին՝ անկէ հնարաւորինս հեռանալով։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր ընդունեց Սկիւտարի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Ռաֆֆի Գրիգորեանի։ Ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան։
Ֆէրիգիւղի Վարդանանց երգչախումբը վաղը երեկոյեան հանդէս պիտի գայ Հարպիյէի «Ճեմալ Ռեշիտ Ռէյ» (CRR) համերգասրահին մէջ։ Այսպէս, CRR-ի սեմֆոնիք նուագախումբը վաղը ներկայ եղանակին բացումը պիտի կատարէ՝ Մուրատ Ճեմ Օրհանի մականին ներքեւ։
Պատրիարքարանի մէջ խորհրդակցութիւն աւելի քան 3.5 ժամ. հիմնական երեք առանցքի շուրջ քննարկումներ:
Համայնքային վարիչները ուշադրութիւն կեդրոնացուցին թէ՛ մասնագիտական եւ թէ ելմտակազմակերպչական նիւթերու վրայ:
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Երեւանի մօտ Իրանի դեսպան Ապպաս Զոհուրին։ Այս վերջինը Հայաստանի մէջ աւարտելու վրայ է իր դիւանագիտական առաքելութիւնը եւ այս առթիւ հրաժեշտի այցելութիւն մը տուած է Վեհափառ Հայրապետին։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Բոլորիս ծանօթ է, թէ Ուիլիամ Շէյքսփիր ունի բազմաթիւ համակիրներ, բայց անոր աշխատանքը համընդհանուր գնահատականի չ՚արժանանար: Աւելի՛ն, կան նոյնքան յայտնի գրողներ, որոնք մարտահրաւէր ուղղած են կամ տակաւին կ՚ուղղեն անոր։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Այդ առաւօտ, պր. Սուրէնն ու տիկ. Լուսինը ճիշդ որոշուած ժամուն արդէն բժիշկի շէնքի մուտքին էին: Շուտով մտան գրասենեակ ու մօտեցան սպասման սենեակին անկիւնը գտնուող փոքր պատուհանին, ուրկէ պաշտօնեայ աղջիկ մը իր սեղանին ետեւէն նախ լայն ժպիտով մը զիրենք դիմաւորեց:
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ 2022-2023 կրթական շրջանի եզրափակիչ փուլը բնորոշուեցաւ շարք մը փառատօներով։ Այսպէս, տարեվերջի հանդէսներէն անդին այս ծրագիրը առանձնայատուկ նշանակութիւն մը ունեցաւ տղոց համար։
SEV-ի նորընտիր վարչութիւնը գումարեց իր անդրանիկ ժողովը եւ ձեւաւորեց դիւանը:
Հիմնարկը փորձառու անձնաւորութիւններու մականին ներքեւ պիտի շարունակէ իր գործունէութիւնը:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Լուսանկարի մը մէջ Արցախը, արցախցին:
Լուսանկարը ցոյց կու տայ աւելի քան վեց ամիսէ ի վեր շրջափակումի մէջ յայտնուած Արցախն ու արցախցին: Այլեւս 193 օր:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երբ կը գրեմ այս տողերը, 2023 թուականի յունիսի 20-ն է՝ մարդկութեան մեծ մասին համար 21-րդ քաղաքակիրթ դարու պայծառ օրերէն մին, իսկ մարդկութեան մաս կազմող Արցախին համար՝ մղձաւանջի, տանջանքի եւ դէպի անդունդ քայլելու յաջորդական մէկ օրը:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Օրերս համացանցի վրայ աչքիս զարկաւ պատմուածք մը, որ ուզեցի մեր սիրելի ու յարգելի ընթերցողներուն հետ բաժնեկցիլ ու ապա այդ պատմուածքին լոյսին տակ քիչ մը մտմտալ բովանդակութեան մասին՝ մեր այսօրուան իրականութեան լոյսին տակ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հաւատքը ճշմարտութեան կ՚առաջնորդէ մարդը։ «Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ Իր Միածին Որդին տուաւ, որպէսզի ամէն ով որ Անոր հաւատայ, չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ, ան որ կը հաւատայ Անոր, չդատապարտուի, եւ ան որ չհաւատայ՝ անիկա արդէն դատապարտուած է, վասնզի Աստուած Միածին Որդւոյն անուանը չհաւատաց». (ՅՈՎՀ. Գ 16)։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Դարերու ընթացքին մարդ արարածը անհաշուելի կարծիքներ յայտնած է կեանքի ինչութեան մասին եւ կը շարունակէ յայտնել, որովհետեւ կեանքը որպէս առեղծուած երբեւէ կարելի չէ եղած ամբողջութեամբ բացատրել ու հասկնալ եւ գուցէ երբեք ալ կարելի պիտի չըլլայ:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի նախագահութեամբ, այսօր երեկոյեան Պատրիարքարանի մէջ նախատեսուած է կարեւոր խորհրդակցութիւն մը։ Այս առթիւ օրակարգի վրայ կու գան պոլսահայ վարժարաններու վերաբերեալ առկայ խնդիրները։
Արցախը կը շարունակէ ամբողջովին շրջափակուած մնալ։ Աշխարհէն պաշարուած իրավիճակի մէջ Արցախի հայութիւնը կը դիմագրաւէ աննկարագրելի ողբերգութիւն մը, որ յղի է ծանրածանր հետեւանքներու։