Արխիւ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հաւատքէն եւ սիրոյ ուսուցումէն ետք աշակերտին անհրաժեշտ է քաջութիւն եւ ուժ՝ յաղթահարելու համար դէպի առջեւ երթալու ճամբուն իր դիմաց ցցուած ցանկացած խոչընդոտ:
Երէկ, Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրանի ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Աքպար Ահմատիանի հետ։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Սուրիոյ նախագահ Ահմէտ Շարայի հետ։ Թուրքիա անվերապահօրէն դիրք կը գրաւէ Սուրիոյ կողքին, որ կ՚ենթարկուի Իսրայէլի յարձակումներուն։
Կիպրական հիմնախնդրին շուրջ ընդլայնուած կազմով անպաշտօն, ծաւալուն քննարկումներ Նիւ Եորքի մէջ:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես կ՚անդրադառնայ կողմերու միջեւ քայլ առ քայլ յառաջընթացի արձանագրման: Հաքան Ֆիտան նշեց, որ Թուրքիա կը ձգտի յարաբերութիւնները հարթել Եւրոմիութեան հետ:
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ուխտաւորներ։
Մերձաւոր Արեւելքի լարուած իրադրութիւնը կը մնայ առկայ։ Տարածաշրջանէն միշտ արիւնալի դրուագներ կը ցոլանան, ինչ որ միշտ պատճառ կը դառնայ խոր մտահոգութեան։
Իսթանպուլի 14-րդ պատժական ատեանը երէկ արձակած վճիռով 20 ամիս ազատազրկման դատապարտեց Էքրէմ Իմամօղլուն։ Միեւնոյն ժամանակ, Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլուի քաղաքական գործունէութեան դէմ արգելք ալ սահմանուեցաւ դատարանին կողմէ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն հնչած վերջնագրերու մթնոլորտին մէջ, Ռուսաստան թափ տուաւ Ուքրայնայի դէմ յարձակումներուն։ Ուաշինկթըն-Մոսկուա առանցքին վրայ տարակարծութիւնները կը շարունակուին հակամարտութեան դադրեցման ուղղութեամբ՝ մինչ Քիեւի ղեկավարութիւնը կը ջանայ զօրակցութիւն ապահովել այս մթնոլորտին մէջ։
Թուրքիա-Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ (ԱՄԷ) բարձր մակարդակի ռազմավարական խորհուրդի երէկուան հանդիպումը առիթ դարձաւ Մերձաւոր Արեւելքի հրատապ իրադարձութիւններու քննարկման։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Եթէ ուզենք նկարագրել հայրենի կեանքին վերջին վեց-եօթ տարիները, ցաւօք ո՛չ դրական որակումներով կարելի պիտի ըլլայ նկարագրել զանոնք, այլ՝ այսօրուան մեր ակնարկին կրող խորագիրին բառերով՝ ատելութեան, քէնի, ստութեան, որճրագործութիւններու, սրբութիւններու ոտնակոխումի, թշնամութիւններու եւ կորուստներու տարիներ որպէս…:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հերթական անգամ լաւատեսութիւն յայտնեց Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու ապագային համար:
Հայաստան եւ Ատրպէյճան տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հարցին շուրջ հիմնականին մէջ կը քննարկեն ԱՄՆ-ի կողմէ ներկայացուած առաջարկը:
Երեւան Պաքուի հետ խաղաղութեան ճանապարհին որեւէ տարբերակ բաց պիտի չթողու՝ ներառեալ ենթադրեալ պայմանագրի նախաստորագրումը:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Լոյս տեսած է քուէյթաբնակ գործիչ, հրապարակախօս Կիրակոս (Կարօ) Գույումճեանի չորրորդ գիրքը, որ կու գայ ամբողջացնելու հարուստ կենսագրութեամբ եւ նշանակալի ճանապարհ անցած գործչին կեանքը՝ իր ծննդավայր Հալէպէն մինչեւ Քուէյթ, ուր աշխատանքի բերումով ապրած եւ աշխատած է Կիրակոս Գույումճեան։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կը պատմուի, որ տարիներ առաջ, նուիրեալ հոգեւոր ծառայ մը Աստուծոյ Խօսքը տարածելու համար գիւղէ գիւղ կը ճամբորդէր։ Ան նիւթական որեւէ եկամուտ եւ անկնալութիւն ալ չունէր, այլ հաւատացեալներու նուէրներով կ՚ապրէր՝ իր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի պատուէրին համաձայն, թէ. «Ձրի առեր էք, ձրի տուէք…». (ՄԱՏԹ. Ժ 8), «Որովհետեւ մշակը իր կերակուրին արժանի է…». (ՄԱՏԹ. Ժ 9-10)։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Կը շարունակենք կարդալ Ամերիկայի 16-րդ նախագահ Ապրահամ Լինքընի գրած նամակը իր զաւակին ուսուցիչին. «Այս կեանքը ապրելու համար անհրաժեշտ է հաւատք, սէր եւ քաջութիւն»:
ՄԱՀՄՈՒՏ ՏԱՐՈՒԻՇ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
-Գնա՛… եւ եկուր, երբ հաճոյքէն արթննամ:
Քիչ մը հեռացիր ինձմէ, որպէսզի երազը բաժնուի իմ ոսկորներէս:
Ես ծխել սորվեցուցի քեզի, իսկ դուն սորվեցուցիր ինծի ծխախոտին հետ ընկերութիւն ընել:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդուն մէջ կան զանազան զգացումներ՝ որոնք զօրաւոր, որոնք բաղդատաբար տկար։ Զօրաւորներուն կարգին սէրը անվիճելիօրէն առաջնակարգն է, բայց անոր կը յաջորդէ երկրորդ մը՝ բոլորովին հակադիր սիրոյ զգացումին։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ապրահամ Լինքըն իր երկրորդ նախադասութեան վերջաւորութեան կ՚ըսէ, թէ դպրոցը կրնայ իր զաւակը «տանիլ ցամաքամասերէն այն կողմ»: Ցամաքամասէն այն կողմ արտայայտութիւնը իրականութեան մէջ կարելի է բացատրել թէ՛ բառացի եւ թէ վերացական ձեւով:
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ շրջափակին, ամրան շրջանին նոր սերունդի ուղղեալ ծրագիրները կը շարունակուին։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանի շրջանաւարտներէն Առէն Թովմաս Գարթուն յաջողած է մուտք գործել Ռոպերթ քոլէճ։
Ուրախութեամբ կը տեղեկանանք, որ մեր համայնքի արժէքաւոր երիտասարդուհիներէն Ժպիտ Ալլահվերտեան վկայուած է Իսթանպուլի թեքնիք համալսարանի Ուսողութեան ճարտարագիտութեան բաժնէն։