Արխիւ

Երեքշաբթի, Յուլիս 8, 2025

Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ Ռիօ տէ Ժանէյրոյի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։ Անոնք՝ Պրազիլիոյ տանտիրութեամբ կազմակերպուած BRICS-ի գագաթաժողովի շրջանակներէն ներս զրուցեցին։

Երեքշաբթի, Յուլիս 8, 2025

Հայաստանի նախկին մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեան ընկերային ցանցերու վրայ գրառումով մը հանդէս եկաւ երկրի առկայ ներքին քաղաքական իրադրութեան մասին՝ մանաւանդ իշխանութիւններուն կողմէ եկեղեցւոյ դէմ սանձազերծուած արշաւի լոյսին տակ։

Երեքշաբթի, Յուլիս 8, 2025

«Առանց ահաբեկչութեան Թուրքիա» գործընթացէն ներս կ՚ակնկալուին անկիւնադարձային իրադարձութիւններ:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան երէկ Պեշթեփէի համալիրէն ներս ընդունեց ՏԵՄ կուսակցութեան ներկայացուցիչները:

Երեքշաբթի, Յուլիս 8, 2025

ARA KOÇUNYAN

Türkiye Ermeni toplumunda ciddi bir örgütlenme sorunu var. Cemaat yaşamının, kurumsal anlamda güncel gereksinimleri karşılayabilmesi uzun zamandan beri çıkmazda. Var olan kurumların işlevini, yeni zamanların yarattığı önceliklere göre yorumlamak ya da boyutlandırmak, sürekli ara formüller bulmayı gerektirmekte.

Երեքշաբթի, Յուլիս 8, 2025

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հովանաւորութեամբ, Հայ Եկեղեցւոյ համաշխարհային երիտասարդաց միաւորման (ՀԵՀԵՄ) նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած՝ «Քրիստոնեայ ընտանիքը հայ ինքնութեան խարիսխ» համահայկական ուխտագնացութիւնը արդէն հասաւ իր աւարտին։

Երեքշաբթի, Յուլիս 8, 2025

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Խնդրե՛մ, ըսէ՛ք, ի՞նչ պիտի ըլլար ձեր պատասխանը, երբ օր մը ձեր սենեակէն ներս, գրասեղանիդ վրայի համակարգիչին դիմաց նստած, մտածկոտ ու խոհերու մէջ թաղուած, յանկարծ տասը տարեկան ձեր թոռնուհին սենեակ մտնէր, առանց բարեւելու, մօտենար ձեզի եւ բարկացող եւ սակայն անմեղօրէն հարց տար.

Երեքշաբթի, Յուլիս 8, 2025

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում. Յանդիմանութիւնը օգուտ կու տա՞յ մարդուն:
Պատասխան.
Եթէ անկեծ սիրտէ բխած է եւ նպատակ ունի դիմացինին օգուտն ու բարիքը, անշուշտ որ օգուտ կու տայ, բայց, եթէ ուրիշ նպատակներ կը հետապնդէ, ապա ո՛չ թէ օգուտ, այլ՝ կրնայ չարիք ըլլալ:

Երեքշաբթի, Յուլիս 8, 2025

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Յունիս ամսուն Հայաստանի Սիւնիքի մարզի Կապան համայնքին մէջ տեղի ունեցաւ խորտկասիրական զբօսաշրջութեան ուշագրաւ ձեռնարկ մը։ Կապանը հիւրընկալեց խորտկասիրական ճամբար մը, ուր հինգ զանազան երկիրներէ ժամանած Միշլընեան աստղ ունեցող շէֆ խոհարարներ (խոհարարապետներ) մասնակցեցան արշաւի մը՝ նախապէս մշակուած երթուղիով։

Երկուշաբթի, Յուլիս 7, 2025

ARA KOÇUNYAN

Demografik yapısı çoktan alarm veren ve potansiyeli hayli sınırlı Türkiye Ermeni toplumunda, bazı çevreler küçük denizin büyük balığı olmanın dayanılmaz hafifliğinden kurtulamıyor. Bu gözlem, belki ilk bakışta öznel olarak algılanabilir ancak acımasız nüfuz mücadelelerinin son dönemdeki tezahürlerinin ışığında, üzerinde hayli düşünmeye değer bir resim yaratmakta.

Երկուշաբթի, Յուլիս 7, 2025

Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ անուան տօնախմբութիւն։ Կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւններուն նախագահեց Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։

Երկուշաբթի, Յուլիս 7, 2025

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի նախագահեց Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, ուր տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։

Երկուշաբթի, Յուլիս 7, 2025

«Սուրբ Էջմիածինը մեր առջեւ կը բանայ լուսաւորեալ կեանքի ճանապարհը՝ նոր թռիչք տալով ծաղկեալ հոգիներուն»:
ՀԵՀԵՄ-ի կազմակերպած համահայկական երիտասարդաց ուխտագնացութեան մասնակիցները Սուրբ Պատարագի ներկայ եղան Մայր Աթոռի մէջ:

Երկուշաբթի, Յուլիս 7, 2025

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին ցաւակցական այցելութիւն մը տուաւ Կիւլմէզկիլ ընտանիքին։

Երկուշաբթի, Յուլիս 7, 2025

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութեամբ եւ Արէտ-Մոնիք Երկանեան ամոլի նուիրատուութեամբ՝ ծրագրիրը կը համակարգուի Արի Չոլաքի կողմէ:

Երկուշաբթի, Յուլիս 7, 2025

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

Իր գիշերը ունի իւրաքանչիւր քաղաք։ Լուռ, ծանր, եռուն, լուսաւոր, անքուն, միստիք գիշերներ կան իրենց քաղաքներուն պէս։ 
Ապահով ու ճոխ էին մեր Հալէպին,- հին Հալէպին,- գիշերները, որոնք գրկաբաց չգոցուող դռներ էին չար բաներ չակնկալող, վաղուան հոգը երբեք չշալկող, անսահման թոյլտուութեան եւ խաղաղութեան մէջ ամէն բարք ու աւանդոյթ մինչեւ վերջ ապրող ու բանեցնող հայերուս համար։ 

Երկուշաբթի, Յուլիս 7, 2025

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Յուլիսեան արեւը կը չորցնէ հողը․ անձրեւները հազուադէպ դարձած են, որ աւելի կ՚ընդգծէ ամառնային շունչը։ Արտերը կարծես կը բոցավառին, արեւէն չորցած հողին վրայ փոշին երեկոյեան ժամերուն քամիի բերան ինկած՝ կը պարէ ու քաղաքը կը շնչէ ծանր ու մռայլ։

Երկուշաբթի, Յուլիս 7, 2025

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Այսօրուան աշխարհէն ներս, երբ շտապողականութիւնը, աշխատանքային կեանքի շիկացած արագութիւնը եւ ընկերային ցանցերու շարունակական հասանելիութեան պատճառով պարտադրուած նորաձեւ պայմանները երբեմն կը մոլորեցնեն մեր առօրեան, հետեւաբար որոշ մարդիկ գիտակցաբար կ՚ընտրեն առանձնութիւնը։

Երկուշաբթի, Յուլիս 7, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յիսուս Քրիստոս անձամբ մեզի ցոյց կու տայ երանելի մարդոց դասակարգեր՝ որոնք կը ներկայացնեն քրիստոնեայի մը գլխաւոր շնորհները։ Մատթէոսի Աւետարանին Ե. գլխուն 3-12 համարներու մէջ դասուած այս շնորհներուն եօթներորդը կը պատկանի անոնց՝ որոնք խաղաղասէր են եւ խաղաղութիւ կ՚ընեն. (ՄԱՏԹ. Ե 9)։

Երկուշաբթի, Յուլիս 7, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մոգերը մարդկային պատմութեան մէջ կարեւոր դեր ունեցած են դեղագործութեան եւ բժշկութեան ոլորտին մէջ, որովհետեւ մոգերու հաւատացող մարդկութիւնը հաւատացած է, որ շատ մը հիւանդութիւններ որ մարդոց համար բուժելը հնարաւոր չէ, հնարաւոր կրնայ ըլլալ անտեսանելի ուժերու համար, այդ իսկ պատճառով իրենց հիւանդութիւններուն համար դիմած են մոգերու: 

Երկուշաբթի, Յուլիս 7, 2025

Անգարա-Թեհրան առանցքին վրայ այս շրջանին խտացած են բարձր մակարդակի շփումները։ Իսրայէլ-Իրան պատերազմին յաջորդած իրավիճակին մէջ Թուրքիոյ եւ Իրանի միջեւ խորհրդակցութիւնները թափ ստացած են։

Էջեր