Արխիւ
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
«Հովիւ Եդեմի Հայոց» ծածկանունով Կարապետ Քհնյ. Գալֆայեանը «Հայկական զրոյցներ» խորագրով գիրքը հրատարակած է 1944-ին, Լոս Անճելըս: Հատորին նախաթերթիկէն կը տեղեկանանք, որ գիրքին վաճառքէն գոյացած հասոյթը յատկացուած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Էջմիածին» հանդէսին:
ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1903)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ամուսնութիւնը չափազանց պատասխանատու գործ է:
Իւրաքանչիւր ամուսնացող պարտաւոր է հարիւր անգամ կշռել այս խնդիրը, ծանր եւ թեթեւ ընել, տեսնել, թէ արդեօք ինք ընդունա՞կ է առողջ երեխաներ արտադրելու, թէ ոչ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Ի՞նչ կը պատահի այն մարդուն, որ իր ունեցուածքով, բերք ու բարիքով Տէրը կը պատուէ:
Պատասխան. Տէրը պիտի պատուէ քու ստացուածքովդ եւ քու բոլոր բերքերուդ երախայրիներով եւ քու շտեմարաններդ առատութիւնով պիտի լեցուին ու հնձաններէդ նոր գինին դուրս պիտի թափի (Առ 3.9-10):
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Եթէ մեր նախահայրերուն դրած օրէնքներն ու կանոնները համեմատենք մեր առօրեայ կեանքին հետ՝ վստահ կրնանք ըլլալ, որ բոլո՛րս ալ ձախողած ենք, իսկ կրօնական օրէնքներու պարագային՝ արժանի գեհենի:
Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իլհամ Ալիեւի միջեւ նոր հանդիպման մը հեռանկարը ուրուագծուած՝ հորիզոնին վրայ:
Երեւանէն միշտ կը բարձրաձայնուի, որ հայկական կողմը կը հրաժարի «Զանգեզուրի միջանցքի» մասին բանակցելէ:
Առանձին, մայր բնութեան ծոցին մէջ՝ մարդը... Երբեմն այնքան թեթեւ, երբեմն ալ մտքերով այնքան ծանր, որ կարծես անշարժունակ կը դառնայ։ Զանգուածին մէջ միսմինակ է մարդ երբեմն, իսկ երբեմն ալ առանձնութեան պահերու խոհերը զինքը կրնան առաջնորդել երեւակայական բազմութիւններու մէջ։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Ոմանց կը թուի, թէ հայ ազգի, հայոց պետականութեան համար ներկայ անորոշ ու խիստ վտանգաւոր ժամանակաշրջանին՝ հայոց եկեղեցին, հոգեւորականութիւնը մատնուած են անգործութեան: Չարաչար կը սխալինք: Եկեղեցին ու հոգեւորականութիւնը օր ու գիշեր կը տանին քրտնաջան աշխատանք:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Կասկած չկայ, որ ինծի նման շատ շատեր նոյն զգացումը կրնան ունենալ: Այսպէս, կը պատահի, որ օր մը որոշած ես ներկայ գտնուիլ հրապարակային նախաձեռնութեան մը, պարահանդէսի մը, հարսանիքի, պսակի եւ կամ՝ յուղարկաւորութեան:
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Հայաստանի վարչապետին եւ Թուրքիոյ նախագահին միջեւ կայացած հեռաձայնային փոխշնորհաւորանքները լայն հնչեղութիւն ապահոված են եւ կը ձգեն այն տպաւորութիւնը, թէ գործընթացը արագ է՝ արդիւնքներու յանգելու ուղղութեամբ:
Գալիֆորնիոյ պետական համալսարանի հրատարակչատան հայկական մատենաշարի 16-րդ հատորը:
Վարդան Մատթէոսեան եւ Արծուի Բախչինեան կը ներկայացնեն «շամախեցի պարուհիին»՝ Արմէն Օհանեանի ոդիսականը:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Փրակ, ուր կը հիւրընկալուի Չեխիոյ Արտաքին գործոց նախարար Եան Լիփավսքիի եւ Ծերակոյտի նախագահ Միլոշ Վիսթըրչիլի կողմէ։ Հարկ է նշել, որ Չեխիա այս շրջանին Եւրոմիութեան շրջանային նախագահ երկիրն է։
Նիկոլ Փաշինեան եւ Էնթընի Պլինքըն անդրադարձան նաեւ Անգարա-Երեւան բնականոնացման գործընթացին:
ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարը հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Հայաստանի վարչապետին եւ Ատրպէյճանի նախագահին հետ:
Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը կը շարունակէ օրակարգը առաջնահերթօրէն զբաղեցնել՝ մէկ կողմէ թեր ու դէմ կարծիքներով եւ քաղաքական բանավէճով, իսկ միւս կողմէ նաեւ զանազան գործնական քայլերով։ Այսպէս, Թուրքիոյ եւ Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչները՝ Սերտար Քըլըչ եւ Ռուբէն Ռուբինեան Վիեննայի իրենց վերջին հանդիպման ժամանակ պայմանաւորուած էին, որ սահմանը բացուի երրորդ երկիրներու քաղաքացիներուն համար։
Պոլսահայ հոգեւորականաց դասու երկու նորաօծ հայրերով լրամշակումը այս օրերուն ուրախութեան առիթ դարձած է համայնքային շրջանակներէն ներս։ Պատրիարքական Աթոռի ջանքերով հասած ու պատրաստուած նորաօծ հոգեւոր հայրերը յառաջիկայ շրջանին արդէն ծառայութեան պիտի կոչուին մեր եկեղեցւոյ մէջ։
Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան կողմէ հրապարակուած նոր կանոնադրութեան զուգահեռ՝ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներէն ներս նախապատրաստական աշխատանքները աստիճանաբար թափ կը ստանան իրենց վարչական խորհուրդներու ընտրութիւններու կազմակերպման ուղղութեամբ։ Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին մէջ ալ այս խնդիրը ներկայիս առաջնահերթութիւն է։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
2020-ի պատերազմին հետեւանքով հայաթափուած եւ Ատրպէյճանի հսկողութեան տակ անցած բազմաթիւ գիւղերէն է պատմական Տումին, որ երբեք Ատրպէյճանին չէ պատկանած՝ ինչպէս Հադրութի գիւղերը, որոնք նոյնպէս փշալարերէն անդին են:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Շատ արծարծուած նիւթերէն է քաղաքականութեան ու բարոյագիտութեան կապը եւ շատ յաճախ քաղաքականութիւնը եւ ընդհանուր քաղաքագիտութիւնը դասակարգուած են շատերու կողմէ՝ որպէս ամենաանսկզբունք եւ շահադիտական ոլորտներէն ու գիտութիւններէն մին:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Սուրբերու յիշատակութենէն ետք կը կատարուին գործող եպիսկոպոսապետին, թեմակալ առաջնորդին եւ պատարագիչ քահանային անուան յիշատակութիւնները, իսկ աւելի ետք սուրբ սեղանին սպասարկող սարկաւագներն ու դպիրները բարձրաձայն եւ եղանակաւոր կ՚երգեն. «Մեր Տէր Աստուած, գոհութիւն եւ փառաբանութիւն կը մատուցենք Քեզի այս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին համար, որ այս սուրբ սեղանին վրայ է:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հպարտութիւնը ունիմ արդէն իսկ մէկ տարի միտքերս մրոտելու դարաւոր ա՛յն թերթին մէջ, ուր ստեղծագործած են Օտեաններ, Զօհրապներ, Զապէլ Եսայեաններ, Ռուբէն Զարդարեաններ եւ բազմաթի՛ւ ուրիշներ, որոնց անունը հպարտութեամբ ցայսօր կը յիշենք՝ որպէս հայ գրականութեան տիտաններ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Թէեւ եւրոպական երկիրները այժմ բարեկիրթ ու քաղաքակիրթ ժողովուրդ ներկայանալով խստիւ կը դատապարտեն ծեծն ու բռնութիւնը, մինչ տարիներ առաջ՝ 1963 թուականին զուիցերացի հեղինակաւոր մանկավարժ մը կը յայտարարէր. «Ծեծը անհրաժեշտութիւն մըն է դպրոցին մէջ: