Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սա յայտնի իրողութիւն է, թէ մարդկային միտքը որքան զարգանայ, նոյնքան կը փոխուին ապրելակերպեր, սովորութիւններ։ Ուստի մարդկային կեանքը կը փոխուի մարդուն արձանագրած մտային յառաջդիմութեան համեմատ։
Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ասկէ ետք Աւետարանիչը կը ճառէ հերձուածներուն մասին, որ այս խօսքերուն պատճառով՝ ժողովուրդին մէջ ինկաւ:
Խօսք. «Ոմանք կ՚ըսէին ասիկա է ճշմարիտ մարգարէն» (տե՛ս Յհ 7.40):
Վիեննայի մէջ երէկ երեկոյեան ահաբեկչական սահմռկեցուցիչ դէպք մը տեղի ունեցաւ։ Աւստրիոյ մայրաքաղաքի սրտին վրայ հազարաւորներ մնացին փամփուշտներու տարափի տակ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ նախագահական ընտրութիւն։ Անխուսափելի թեկնածուներն են՝ այժմու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ նախկին փոխ-նախագահ Ճօ Պայտըն։
Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմը կը շարունակէ միջազգային բեմահարթակի վրայ անմիջական ուշադրութեան առարկայ դառնալ։ Վերջին օրերուն Պերլինի մէջ բարձր մակարդակի վրայ քննարկում մը տեղի ունեցաւ այս տագնապին շուրջ։
Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմի մթնոլորտին մէջ Հայաստանի եւ Ռուսաստանի շփումները կը շարունակեն առանցքային նշանակութիւն ներկայացնել։
Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմը կը շարունակուի ծանրածանր հետեւանքներով։ Արցախի Պաշտպանութեան բանակի աղբիւրները երէկ օրուայ մէջ հաղորդեցին, որ Ատրպէյճանի բանակը հանգուցային երկու դիրքերու ուղղութեամբ իրականացուցած է յարձակումներ, որոնք չէզոքացուած են։
Իրանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Ապպաս Արաքչի յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին վերաբերեալ Թեհրանի նախաձեռնութեան նպատակն է հակամարտութիւնը կարգաւորել տարածքաշրջանային համագործակցութեան միջոցաւ։ Ան շաբաթավերջին աւարտեց իր ուղեւորութիւնը՝ դէպի Պաքու, Մոսկուա, Երեւան եւ Անգարա։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան շաբաթավերջին ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկաւ գրառումով մը, որով շեշտեց, որ Ատրպէյճան բռնութիւնը կը շարունակէ Արցախի դէմ, կ՚ոչնչացնէ խաղաղ բնակչութիւնը եւ կը կիրառէ արգիլուած զէնքեր։
Ըստ Իլհամ Ալիեւի, Ատրպէյճան կողմնակից չէ երրորդ երկիրներու հակամարտութեան միջամտելուն:
Անգարա-Պաքու առանցքին վրայ զօրակցութիւնը կը շարունակուի Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի պայմաններուն ներքեւ:
Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմը շաբաթավերջին շարունակուեցաւ թափով, ռազմաճակատի բոլոր ուղղութիւններով։ Արցախի Պաշտպանութեան բանակի աղբիւրները այս առաւօտ հաղորդեցին, որ գիշերը ռազմաճակատի զանազան ուղղութիւններու վրայ մարտական գործողութիւնները ընթացած են տարբեր խտութիւններով։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) «Եւրոպայի երիտասարդութիւնը յանուն Արցախի անկախութեան ճանաչման» նախաձեռնութեան պատուիրակութիւնը։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ եւ Կեդրոնական վարժարանի տարեկան մատաղօրհնութիւնը։ Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Յարութիւն Էպէօղլու եւ իր գործակից ընկերները հիւրընկալեցին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։
ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ
Աշնան թօնուտ օր էր երէկ: Հեռատեսիլի բաց պզտիկ պատուհանէն կը հետեւէի հայրենի Արցախի մէջ թաւալող կռիւներուն, կարծէք հնարուած պատերազմի մը պատկերները կը տողանցէին:
ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ
Բանաստեղծուհի Մարուշ Երամեան ծնած է Հալէպ: Աւարտած է Քարէն Եփփէ ազգային ճեմարանը, իսկ այնուհետեւ Պէյրութի եւ Քաշանի (Ֆրանսա) բարձրագոյն երաժշտանոցները որպէս դաշնակահար:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լեռնային Ղարաբաղի ռազմական գործողութիւններու կողքին տեղի կ՚ունենան բաւական աշխոյժ դիւանագիտական տեղաշարժեր։ Նախ սկսինք հոնկէ, որ շաբաթ մը առաջ Միացեալ Նահանգներու կողմէ առաջարկուած հրադադարը յար եւ նման Մոսկուայի մէջ ընդունուած, աւելի վերջ ալ «հաստատուած» երկու հրադարարներուն՝ «մեռեալ ծնունդ» էր։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Անցեալ տարուայ Օսքարի մրցանակի «Օտարալեզու լաւագոյն շարժանկարը» անուանակարգի թեկնածուներէն լիբանանեան «Կափառնաում» (կը նշանակէ քաոս) կը բացայայտէ տարածքաշրջանի ողբերգական եւ զարհուրելի վիճակը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Բնաւ ուշադրութիւն ըրա՞ծ էք սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, եթէ մեր զբաղումները իրապէս կարեւոր գործերու վրայ չկեդրոնացնենք, փոքր եւ անկարեւոր, անշահ գործերու մեծ կարեւորութիւն կ՚ընծայենք։
Եգէականի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ սաստիկ երկրաշարժ մը, որու հետեւանքով մեծ ցնցում մը յառաջացաւ Իզմիրի մէջ։ Ռիխթերեան չափանիշով 6.9 սաստկութեամբ այս երկրաշարժը աւերներ գործեց նաեւ Յունաստանի մէջ։
ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդը կրնայ դարձեալ քննարկել Լեռնային Ղարաբաղի հարցը։ ՄԱԿ-ի մօտ Ռուսաստանի մշտական ներկայացուցիչ դեսպան Վասիլի Նեպենզիա յայտնեց, որ եթէ հակամարտութեան գօտիէն ներս իրավիճակը սրուի, ապա նոր քննարկում մը տեղի կրնայ ունենալ։